Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ժան Վանիէ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ժան Վանիէ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ժան Վանիէի յուղարկաւորութեան արարողութեան առթիւ:

Նորին Սրբութեան պատգամին ընթերցումը կատարուեցաւ յուղարկաւորութեան արարողութեան սկիզբը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 16 մայիսին, յետմիջօրէին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Արքա» ընկերակցութեան հիմնադիր, Ժան Վանիէի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Պապ յղեց պատգամ մը որուն ընթերցումը կատարեց ԳերապայծառՕրնելլասը, յուղարկաւորութեան արարողութեան սկիզբը: 

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գրած է « Փնտռելով Քրիստոսի հետ միացած ապրիլ, որուն միջոցաւ Աստուած կրեց մեր տկարութիւնները, Ժան Վանէն այնպէս մը ըրաւ, որ բորոր դիւրաբեկ անձերը՝ որոնք յաճախ մերժուած են, հիւրընկալուին եւ ճանչցուին որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, յարգուելով անոնց կրօնային ու ընկերային բազմազանութիւնները
Աստուծմէ կը հայցեմ որ պաշտպանէ մեծ «Արքա ընտանիքը» մաղթելով, որ Ժան Վանիէ աւետարանի համոզումով, բոլոր հասարակութիւնները կարենան շարունակել, ներողամտութեան եւ տօնակատարութեան ինչպէս նաեւ ուրախութեան եւ կարեկցութեան վայրեր դառնալ, ցոյց տալով որ իւրաքանչիւր անձ՝ ինչ որ ըլլայ իր հաշմանդամութիւնը, սիրուած է Աստուծմէ եւ հրաւիրուած է մասնակցելու եղբայրութեան , արդարութեան եւ խաղաղութեան աշխարհի մը»:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2019, 11:14