Մարոնիթներու երբեմնի Պատրիարք Նասրալլա Պութրոս Սֆէյր Մարոնիթներու երբեմնի Պատրիարք Նասրալլա Պութրոս Սֆէյր 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիրը Մարոնիթներու Պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրի մահուան առթիւ:

«Լիբանանի պատմութեան մէջ պիտի մնայ մեծ դէմք , Խաղաղութեան եւ հաշտութեան վճռակամ արհեստաւոր»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Երեքշաբթի, 14 մայիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ցաւակցական գիր յղեց Մարոնիթներու Ռայի Պատրիարքին, Նասրալլա Պութրոս Սֆէյր վաստակաւոր Պատրիարքի մահուան առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը ցաւակցականին մէջ կը գրէ.

«Տրտմութեամբ իմացանք 99ամեայ Գերերջանիկ Կարդինալ Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրի, Մարոնիթներու վաստակաւոր պատրիարքի մահուան լուրը։ Ձեզի կ՚ուղղեմ իմ խորին ցաւակցութիւններս, ինչպէս նաեւ անոր ընտանիքին եւ Մարոնիթներու պատրիարքութեան, զոր ան ղեկավարեց բազմաթիւ տարիներ՝ ազնուութեամբ եւ վճռակամութեամբ։ Իբր ազատ եւ քաջարի մարդ մը, կարդինալ Սֆէյր իր առաքելութիւնը կատարեց անկայուն ժամանակներու մէջ, եւ եղաւ միութեան, խաղաղութեան եւ հաշտութեան վճռակամ արհեստաւոր մը։ Բուռն պաշտպան իր երկրի գերիշխանութեան եւ անկախութեան, ան Լիբանանի պատմութեան մէջ պիտի մնայ իբր մեծ դէմք։ Կը խնդրեմ ողորմած Հօրմէ որ այս իմաստուն եւ եռանդուն հովիւը, որ գիտակցեցաւ Աստուծոյ սէրը հաստատել իրեն վստահուած ժողովուրդին մէջ, ընդունի Իր խաղաղութեան եւ լոյսի օթեւաններու մէջ։ Գերերջանիկ Պատրիարքիդ կ՚ուղղեմ սփոփանքի առաքելական օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ հանգուցեալ կարդինալի ընտանիքին եւ հարազատներուն, բոլոր անհատներուն որոնք անոր ընկերակցեցան վերջին տարիներուն եւ անոնց որոնք պիտի մասնակցին յուղարկաւորութեան արարողութեան։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2019, 12:35