Քահանայական  ձեռնադրութիւն: Քահանայական ձեռնադրութիւն: 

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի ձեռնադրէ 19 նոր քահանաներ:

Քահանայական ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս, նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 12 մայիսին, Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի նախագահէ 19 սարկաւագներու քահանայական ձեռնադրութեան Սուրբ Պատարագի արարողութեան: Այս մասին կը հաղորդէ  Հռոմի թեմի մամլոյ գրասենեակը:

19 ձեռնադրուելիք սարկաւագները կը պատկանին հետեւեալ միաբանութիւններուն .
8 սարկաւագներ «Խաչի որդիներ» միաբանութեան, 1 սարկաւագ Առաքեալներուն ընտանիք» միաբանութեան: Քահանայապետական Հռոմի թեմի աւագ նորընծայարանի մէջ ուսանած 2 սարկաւագներ եւ «Ռետեմբթորիս Մաթեր» թեմական վարժարանի մէջ իրենց ուսումը աւարտած 8 սարկաւագներ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ Ուրբաթ, 10 մայիսին, 19 սարկաւագներուն քահանայական ձեռնադրութեան առիթով, Լատերանի Սան Ճովաննի պազիլիքայն մէջ , կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսի նախագութեամբ, տեղի պիտի ունենայ աղօթք - հսկում եւ երեք սարկաւագներու վկայութիւն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2019, 10:05