Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Չինաստանի կաթողիկէներուն։

24 մայիսին տօնն է <<քրիստոնեաներուն օգնութիւն>> Տիրամօր, որ յատուկէն մեծարուած է Չինաստանի մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 22 մայիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տուած ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց ըսելով-

Ունկնդրէ լուրը

«Յառաջիկայ 24 մայիսին, - Քրիստոնեաներու օգնութիւն - երանելի Սուրբ Կոյս Մարիամի տօնն է , որ յատուկէն մեծարուած է Չինաստանի Շանկայ քաղաքի Sheshan” տիրամօր նուիրուած սրբավայրէն ներս:
Օգտուելով այս գեղեցիկ առիթէն իմ յատուկ մօտիկութիւնն ու գորովս կը յայտնեմ Չինաստանի բոլոր կաթողիկէներուն, որոնք իրենց առօրեայ յոգնութիւններու եւ դժուարութիններուն մէջ կը շարունակեն՝ հաւատալու, վկայելու եւ սիրելու:

Չինաստանի Սիրելի հաւատացեալներ, Մեր երկնաւոր Մայրը թող բոլորիդ օգնէ՝ սիրոյ, եղբայրութեան վկաները ըլլալու եւ միշտ միացած մնաք տիեզերական եկեղեցւոյ հաղորդութեան մէջ: Ձեզ կ՝օրհնեմ ապահովուելով իմ աղօթքս ձեզի բոլորիդ համար»:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2019, 10:19