Ֆրանչիսկոս Պապ 7 Մայիսին կ՛այցելէ Հիւսիսային Մակեդոնիան Ֆրանչիսկոս Պապ 7 Մայիսին կ՛այցելէ Հիւսիսային Մակեդոնիան 

«Մի վախնար փոքրիկ հօտ » Ֆրանչիսկոս Պապին Հիւսիսային Մակեդոնիա առաքելական այցելութիւնը։

Քահանայապետական 29-րդ ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ 7 Մայիսին կ՛այցելէ Հիւսիսային Մակեդոնիան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ինչպէս յայտնէ է յառաջիկայ օրերուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քահանայապետութեան առաքելական 29-րդ ճամբորդութեան ծիրէն ներս, 5էն 7 մայիսին, պիտի այցելէ նախ Պուլկարիան ապա Հիւսիսային Մակեդոնիան հետեւեալ երկու բնաբաններով «Խաղաղութիւն  երկրի վրայ» եւ «Մի վախնար փոքրիկ հօտ»։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ այս երկու երկիներուն մէջ կաթողիկէները կը կազմեն փոքրամասնութիւն մը Պուլկարիոյ բնակչութեան միայն մէկ առ հարիւրը կաթողիկէ են ու Հիւսիսային Մակեդոնիայի մէջ կ՛ապրին միայն 20 հազար կաթողիկէ հաւատացեալներ։

Հիւսիսային Մակեդոնիա կատարած միօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպելէ ետք երկրին քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն յատուկ   այցելութիւն պիտի կատարէ Կալկաթայի Սրբուհի Մայր Թերեզայի յուշահամալիր  ուր հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ աղքատներուն հետ։ Սրբազան Պապը հուսկ Մակեդոնիա անուան հրապարակին վրայ պիտի մատուցէ Սուրբ պատարագը մինչ յետմիջօրէին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ համամիութենական ու միջ կրօնական հաւաքի մը որուն կը մասնակցին նաեւ երիտասարդները։

Ֆրանչիսկոս Պապին Հիւսիսային Մակեդոնիայի առաքելական ճամբորդութեան վերջին հանդիպումը նախատեսուած է տեղական կղերական դասին ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ, տրուած ըլլալով որ այնտեղ ծառայող քահանաներուն շատերը ամուսնացեալ քահանաներ են։

Առ ի պատրաստութիւն Նորին Սրբութեան Հիւսիսային Մակեդոնիա առաքելական ճամբորդութեան հաւատացեալները հրաւիրուած են աղօթելու հետեւեալ աղօթքը.

«Հայր մեր, Երկնքի Աստուած, շնորհակալ ենք Քեզի, որովհետեւ, Ֆրանչիսկոս Պապին Քու Եկեղեցւոյդ եւ Ժողովուրդիդ այցելութեան միջոցաւ, մեզի շնորհք  կը պարգեւես։

 Լսէ մեր աղօթքը. Շնորհք պարգեւէ Սրբազան Քահանայապետին որպէսզի մեզ ամրապնդէ հաւատքին մէջ, մեզ քաջալերէ յոյսով եւ միացնէ սիրոյ մէջ, որպէսզի մեր հայրենիքին մէջ ապրինք խաղաղութեամբ եւ  հաշտութեամբ։

Օրհնէ Տէր մեր երկիրը որպէսզի մենք կարենանք աճիլ ճշմարտութեան ու հաղորդութեան մէջ ու յառաջանալ բարութեան մէջ Քու Փառքիդ համար։ Որովհետեւ դուն Սուրբ ես ու կը բնակիս սուրբերուն մէջ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2019, 10:37