Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Պուլկարիոյ մէջ այցելեց Պատրիարք Նէոֆիթին եւ Սուրբ Սինոդի անդամներուն:

Պուլկարիոյ՝ հանդիպումի երկրին մէջ ջերմօրէն հիւրընկալուեցան կրօնական տարբեր դաւանանքներ՝ սկսեալ Հայերէն մինչեւ աւետարանական եկեղեցւոյ հաւատացեալներ:

Կիրակի, 5 մայիսին, Պուլկարիոյ քաղաքական իշխանութիւններուն եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներու հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Պուլկարիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ Նէոֆիթ Պատրիարքին եւ Սուրբ Սինոդին անդամներուն, Պուլկարիոյ Սինոդի պալատէն ներս:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ճառին սկիզբը Ֆրանչիսկոս  Պապ ողջունեց ներկաները Յարուցեալ Քրիստոտի ուրախութեան խօսքով:
Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Թոմաս առաքեալին վրայ, որուն ծիսական տօնը կը նշուի Արեւելեան եկեղեցիներէն ներս, Սուրբ Զատկուան յաջորդող կիրակի օրը:

«Սուրբ Թոմաս առաքեալը տիրոջ վէրքերուն դպչելով ըսաւ - Տէր իմ Աստուած իմ- »: յարեց Սրբազան հայրը աւելցնելով, որ պատմութեան հոլովոյթին, քրիստոնեաներուն միջեւ բացուած վէրքերը, Քրիստոսի մարմնի՝ եկեղեցւոյ պատճառուած ցաւալի վէրքեր են, որոնց հետեւանքներուն՝ մինչեւ այսօր մեր ձեռքերով կը դպչինք: Վէրքեր, որոնց միասնաբար դպչելով ու միասնաբար Քրիստոսի Յարութիւնը  դաւանելով, կրնանք ներողամտութեան ուրախութիւնը վերագտնել եւ նախահամը զգալ այն օրուան, ուր Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի կարենանք միեւոյն խորանին վրայ Զատկուան խորհուդը նշել: Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ: 

Ան ապա ակնարկեց Պուլկարիոյ մէջ յանուն Քրիստոսին, անթիւ քրիստոնեաներու կրած տառապանքներուն, նշելով որ սա արեան համամիութիւն է :  Անդրադառնալով  շատ փափաքած Պուլկարիա կատարած սոյն այցելութեան Ֆրանչիսկոս Պապ    նշեց թէ այս այցելութիւնը կը յաջորդէ Սուրբ Յովհաննէս  Պօղոս Բ Պապին՝ Մաքսիմ պատրիարքին տուած այցելութեան, որ կատարեց Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապի շուքին ներքեւ:

Խօսելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ Սուրբ Պապը շատ սիրահարուած էր Պուլկարացի ժողովուրդի պարզունակ կենցաղին:
Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին կամքով սկիզբ առաւ Տիեզերական Վատիականեան Բ ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Պուլկարիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ յատուկ դիտորդներ եւ այդ ժամանակէն ի վեր Կաթողիկէ եւ Պուլկարիոյ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները բազմապատկուած են ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ իր խնդակցութիւնը յայտնեց Պուլկարիոյ մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն նկատմամբ վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար, դիտել տալով որ վերջին տարիներուն, տեղական կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ գործակցութիւնը ամրապնդուած է : Ան ապա մաղթանք յայտնեց, որ Աստուծոյ օգնութեամբ՝ Կաթողիկէ եւ Պուլկարիոյ եկեղեցիներուն միջեւ այդ կապերը դրականօրէն ազդեցութիւն բանեցնեն երկու եկեղեցիներուն երկխօսութեան վրայ, դիտել տալով որ բոլորս կանչուած ենք միասնաբար քալելու ու գործելու՝ Տէրը վկայելու, ծառայելով յատուկէն աղքատներուն, մոռացութեան մատնուածներուն, որոնց մէջ ներկայ է Յիսուս, ընդգծելով թէ սա «աղքատին համամիութիւնն է» :

Նորին Սրբութիւնը ապա յայտնեց թէ երկու եկեղեցիներուն ուղեւորութիւնը որպէս առաջնորդ ունեցած են Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբերը, որոնք Կաթողիկէ եւ Պուլկարիոյ եկեղեցիներուն կապերը ամրապնդած են ՝ առաջին հազարամեակէն ի վեր, եւ որոնց յիշատակը կենդանի է երկու եկեղեցիւներուն մէջ:

Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբերը ներշնչումի աղբիւր են երկու եկեղեցիներուն համար, որոնք Տիրոջ աւետումը ՝առաջնակարգ նկատած են,  առաքելութեան կոչումը՝ հակառակ երկու եկեղեցիներու միջեւ տիրած անհասկացողութիւններուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց նաեւ թէ Բիւզանդական մշակոյթի պատկան Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերը քաջութիւնը ունեցան Սուրբ Գիրքը Սլաւ ժողովուրդներուն  թարգամնել, որպէսզի Աստուածային խօսքը կանխէ մարդկային խօսքերուն, դիտել տալով որ Անոնց առաքելական քաջութիւնը բոլորին համար կը մնայ աւետարանումի տիպար:

Երկու սուրբերը մեզի ըսելիք շատ բաներ ունին՝ նամանաւանդ եւրոպայի ապագային հայող: Մենք եւս որպէս այս երկու սուրբերու ժառանգորդները, կանչուած ենք հաղորդութեան դերակատարները դառնալու, խաղաղութեան գործիքներ յանուն Յիսուսին:
Պուլկարիոյ ՝ հանդիպումի եւ փոխըմբռնումի երկրին մէջ ջերմօրէն հիւրընկալուեցան կրօնական տարբեր դաւանանքներ՝ սկսեալ Հայերէն մինչեւ աւետարանական եկեղեցւոյ հաւատացեալներ. ինչպէս նաեւ տարբեր կրօններ՝ հրէաներէն մինչեւ մահմետականներ:
Կաթողիկէ եկեղեցին մեծ յարգանքով հիւրընկալուեցաւ Պուլկարիոյ մէջ եւ ասոր Համար երախտապարտ եմ ձեզի Նորին Սրբութիւն Եւ Սուրբ Սինոդ՝ այս բարեացակամութեան համար ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ան ապա եզրափակեց իր խօսքը ապահովցնելով իր աղօթքը Պուլկարիոյ Պատրիարքին, սիրելի հաւատացեալներուն,՝ «արեան համամիութեանական ուղեւորութեան ճամար ինչպէս նաեւ աղքատին եւ առաքելութեան համամիութենական ուղեւորութեան համար:»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2019, 11:34