Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Սրբուհի Մայր Թերեզայի յուշահամալիր

Ֆրանչիսկոս Պապ պաւ աղօթեց Սրբուհի Թերեզայի կարգ մը անձնական արարականներն ու կրօնական դաւանքները խորհրդանշող վառած հինգ մոմերը զետեղուած խորանին դիմաց:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 7 մայիսին, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ նախագահական պալատին մէջ երկրի քաղաքացիական եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ հանդիպելէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Սքոփժէ քաղաքին մէջ գտնուող Սրբուհի Մայր Թերեզայի յուշահամալիր:

Յուշահամալիր ժամանումին ֆրանչիսկոս Պապ դիմաւորուեցաւ Մայր Թերեզայի միաբանութեան երեք մայրապետներուն եւ մանուկի մը կողմէ ՝ այս վերջինը Նորին Սրբութեան նուիրելով բունջ մը ծաղիկ:
Ֆրանչիսկոս Պապ մանուկի կողմէ ստացած ծաղիկները զետեղեց Սրբուհի Թերեզայի արձանին դիմաց, որմէ ետք ուղղուեցաւ յուշահամալիրին մատուռ՝ ուր հաւաքուած էին երկրի կրօնական հասարակութիւններուն ղեկավարներն ու անոնց ընկերացողները - ինչպէս նաեւ Սրբուհի Թերեզային երկու զարմիկները:

Ֆրանչիսկոս Պապ պահ մը լռութեան մէջ ամփոփուելով աղօթեց մատրան խորանին դիմաց ուր՝  զետեղուած էին Սրբուհի Թերեզայի կարգ մը անձնական արարականներ եւ կրօնական դաւանքները խորհրդանշող վառած հինգ մոմեր:
Աղօթքի սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց Ողորմած եւ Ամենաբարի Աստուծոյ Սրբուհի Մայր Թերեզայի կեանքի ու խարիզմի պարգեւին համար: Ան ապա Մայր Թերեզայի յատուկ բարեխօսութիւնն ու օգնութիւնը հայցեց Սրբուհիին ծննդավայրին քաղաքին մէջ գտնուող աղքատներուն համար:
«Սրբուհի Մայր Թերեզա , աղօթէ այս քաղաքին ու եկեղեցւոյ համար եւ բոլոր անոնց որոնք կ՝ուզեն հետեւիլ Քրիստոսին իբրեւ Անոր Առաքեալները ու բարի հովիւները արդարութեան, սիրոյ,գթութեան խաղաղութեան, ծառայութեան գործեր կատարելով, նման Յիսուս Քրիստոսին որ աշխարհ եկաւ ոչ թէ ծառայութիւն ստանալու այլ ծառայելու եւ շատերուն կեանք շնորհելու: Ամէն : ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ  առթիւ արտասանած աղօթքին աւարտին ::

Ան ապա  ողջունեց հաւաքի ներկայ գտնուող  կրօնապետերը, Սրբուհի Թերեզայի զարմիկները ապա ուղղուեցաւ յուշահամալիրի գաւիթ՝ ուր ներկայ էին Սիրոյ միսիոնարուհին քոյրերու հոգածութեան տակ գտնուող 100 աղքատներ:
Աղքատներուն հետ հանդիպումի սկիզբը, խօսք առաւ Սրբուհի թերեզայի միաբանութեան մեծաւորուհին,վկայութիւններ տուաւ կեդրոնի աղքատ մը, կատարուեցաւն մի քանի երգեր, որոնց աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց Մայր Թերեզայիի սրբավայրին կառուցման առաջին քարը:

Աղքատներուն հետ հանդիպումը վերջ գտաւ ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութիւնով, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Մակեդոնիա անուան հրապարակ ուր մատուցեց Սուրբ Պատարագ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2019, 10:57