Հիւսիային Մակեդոնիայի կղերական դասին հետ հանդիպում Հիւսիային Մակեդոնիայի կղերական դասին հետ հանդիպում 

Ֆրանչիսկոս Պապ «ականատես եղայ երկու թոքերով շնչող եկեղեցիի մը՝ բիւզանդական եւ լատին ծէսերով:

Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մէջ ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ կղերական դասիանդամներուն ու անոնց հարազատներուն հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 7 մայիսին, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս երիտասարդներուն համամիութենական եւ միջ կրօնական հանդիպումէն ետք, յետմիջօրէին ժամը 5,00ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսի Սուրբ Սիրտ մայր տաճարէն ներս հանդիպում ունեցաւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ կղերական դասի անդամներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ:

Այս առթիւ արտասանած ճառին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնելով քահանաներուն ըսաւ «շնորհակալ եմ, որովհետեւ մեծ գոհունակութեամբ ականատես եղայ երկու թոքերով շնչող եկեղեցիի մը՝ Բիւզանդական եւ Լատին ծէսերով: Երկու ամբողջացուցիչ եւ կարեւոր թոքեր, որոնք կ՝օգնեն եւ լաւ համտեսել կու տան Տիրոջ գեղեցկութիւնը:
Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ անդրադարձաւ հանդիպումի ընթացքին մի քանի կղերականներուն եւ ընտանիքի մը կողմէ տրուած վկայութիւններուն:

Վկայութիւն տուող քահանաներէն մին անդրադարձաւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մէջ քահանաներու սակաւ թիւին: Նորին Սրբութիւնը այս առնչութեամբ նկատել տուաւ, որ հաշիւ ընելը շատ անգամ կրնայ մեզ առաջնորդել՝ մենք մեզի նայելու: Ծնրադրելով մեր իրականութիւններուն եւ թշուառութեան դիմաց կրնանք նմանիլ Էմմաւուսի աշակերտներուն, որոնց մտահոգութիւնները արգելք հանդիսացան Տիրոջ ձայնին անսալու, որ է ուրախութեան ակնակբիւր:

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ հաշիւ կատարելը շատ անգամ լաւ եւ անհրաժեշտ բան մըն է, երբ օգտակար կը դառնայ բացայայտելու բազմաթիւ կեանքեր, ընտանիքներու, հիւանդներուն տարեցներուն կացութիւններ, որոնք անկարող են յառաջ ընթանալու ինչպէս նաեւ բացայայտելու ապագայէ զուրկ եւ տխուր վիճակի մատնուող երիտասարդներուն կացութիւններ : Սա մուրացկաններու եկեղեզի մըն է, որ կարիք ունի Տիրոջ ողորմածութեան:
Նորին Սրբութիւն ընդգծեց թէ հաշիւ ընելը թոյլատրելի կը դառնայ այն ժամանակ երբ այդ մէկը մեզ կը մղէ շարժումի մէջ մտնելու, եղբայրասէր եւ զգոյշ դառնալով ՝ յոգնած, անկայուն վիճակի մէջ գտնուող եղբայրներուն կարիքներուն:
Ան ակնարկելով Սրբուհի Մայր Թերեզային ըսաւ « քանիներ անդորրութիւն եւ սփոփանք գտան Անոր քնքուշ նայուածքին մէջ : Քանիներ մխիթարուեցան անոր քնքշութենէն, ու ներշնչուեցան Սրբուհի Մայր Թերեզայի քաջարի հաւատքէն, հաւատք որ մոռացուածներուն զգալ կու տայ , թէ Աստուած չէ մոռցած զիրենք:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ վարդապետի մը՝ կոչումի մասին տուած վկայութեան յարելով « Դուն Վարդապետին մօտեցար, Անոր յոգնած ոտքերը օծելու համար. շօշափելի մարդոց յոգնած ոտքերը. հոն ուր կը գտնուին: :

Ֆրանչիսկոս Պապ ի վերջոյ անդրադարձաւ ընտանիքի մը տուած վկայութեան, որոնք խօսեցան իրենց ընտանեկան կեանքէն ներս ապրած մտահոգութիւններու ու ուրախութիւններու մասին: Այս առնչութեամբ յարեց թէ իրեն համար հաճելի է- իւրաքանչիւր ընտանիք՝ իրենց առօրեայ յոգնութիւններով եւ մտավախութիւններով պատկերացնել Նազարեթի ընտանքին, որոնք տառապեցան Հերովդէսի անըմբռնելի տառապանքը, փորձառութիւն մը որ դժբախտաբար կը կրկնուի բազմաթիւ թշուառ եւ անօթի գաղթական ըտանիքներուն ներքեւ :

Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով կղերականներուն, Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը հայցեց բոլորին համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2019, 17:39