Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հրէա-կաթողիէ կոմիտէի մը միջազգային համագումարի մասնակիցները

Հրէա եւ Կաթողիկէ կրօնները կը կիսեն հոգեւոր ժառանգութիւն մը , որ կրնայ եւ պէտք է միշտ արժէքաւորուիլ , փոխ ճանաչումի զարգացման եւ երկխօսութեան միջոցաւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 15 մայիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տուած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Կաթողիկէ- Հրէա Liaison Committee միջազգային համագումարի մասնակիցները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ, ներկաներուն յանձնած գրաւոր պատգամին մէջ  Սրբազան Հայրը   բարձր գնահատած է Կաթողիկէ-հրէա երկխօսութեան յանձնառու կազմակերպութիւններուն՝ հանդիպումներն ու աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնելով Իտալական եպիսկոսպսաց համահաւաք դասին, նշեալ 24-րդ համագումարի կազմակերպելուն համար:

Նորին Սրբութիւն ապա անդրադարձած է  հրէաներու եւ կաթողիկէներու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութեան նշելով, որ  երկու կրօնները կը կիսեն հոգեւոր ժառանգութիւն մը , որ կրնայ եւ պէտք է միշտ աւելիով արժէքաւորուիլ ,երկու կրօններու միջեւ փոխ ճանաչումի միջոցաւ,  ինչպէս նաեւ եղբայրութեան եւ ուրիշներուն ի նպաստ հասարակաց յանձնարարութեամբ:

Ֆրանչիսկոս Պապ պապ յորդորած է  համագումարի մասնակիցները, որ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին քննարկեն նաեւ այժմէական հարցեր, ինչպէս գաղթականներու մարտահրաւէրն ու անոնց օգնութեան հասնելու ձեւերը :

Յորդորած է  քննարկել աշխարհի մէջ աճող հակասեմական երեւոյթները,  քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքները , ինչպէս նաեւ իտալիոյ եւ Իսրայէլի մէջ հրէաներու եւ կաթողիկէներու միջեւ երկխօսթիւնն ու  անոր հեռանկարները:

Նորին Սրբութիւնը գրաւոր պատգամը  եզրափակած է  նկատել տալով,  որ երկխօսութիւնը փոխ ճանաչումին լաւագոյն ուղին է, ինչպէս նաեւ համագործակցելու՝ ոչ միայն հանդուրժողական մթնոլորտ ստեղծելու համար այլ կրօններուն միջեւ յարգանք:
Ան մաղթած է  որ համագումարի մասնակիցներուն հանդիպումը ըլլայ խաղաղութեան հանդիպում, ապա  Ամենաբարձեալին օրհնութիւննիւնները հայցելով, Աստուծմէ խնդրած է որ բոլորին ուժ եւ քաջութիւն ներշնչէ: Շալոմ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2019, 12:00