Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հրէա-կաթողիէ կոմիտէի մը միջազգային համագումարի մասնակիցները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 15 մայիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տուած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Կաթողիկէ- Հրէա Liaison Committee միջազգային համագումարի մասնակիցները:
Այս առթիւ, ներկաներուն յանձնած գրաւոր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատած է Կաթողիկէ-հրէա երկխօսութեան յանձնառու կազմակերպութիւններուն՝ հանդիպումներն ու աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնելով Իտալական եպիսկոսպսաց համահաւաք դասին, նշեալ 24-րդ համագումարի կազմակերպելուն համար:
Նորին Սրբութիւն ապա անդրադարձած է հրէաներու եւ կաթողիկէներու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութեան նշելով, որ երկու կրօնները կը կիսեն հոգեւոր ժառանգութիւն մը , որ կրնայ եւ պէտք է միշտ աւելիով արժէքաւորուիլ ,երկու կրօններու միջեւ փոխ ճանաչումի միջոցաւ, ինչպէս նաեւ եղբայրութեան եւ ուրիշներուն ի նպաստ հասարակաց յանձնարարութեամբ:
Ֆրանչիսկոս Պապ պապ յորդորած է համագումարի մասնակիցները, որ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին քննարկեն նաեւ այժմէական հարցեր, ինչպէս գաղթականներու մարտահրաւէրն ու անոնց օգնութեան հասնելու ձեւերը :
Յորդորած է քննարկել աշխարհի մէջ աճող հակասեմական երեւոյթները, քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքները , ինչպէս նաեւ իտալիոյ եւ Իսրայէլի մէջ հրէաներու եւ կաթողիկէներու միջեւ երկխօսթիւնն ու անոր հեռանկարները:
Նորին Սրբութիւնը գրաւոր պատգամը եզրափակած է նկատել տալով, որ երկխօսութիւնը փոխ ճանաչումին լաւագոյն ուղին է, ինչպէս նաեւ համագործակցելու՝ ոչ միայն հանդուրժողական մթնոլորտ ստեղծելու համար այլ կրօններուն միջեւ յարգանք:
Ան մաղթած է որ համագումարի մասնակիցներուն հանդիպումը ըլլայ խաղաղութեան հանդիպում, ապա Ամենաբարձեալին օրհնութիւննիւնները հայցելով, Աստուծմէ խնդրած է որ բոլորին ուժ եւ քաջութիւն ներշնչէ: Շալոմ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ