Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի հարցազրոյցը Մեքսիկայի Թելեվիզա հեռուստակայանին հետ:

«Բոլորս եղբայրներ ենք, ամէնքս Աբրահամէն կու գանք եւ պէտք է հետեւիլ եկեղեցւոյ տիեզերական ժողովովներուն, այն է ձեռք տալ հրէաներուն, իսլամներուն:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ երկար հարցազրոյց մը ունեցած Է Մեքսիքայի Թելեվիզա հեռուստակայանի լրագրողուհի Վալենթինա Ալազրաքի հետ: Հարցազրոյցը աջողութեամբ սփռուեցաւ վերոնշեալ հեռուստակայանէն:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապի Մեքսիկացի լրագրողուհին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ գաղթականութեան, Մեքսիքայի եւ Միացեալ նահանգներուն սահմանին վրայ նախագահ Թրամփի պատնէշ կառուցելու հարցին , շօշափուեցան Չինաստանի մէջ եկեղեցւոյ հայող նիւթեր, ինչպէս նաեւ թմրամոլութեան եւ կղերի կողէ գործադրուած սեռային բռնութեան հարցեր:
Ինչ կը հայի Մեքսիքոյին, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ ինք շատ կը փափաքի այցելել այդ երկիրը սակայն այժմը իր օրակարգը լեցուն է այլ երկիրներու ճամբորդութիւններով:

Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատնէշ կառուցելու հարցին անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ պէտք է դաս քաղել պատմութենէն: Ան յիշեց Պերլինի պատնէշը , որ ահաւոր ցաւ ու տառապանք պատճառեց մարդկութեան: Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց երկխօսութեան, հիւրընկալութեան, կրթութեան, ընդելուզելու հրամայականը:

Խօսելով միջկրօնական երկխօսութեան մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ օրինակ բերաւ Հռոմի կարգ մը ժողովրդապետութիւններուն կատարած այցելութեան ընթացքին մահմետական երիտասարդներ, որոնք մահմետական ըլլալով հանդերձ կը մօտենան իրեն, զինք ողջունելու համար: Ան ակնարկեց նաեւ Ափրիկէի կարգ մը երկիրներուն մէջ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ խաղաղ եւ բարեկամութեան վրայ հիմնուած համակեցութեան: Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ բոլորս եղբայրներ ենք, ամէնքս Աբրահամէն կու գանք եւ այս առնչութեամբ նշեց թէ ինք կը հետեւի եկեղեցւոյ տիեզերական ժողովովներուն, այն է ձեռք տալ հրէաներուն իսլամներուն :
Մահմետականութիւնը դժբախտաբար խոցուած է ծայրայեղական խմբաւորումներէն : Մենք եւս՝ քրիստոնեաներս ունինք ծայրայեղական փոքրիկ խմբաւորումներ, որոնք կը սիրեն պատերազմիլ, պէտք է օգնել ասոնց որպէսզի կարենան իրենց լաւագոյնը ցոյց տալ որ վստահ պատերազմ չէ:

Խօսելով Չինաստանի մասին, ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ «Չինաստանը իմ երազս է: Շատ կը սիրեմ Չինացիները: Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւուած են Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ միջեւ կնքուած համաձայնագիրէն ետք:»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2019, 09:10