Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ մատուցեց Պուխարեսթի Սուրբ Յովսէփի կաթողիկէ եկեղեցւոյ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ մատուցեց Պուխարեսթի Սուրբ Յովսէփի կաթողիկէ եկեղեցւոյ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Տիրամայրը կը քալէ կը հանդիպի եւ միշտ ուրախ է որովհետեւ միշտ Աստուծոյ կը վստահի»:

Տիրամօր մասին խոկալով մեր միտքը կ՝երթայ այն մայրերուն ու կիներուն որոնք ամէն օր նուիրուածութեամբ հոգ կը տանին իրենց զաւակներուն եւ ըտանիքներուն1:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 31 մայիսին, յետմիջօրէին՝ Ռումանիոյ ժամանակացոյցով ժամը 6,10ին, լատին ծէսին համաձայն, Տիրամօր Եղիսաբեթի տուած այցելութեան տօնի առիթով , Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ մատուցեց Պուխարեսթի Սուրբ Յովսէփի կաթողիկէ եկեղեցւոյ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Պատարագին ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Տիրամօր՝ Եղիսաբեթի տուած այցելութեան մասին:

Տիրամայրը ուղեւորութեան մէջ

Այսօրուան աւետարանին մէջ սուրբ գիրքը կը խօսի Մարիամին առաջին ճամբորդութեան մասին ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւեցնելով որ Տիրամայրը միշտ ճամբորդութեան մէջ էր Բեթղեհէմն սկսեալ մինչեւ Երուսաղեմ՝ Սուրբ Զատիկը տօնը նշելու եւ Յիսուսի չարչարանքներու հետեւելու :

Տիրամօր ճամբորդութիւններուն յատկանիշները

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Սուրբ Կոյս Մարիամի Ճամբորդութիւններու յատկութիւններուն, դիտել տալով որ անոնք բնորոշուած են քաջութեամբ եւ համբերութեամբ, եւ ընդգծելով Տիրամօր մայրական քնքշութիւնն ու սէրը :
Սրբազան Հայր ապա յայտնեց թէ Տիրամօր մասին խոկալով մեր միտքը կ՝երթայ այն մայրերուն ու կիներուն որոնք ամէն օր նուիրուածութեամբ հոգ կը տանին իրենց զաւակներուն եւ ըտանիքներուն ՝ համակուած յոյսով ու ուրախութեամբ
Տիրամայրը յոյս ներշնչող է մեզ կը հրաւիրէ միասին ընաթանալու

Հանդիպումի մշակոյթ


Նորին Սրբութիւն խօսելով Մարիամի՝ Եղիսաբեթին հետ հանդիպումի մասին, ընդգծեց թէ Մարիամը աւելի երիտասարդ է քան Եղիսաբեթը որ տարիքով աւելի մեծ էր:
«Սա հանդիպումի մշակոյթին հրաշք է» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով «այս հանդիպումի մշակոյթին մէջ ոչ մէկը բացառուած , կ մեկուսացուած կամ ալ պիտակուած է՝ Տիրոջ դէմքը յայտնաբերելու համար:
Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Սուրբ Հոգիին զօրութեան, որ մեզ կը քաջալերէ մենք մեզմէ դուրս գալու, մեր սահմանափակումներէն եւ մակերեսային բաներէն անդին սեւեռելու եւ կարելիութիւնը ունենալու օրհնելու՝ յատուկէն շատ այն եղբայրները, որոնք զրկուած են օրուան հացէն, բնակարանէն նոյնիսկ բարեկամի մը հասարակութեան մը ողջագուրումէն եւ պաշտպանութենէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց որ հանդիպումի մշակոյթը մեզ կը մղէ փորձարկելու եկեղեցւոյ մայրութեան հրաշքը, մայրութիւն որ կը փնտռէ կը պաշտպանէ եւ միացնէ իր զաւակները:
Մարիամը, որ կը քալէ եւ կը հանդիպի եղիսաբեթին, մեզ կը յիշեցնէ թէ Աստուած ուր կ՝ուզէ բնակիլ եւ ապրիլ, եւ որն է Աստուծոյ սրբավայրը ՝ որ է Աստուծոյ ժողովուրդը: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց «Սա է Քրիստոնեայի գաղտնիքը. Աստուած մեր մէջ գտնուի, Ան զօրեղ փրկիչն է : Այս վստահութիւնը, ինչպէս պատահեցաւ Տիրամօր հետ , մեզի թոյլ կու տայ ուրախութեամբ երգելու եւ հրճուելու:

Առանց ուրախութեան, անշարժութեան կը մատնուինք եւ ստրուկ կը դառնանք մեր տխրութիւններուն :Այն ժամանակ երբ կ՝ապրինք անվստահութեան, տխրութեան եւ ներփակուած վիճակի մէջ, կը հակասենք հաւատքին, որովհետեւ կը մոռնանք որ մենք աստուծոյ զաւակներ ենք եւ որբեր չենք:
Մարիամն է որ մեզի օգնութեան կը հասնի: Ան Աստուած կը փառաբանէ: : Սա է ուրախութեան գաղտնիքը: Մարիամ որ հեզ է Աստուծոյ մեծութենէն կը սկսի ՝ հակառակ իր բոլոր դժուարութիւններուն :Ան ամբողջութեամբ Աստուծոյ կը վստահի:

Տիրամայրը մեզ յիշել կու տայ որ Աստուած հրաշալիքներ կը գործէ եթէ երբ բաց կը մնանք Անոր եւ եղբայրներուն դիմաց:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց մտաբերելու Ռումանիոյ երկրի մեծ վկաները, պարզ մարդիկ, որոնք հալածանքի ժամանակ Աստուծոյ վստահեցան: Անոնք իրենց յոյսը չդրին աշխարհին վրայ այլ Տիրոջ վրայ եւ այսպէս յառաջ ընթացան: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ :
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Տիրամայրը կը քալէ, կը հանդիպի եւ կ՝ուրախանայ, որովհետեւ իրմէ աւելի մեծ բան մը կը փոխանցէ: Ան եղաւ օրհնութեան պատգամաբերը: :Իրեն պէս մենք եւս չվախնանք օրհնութեան պատգամաբերներ դառնալէ , որոնց Ռումանիան շատ կարիքը ունի:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քարոզը աւարտեց քաջալերելով հաւատացեալները դառնալու հանդիպումի մշակոյթի խթանողներ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2019, 18:00