Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Տէր անօթի ենք քու հացիդ՝ կեանք տուող հացիդ» :

Այլեւս կորսնցուցած են իրականութեան համն ու հրապոյրը: Անօթի ենք Աստուծոյ, եղբայրութեան ու հացի: Այս բոլորը Սրբուհի Մայր Թերեզան լաւ գիտէր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 7 մայիսին, Մակեդոնիա անուան հրապարակի վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց Յիսուսի «ով որ ինծի կու գայ երբեք պիտի չանօթենայ, եւ որ ինծի հաւատայ, երբեք պիտի չծարաւնայ» խօսքի վրայ (Յովհ 6, 35)

Ան ակնարկելով Յիսուսի հացերու բազմապատկումի հրաշքին եւ Յիսուսը շրջապատող ամբոխին վրայ, որոնց աչքերը լի էին հացերու բազմապատկումի հրաշքով Սրբազան Հայրը ըսաւ « Տօնը մըն էր, տօն Աստուծոյ՝ Իր որդիներուն նկատմամբ, վեհանձնութեան ու հոգածութեան բացայայտումին՝՝ որոնք եղայրներ դարձան բաժնելով եւ կիսելով հացը: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով
Տէրը աշխարը եկաւ կեանք պարգեւելու համար եւ այս միշտ կը կատարէ դիմագրաւելով մեր նեղմիտ հաշիւները, մեր միջակ սպասումները, հարցականի տակ առնելով մեր տեսակէտներն ու մեր յստակութիւնները: Տէրը մեզ կը հրաւիրէ անցնելու դէպի նոր հորիզոն, ուր տեղ կը շնորհէ իրականութիւնը տարբեր ձեւով կառուցելու: Ան երկինքէն իջած հացն է:
Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ որ վարժ դարձած ենք ապատեղեկատուութեան հացը ուտելու , կը սնանինք հրապուրիչ եւ մեծ երազներէ ու կը ճաշակենք մենակութիւն ու փակութիւնը: ընդգծելով որ այլեւս կորսնցուցած են իրականութեան համն ու հրապոյրը:

Ֆրանչիսոկս Պապ նշեց, Անօթի ենք Տիրոջ: Անօթի ենք Տիրոջ խօսքի հացին, որ կարող է մեր փակումներն ու մենակութիւններ բանալու:
Անօթի ենք եղբայրութեան, ուր անտարբերութիւնը, վարկաբեկութիւն, խայտառակութիւններ տեղ չունին մեր բնակարաններէն ներս մէջ: Անօթի ենք նման այդ ամբոխին, ՝ողորմածութեան բազմապատկումին, որ կարող է կարծրատիպներ կոտրելու, բաժնելով ու կիսելով հօր կարեկցութեան հացը իւրաքանչւիր անձին համար՛ յատուկէն անոնց որոնց ոչ մէկը հոգ կը տանի:
Ան ապա ակնարկելով Սուրբ պատարագին, նշեց « Տէրը մեզ կը հրաւիրէ ելլելու եւ երթալու դէպի խորանին սեղանատուն, կեանքի հացէն սնանելու համար ՝ընդառաջելով Տիրոջ հրաւէրին ով որ ինծի պիտի գայ պիտի չանօթենայ
Տէրը կը յորդորէ իր մօտը երթալու ՝ բաժնեկից դարձնելու համար իր կեանքի ու առաքելութեան::
« ինծի Եկէք» չնշանակեր ՝լոկ մէկ տեղէ միւս տեղ տեղափոխուիլ, կը նշանակէ փոխակերպուի՝ Անոր Խօսքէն մեր ընտրանքներուն, մեր զգացումներուն մէջ, Տիրոջ միեւնոյն ժեսթեր կատարելու եւ միեւնոյն լեզուով խօսելու համար , որ է հացի լեզուն, քնքշութեան լեզուն, ընկերակցութիւն ու վեհանձն նուիրում՝ ուրիշներուն:

Հացի, եղբայրութեան, Աստուծոյ անօթութիւն: Այս բոլորը, Մայր Թերեցան լաւ գիտէր, եւ ուզեց իր կեանքը հիմնել երկու անկիւնքարերուն վրայ: Յիսուս, մարմնացած Սուրբ Հաղորդութեան մէջ եւ Յիսուս. մարմնացած աղքատներու մէջ: Ստացուած Սէր, տրուած Սէր, երկու անբաժանելի անկիւնաքարեր որոնք բնորոշեցին Մայր Թերեզային երթը:
Ան Տիրոջ մօտեցաւ, միաժամանակ մօտենալով անտեսուած ոչ սիրուած մոռացութեան մատնուած եղբօրը ու անոր մէջ տեսնելով Տիրոջ դիմագիծը:

Սիրելի եղբայրներ, այսօր Յարուցեալ Տէրը կը շարունակէ մեր միջեւ ընթանալ: Ան կը ճանչնայ մեր անօթութիւնը - մեզի դարձեալ կը հրաւիրէ ըսելով ով որ ինծի կու գայ երբեք պիտի չանօթենայ, եւ որ ինծի հաւատայ, երբեք պիտի չծարաւնայ»: ըսաւ Սրբազան Հայրը քարոզի աւարտին:

Սուրբ Պատարագի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց Պուլկարիոյ առաքելական ճամբորդութեան կազմակերպիչներուն՝ Պուլկարիոյ պետութեան, ոստիկանութեան ինչպէս նեաւ բոլոր կամաւորներուն :   

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2019, 11:33