Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ժան Վանիէ: Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ժան Վանիէ: 

Սքոփիէ- Հռոմ վերադարձին Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Ժան Վանիէն:

Ժան Վանիէ իր կեանքը սպառեց վերջիններուն համար :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի,  7 մայիսին, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, Սքոփիէ –Հռոմ Թռիչքի ընթացքին, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի սկիզբը, Ֆրնաչիկոս Պապ յիշեց վերջերս հոգին աւանդած «ARCHE» հաստատութեան հիմնադիր Ժան Վանիէն:
Քանատացի Փիլիսոփայ ու Բարերար Ճան Վանիէ անդամ էր քահանայապետական աշխարհականներուն խորհուրդին եւ ան եղած է «Հաւատք եւ լոյս» շարժումին ներշնչողներէն մին:

«Ես գիտէի, որ Ժան Վանիէն ծանր հիւանդ էր, այս մասին ինծի տեղեակ կը պահէր Քոյր Ժընվիէ» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ ինք վերջերս հանգուցեալին հետ հեռաձայնային կապ պահած ու խօսած էր անոր հետ սակայն Ժան Վանիէր հազիւ կարող էր խօսելու:
Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բարերարին վկայութեան համար ըսելով, որ «Ճան Վանիէ մարդ մըն էր, որ գիտցաւ Քրիստոնէական ուժը կարդալ՝ մահուան, խաչի, հիւանդութեան խորհուրդէն: Աշխարհի մէջ մեկուսացուած մարդոց խորհուրդէն:
Ժան Վանիէ իր կեանքը սպառեց վերջիններուն համար : Շնորհակալ եմ Աստուծոյ այսպիսի մեծ վկայութեամբ մարդը մը ընծայելուն համար :
Ան աշխատեցաւ ոչ թէ միայն վերջիններու համար այլեւ բոլոր անոնց , որոնք ծնելէ առաջ վտանգուած էին մահուան դատապարտութեան ենթարկուելու:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2019, 09:02