Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Քարոզը Պուլկարիոյ մայրաքաղաքին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին:

Քրիստոնեայ ըլլալը կը նշանակէ, կոչում այն վստահութեան որ Աստուծոյ Սէրը՝ մեղքէ եւ ամէն սահմաններէն աւելի բարձր է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 5 մայիսին, Պուլկարիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, ֆրանչիսկոս Պապ , Պուլկարիոյ Սոֆիոյ մայրաքաղաք Առաքելական Պալատին մէջ կատարած ճաշի փոքրիկ դադարէն ետք, յետմիջօրէին, տեղական ժամանակացոյցով՝ 4,10-ին, ուղղուեցաւ «Քնյազ Ալեքսանատար» անուան հրապարակ նախագահելու համար այս առթիւ կազմակերպուած Սուրբ Պատարագի արարողութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Իտալերէն եւ Պուլկարերէն լեզուով մատուցած Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին ներկայացուցած քարոզին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց հաւատացեալնեը ՝ Քրիստոս Յարութեան բարի լուրով:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր: Քրիստոս Յարեաւ:
Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումի վրայ ուր կը խօսուի Յիսուսի Հրաշափառ Յարութեան մասին ներկայացուց Առաքեալներու կեանքը բնորոշող երեք գեղեցիկ իրականութիւններ. Աստուած կը կանչէ, Աստուած կը սիրէ, Աստուած կը զարմացնէ :

Աստուած կը կանչէ: Յիսուս, Գալիլիոյ գետեզերքին մօտ, Պետրոսին կանչեց իրեն հետեւելու, խնդրելով , որ ձկնորսութեան աշխատանքը ձգէ՝ մարդոց ձկնորսներ դառնալու համար: Սուրբ Պետրոս սակայն, Վարդապետին մահը տեսնելէ ետք՝ հակառակ Յիսուսի Յարութեան աեւտումին, իր նախկին կեանքին վերադարձաւ՝ ձկնորսութեան, որոնց ուռկաններէն հրաժարած էր, Յիսուսին հետեւլու համար: ըսաւ

Սրբազան Քահանայապետը: Ան ապա դիտել տուաւ որ տառապանքի, յուսախաբութեան ծանրութիւնը, նոյնիսկ դաւաճանութիւնը, սուրբ պետրոսի եւ առաքեալներուն սիրտերուն մէջ վերցնելիք ծանր քար մը դարձած էր: Յիսուսի յարութեան լուրը անոնց սիրտերուն մէջ տակաւին արմատացած չէր:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց, թէ Տէրը լաւ գիտէ, առաջուան բաներուն վերադառնալու փորձութեան մեծութիւնը: Ան նկատել տուաւ որ Յիսուս , Ճիշդ այդ նոյն պահուն, Պետրոսի ապրած ծախողութեան պահուն՝ հասաւ անոր հետ հանիդպելու եւ համբերութեամբ վերսկսելու համար:

Յիսուս չսպասեր, որ հանդիպի հարցերէ , յուսախաբութենէ մեղքերէ զուրկ մարդոց հետ : Յիսուս չյոգնիր կանչելէ: Յիսուսին մէջ, Աստուած կը փորձէ միշտ նոր կարելիութիւններ շնորհել: Աստուած, մեր հետ նաեւ այսպէս կը գործէ: Ամէն օր մեզ կը կանչէ, մեր սիրոյ պատմութիւնը Անոր հետ վերապրելու համար եւ մխրճուելու նորութեան մէջ,  որ նոյինքն Յիսուսն  է :
Աստուած մեզ կը հրաւիրէ վերականգնելու եւ մեր հայեացքը դէպի երկինք սեւեռելու՝ կեանքի բարձունքներուն եւ ոչ թէ մահուան ստորոտներուն: Ան մեզ կը հրաւիրէ, որ զինք չփնտռենք ՝ մեռեալներուն մէջ, Անոր որ կենդանի է :
Աստուած մեզ զարմացնէ: Տէրը զարմանքի Տէրն է : Մեզ կը հրաւիրէ իրականացնել զարմանալի բաներ: Մեզ կը հրաւիրէ անվստահութեան եւ տխուր վիճակէն ոտքի ելլելու: Աստուած կը սիրէ: Աստուծոյ լեզուն Սիրոյ լեզուն է: Մեզմէ կը խնդրէ որ նոյն լեզուն գործածենք:

Քրիստոնեայ ըլլալը կը նշանակէ, կոչում այն վստահութեան որ Աստուծոյ Սէրը՝ մեղքէ եւ ամէն սահմաններէն աւելի բարձր է:
Ահա սա է Աստուծոյ հրաշքը: Ան մեր կեանքերը կը վերածէ բարձ արուեստի գործերու , եթէ թոյլ տանք, որ Անոր Սէրը մեզ առաջնորդէ:
Այս օրհնուած երկրին մէջ շատեր իրենց կեանքին նուիրումով, Տիրոջ կենդանի նշանները եղան: Անոնք իրենց կեանքի մտահոգութիւններուն պատասխանեցին՝ քրիստոնէական պատասխաններով:
Այսօր հրաւիրուած ենք նայելու եւ բացայայտելու այն ինչ որ Տէրը անցեալին մէջ կատարեց, Անոր հետ դէպի ապագայ սլացք առնելու համար այն գիտակցութեամբ, որ յաջողութեան եւ սխալներուն մէջ Յիսուս միշտ պիտի վերադառնայ, մեզ կանչելու ու հրաւիրելու որ մեր ուռկանները նետենք :

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը մէջբերելով երիտասարդներուն նուիրուած իր յորդորագիրէն հատուած մը: Երիտասարդ եկեղեցի մը, երիտասարդ անձ մը՝ ոչ թէ տարիքի բերումով այլ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, մեզ կը հրաւիրէ վկայելու Քրիստոսի սէրը այն սէրը որ մեզ կը ներգրաւէ եւ մեզ կը մղէ հասարակաց բարիքին համար պայքարելու, մեզ կը մղէ աղքատներուն ծառաները դառնալու - սիրոյ եւ ծառայութեան յեղափոխութեան սպասաւորները ըլլալու կարող անհատապաշտութեան, սպառողականութեան եւ մակերեսային երեւոյթները դիմագրաւելու:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2019, 16:05