Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը գաղթական մանուկներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը գաղթական մանուկներուն հետ 

Պուլկարիոյ մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց գաղթականներու մէկ կեդրոնը։

Գաղթավայրին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ այնտեղ ապաստան գտած Իրաքցի եւ Սուրիացի 50 պատանիներուն հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պուլկարիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը, երկուշաբթի, 6 մայիսին, տեղական ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 8,125-ին (Հռոմի ժամով 7,25) , ֆրանչիսկոս Պապ, Պապական Նուիրակի պալատէն ինքնաշարժով  փոխադրուեցաւ Սոֆիայի արուարձանները գտնուող «Վրազհտէպնա» անուան գաղթավայր, առանձնական հանդիպում ունենալով գաղթավայրին մէջ գտնուող 50 գաղթականներուն հետ ու յատկապէս այնտեղ ապաստան գտած Իրաքցի եւ Սուրիացի պատանիներուն հետ:

Յիշեալ գաղթավայրը բացուած է 2013-ին: Սկզբնական շրջանին դպրոց մըն էր ապա վերածուած է գաղթականներու կեդրոնի, հանդիսանալով Պուլկարիոյ մէջ գաղթականներուն համար յատկացուած մեծութեամբ երրորդ կառոյցը: Գաղթավայրին մէջ գտնուող գաղթականներուն հոգածութիւնը յանձնուած է երեք միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, որոնց շարքին Պուլկարիոյ Կարմիր Խաչը:

Գաղթավայր ժամանումին, ֆրանչիսկոս Պապ  դիմաւորուեցաւ կեդրոնի եւ Քարիթասի ընդհանուր տնօրէնին կողմէ: Ան ապա  ուղղուեցաւ կեդրոնի սեղանատուն ուր հանիդպում  ունենացաւ խումբ մը գաղթական մանուկներուն ու անոնց ընկերացող հարազատներուն հետ:

Ֆրանչիսկոս Պապի ի պատիւ ողջոյնի բարի գալուստի խօսքէն ետք՝ արտասանուած կեդրոնին կամաւորի մը կողմէ, խուբ մը մանուկներ  բունջ մը երգեր ներկայացուցին, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը հակիրճ խօսք մը ուղղեց ներկաներուն ապա տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակումը:

Վերոնշաել այցելութեան առթիւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի, Վատիկան Նիուզ վատիկանեան լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշեց թէ Գաղթականներուն ուղղած իր հակիրճ խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղեւորութիւնը նկատեց ցաւալի, ապա շեշտեց թէ «գաղթականներու եւ փախստականներու աշխարհը այսօր կը նմանի խաչին, մարդկութեան խաչը ու այդ խաչը տառապող բազմաթիւ մարդիկն են»։ Ճիզոթթի նշեց նաեւ թէ «Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց մանուկներուն ու անոնց ընտանիքներուն իրենց այս ճանապարհ խաչի ընթացքին ցուցաբերած բարի կամքին համար, հուսկ անոնցմէ խնդրեց որ զինք յիշեն իրենց աղօթքներուն մէջ. «Եւ մենք գիտենք թէ որքան կարեւոր են աղօթքները Քահանայապետին համար ու յատկապէս այս տառապանքի մէջ գտնուոյ անձերուն աղօթնքերը» աւելցուց Ճիզոթթի։  

Գաղթականներուն հետ ունեցած  հանդիպումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ Սոֆիայի միջազգային օդակայան՝ որտեղէն մեկնեցաւ Փլովտիվ քաղաք որ իր 365,000 բնակչութեամբ, Պուլկարիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաքներէն մին է։ Յիշեալ քաղաքի Ռաքովսքի շրջանի Յիսուսի Սուրբ Սիրտ անուան եկեղեցւոյ մէջ, Սրբազան Հայրը կը նախագահէ 242 մանուկներուն առաջին սուրբ Հաղորդութեան սուրբ Պատարագի արարողութեան:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2019, 08:00