Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն:

Յոյսով եմ, որ այս ճամբորդութիւնը նմանի Պուլկարիոյ ճամբորդութեան, որ հակառակ անձրեւին եւ վատ օթին, շատ լաւ ընթացաւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 31 մայիսին, դէպի Ռումանիա թռիչքի ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով իր հետ ճամբորդող լրագողները ըսաւ .«Բարի լոյս եւ շնորհակալ եմ ձեր ընկերակցութեան համար: Գիտեմ որ այս ճամբորդութեան ընթացքին օթը գեղեցիկ պիտի չ՝ըլլայ, կը նախատեսուի որ անձրեւէ: Սակայն յոյսով եմ, որ այս ճամբորդութիւնը նմանի Պուլկարիոյ ճամբորդութեան, որ հակառակ անձրեւին եւ վատ օթին, շատ լաւ ընթացաւ: Շնորհակալ եմ ձեր աշխատանքին եւ ընկերակցութեան համար: ըսաւ Սրբազան Հայրը Ան ապա յիշեց Մեքսիքական «Թելեւիզա» հեռուստակայանին, Վալենթինա Ալազրաքի լրագրողուհին, որուն հետ վերջերս ունեցած էր երկար հարցազրոյց մը: Նորին Սրբութիւնը յարեց թէ ինք շատ յուզուած է Ռոշի կնոջ պատմութենէն, որուն մասին զրուցած էր Լրագրողուհին, ու յանձնարարած է կիներու դէմ բռնութիւններուն վերջ դնելու հրամայականը:

Ֆրանչիսկոս Պապին մասին՝ գիրքի հեղինակ Սպանացի Էվա ֆերնանտեզ լրագրողուհին, Նորին Սրբութեան նուիրեց « Քրիստոսի կ՝ապրի» շրջաբերականը ուսումնասիրող երիտասարդներու կողմէ քանդակուած փոքրիկ արձան մը:
Ռումանացի լրագրողուհի մը նուիրեց եօթը մարտիրոսներէն մէկուն մասին գրած գիրքը, որոնց երանացման արարողութիւնը պիտի հանդիսապետէ ֆրանչիսկոս Պապ:

Մինչ՝ Հունգարացի լրագրողուհի մը ֆրանչիսկոս Պապի նուիրեց Հունգարիոյ մէջ մանուկներուն կողմէ պատրաստուած գծագրութիւն մը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2019, 11:12