Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ աղօթք- հանդիպում գնչուներու հետ:

Սխալ եւ տխուր երեւոյթ է ուրիշներուն մասին ածականներով խօսիլը: Ածականներով խօսիլը սիրտ կործանող եւ հեռաւորութիւն ստեղծող իրողութիւն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 9 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին նախագահութեամբ, Վատիկանի առաքելական պալատին մէկ դահլիճներէն ներս տեղի ունեցաւ աղօթք- հանդիպում, մասնակցութեամբ աւելի քան 500 գնչուներու:

Աղօթք հանդիպումին, կղերական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու շարքին ներկայ գտնուեցան նաեւ «Միկրանթես» հիմնարկի նախագահ, եւ Իտալական եպիսկոպոսոաց համահաւաք դասի նախագահ, Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթին, մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Փիթեր Քոտվօ Ափփիա Թուրքսոն, Հռոմի թեմի տեղակալ եպիսկոպոս, Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը :
Հանդիպում- աղօթք ծիրէն ներս,  ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Կարդինալ Կուալթիրեօ Պասեթթին, ապա կատարուեցան կարգ մը շարականներու երգեցողութիւն, աւետարանական ընթերցում, վկայութիւններ՝ տրուած կղերականի մը եւ գնչուի մը կողմէ, որոնցմէ ետք:

Ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներուն փոխանցեց իր սիրտի խօսքը որուն մէջ ան անդրադարձաւ իսկական եւ շօշափելի յոյսի մասին, Աստուծոյ հանդէպ շօշափելի յոյս, որ երբեք յուսախաբ չի թողուր: Ան ապա նկատել տալով որ բոլորս մեղաւորներ ենք յորդորեց ՝մեր մեղքերուն նայելու եւ երբ ուրիշ մը մեղք կը գործէ եւ սխալ ճանապարհի վրայ կը գտնուի- պէտք է անոր մօտենալ ձեռք տալու համար:
Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ որ սխալ եւ տխուր է ուրիշներուն մասին ածականներով խօսիլը:
Ածականը այն բաներէն է, որ սիրտ կը կործանէ եւ հեռաւորութիւն կը ստեղծէ ըսաւ Ան ապա յորդորեց լայն սիրտ ունենալ՝ զուրկ զայրութիւններէ: Յորդորեց յառաջ երթալ ՝արժանապատուութեամբ, ընտանիքի, աշխատանքի, առօրեայ հացը շահելու արժանապատուութեամբ:

Յառաջ երթայ մոռնալով զայրոյթները՝ առանց դժգոհելու: Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ որ զայրոյթները ցաւ կը պատճառեն սիրտին, գլուխին եւ պատմութիւնն է որ արդարութիւն պիտի գործէ: զայրոյթը վրէժխնդրութեան կ՝առաջնորդէ:
Յառաջ երթալ այն գիտակցութեամբ, որ մեզի նայող մէկը կայ, այն Մէկը որ մեզի համար տառապեցաւ եւ իր կեանքը զոհեց:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց յորդորելով յառաջ երթալ՝ սիրելով,  ընդգծելով որ սէրը քաղաքակրթութիւն է: Ապա շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները խնրեց որ աղօթեն իրեն համար:

Ֆրանչիսկոս Պապին Գնչուներուն հետ աղօթքի հանդիպումը վերջ գտաւ Հայր Մեր Տէրունական աղօթքով եւ Նորին Սրբութեան առաքելական օրհնութիններով:

Նշենք, թէ յետմիջօրէին Հռոմի «Աստուածային Սէր»  սրբավայրէն ներս  նախատեսուած է հանդիպում՝ կազմակերպուած «Միկրանթես» հիմնարկի կողմէ, որուն նպատակն է  լաւ ճանչնալ գնչու ժողովուրդները:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2019, 12:31