Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Հիւսիսային Մակեդոնիոյ ժողովուրդին:

Իմ այցելութիւնս կը վստահիմ մեծ սրբուհիի մը բարեխօսութեան՝ դուստրը ձեր երկրին: Մայր Թերեզան:

ՎազգԷն Աբարդեան - Վատիկան

Հիւսիսային Մակեդոնիա առաքելական ճամբորդութեան սեմին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Ժողովուրդը:

Պատգամի մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

Ունկնդրէ լուրը

«Այս հակիրճ պատգամին միջոցաւ, կ՝ուզեմ ձեզի արտայայտել իմ ուրախութիւնն ու սիրոյ զգացումները, զոր կը զգամ ձեր ժողովուրդին եւ ձեր երկրին մէջ բնակող եկեղեցւոյ հանդէպ:
Ձեր երկիրը անկախութիւն ձեռքբերելէ ետք, Սուրբ Աթոռը ուզեց բարեկամական եւ դիւանագիտական կապեր հաստատել անոր հետ: Այօսր աւելի քան երբեք կարիքը կայ Եւորպայի եւ համայն աշխարհի մէջ հանդիպումի մշակոյթը աճեցնելու՝ եղբայրութեան մշակոյթը, եւ ես ձեր մօտ պիտի գամ ցանելու համար այդ սերմերը, ապահով, որ ձեր երկրի հողը բերրի է եւ գիտէ զանոնք ընկալել եւ պտուղ տայ:
Արդարեւ, ձեր երկրի իւրայատուկ գեղեցկութիւնը կը պարտի ձեր երկրին բնակիչ մշակոյթներուն բազմազանութեան եւ ցեղերու ու կրօններուն պատկանելիութեան:

Վստահ եւ քաջ գիտենք, որ համակեցութիւնը դիւրին չէ, սակայն յոգնութիւն մըն է, որ կ՝արժէ կատարել, որոհետեւ ամենէն գեղեցիկ խճանկարները հարուստ գոյներով խճանկարներն են:
Իմ այցելութիւնս կը վստահիմ մեծ Սրբուհիի մը բարեխօսութեան՝ դուստրը ձեր երկրին: Մայր Թերեզան: Ան ծնած եւ աճած է Սքոփճէ քաղաքին մէջ եւ Աստուծոյ շնորհքով դարձաւ Քրիստոսի սիրոյ քաջարի միսիոնար մը աշխարհի մէջ տալով սփոփանք եւ արժանապատուութիւն՝ աղքատներուն միջեւ ամենէն շատ աղքատներուն:

Սիրելի բարեկամներ, մեր հանդիպումը պատրաստենք աղօթքով, որպէսզի  խաղաղութեամբ ու ամէն բարիքով արդիւնաւէտ դառնայ ձեր համայն ժողովուրդին: Թող Աստուած ձեզ օրհնէ »Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ հիւսիսային Մակեդոնիոյ ժողովուրդին յղած պատկերասփռուած պատգամին մէջ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2019, 12:00