Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Ռումանիոյ Օրթոտոքսներուն պատրիարքին հետ: Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Ռումանիոյ Օրթոտոքսներուն պատրիարքին հետ: 

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Ռումանիոյ Օրթոտոքսներուն պատրիարքին հետ:

«Տիրոջ Յարութիւնը սիրտն էառաքելական աւետումին, որ պահպանուած եւ հռչակուած է երկու եկեղեցիներու կողմէն:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 31 մայիսին, Պուխարեստի Պապական նուիրակի պալատին մէջ ճաշի փոքրիկ դադարէն ետք, տեղական ժամանակացոյցով՝ յետմիջօրէին՝ 3,35-ին Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Ռումանիոյ Օրթոտոքսներուն Պատրիարքարան, որուն մուտքին դիմաւորուեցաւ , գերերջանիկ Տանիէլ Պատրիարքին կողմէ, ներկայութեամբ մնայուն Սինոդի եւ Վատիկանեան պատուիրակութեան անդամներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Տիրոջ Յարութիւնը երկու եկեղեցիներուն առաքելութեան սիրտը

Պատրիարքարանէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ առանձնական հանդիպում ունենալէ ետք պատրիարքին հետ, ունկնդրութինը շնորհեց մնայուն սինոդի եպիսկոպոսներուն :

Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց Ռումանիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները, Յիսուսի Յարութեան պատգամով, ընդգծելով, թէ «Տիրոջ Յարութիւնը սիրտն է առաքելական աւետումին, որ պահպանուած եւ հռչակուած է երկու եկեղեցիներէն:»

Արեան հաւատացեալներ,  առաքեալներ ու եղբայրներ

«20 տարի առաջ այս Սուրբ Սինոդին դիմաց արտասանած խօսքին մէջ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը ողջունելով եպիսկոպոսները ըսաւ - եկած եմ նայելու ձեր եկեղեցւոյ մէջ քանդակուած Քրիստոսի դիմագիծին- ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ ինք եւս Ռումանիա եկած է իբրեւ ուխտաւոր, որ կը փափաքի տեսնել Տիրոջ դիմագիծը՝ Եղբայրներուն դիմագիծին մէջ» ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հիւրասիրութեան համար:

Նորին Սրբութիւնը հուսկ դիտել տուաւ որ երկու եկեղեցիներուն միջեւ հաւատքի կապերու միութիւնը, կը բխի Յարուցեալին վկաներէն՝ առաքեալներէն, որոնք ըստ աւանդութեան, այս երկրին մէջ բերած են հաւատքը: Անոնք՝ առաքեալներ, հաւատացեալներ, արեան եղբայրներ դարձան հեղուլով իրենց արիւնը Տիրոջ համար:
Անոնք մեզի յիշել կու տան, որ գոյութիւն ունի մեզ կանխող արեան եղբայրութիւն մը, որ դարերուն հոլովոյթին երբեք չդադրեցաւ հոսելէ՝ զօրակցելունհամար այդ ուղեւորութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Ռումանիոյ մէջ անթիւ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, տարբեր եկեղեցիներու, քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, որոնք վերջերս նշեցին Յիսուսի Յարութեան տօնը եւ որոնք լռութեան մէջ փորձարկեցին վերածնունդի կիրակին: «Քանի մարտիրոսներ, տարբեր դաւանանքներու հաւատացեալներ որոնք վերջին ժամանակաշրջանին, բանտերու մէջ մէկը միւսին կողքին գտնեուելով իրար օգնեցին:

Անոնց օրինակը, այսօր եւս մեր առջեւ կը գտնուի, նոր սերունդներուն առջեւ: Այն բանին համար, որոնք տառապեցան նոյնիսկ իրենց կեանքի զոհումով անմոռանալի եւ թանկարժէք ժառանգութիւն է :
Հասարակաց ժառանգութիւն, որ մեզ կը հրաւիրէ չկորսնցնելու հեռաւորութիւնը, այն եղբայրէն, որ զայն կը կիսէ:

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի պարգեւը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դարձեալ յիշելով 20 տարի առաջ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Ռումանիա կատարած այցելութիւնը, նկատեց զայն Սուրբ Զատկուան պարգեւ՝ որ նպաստեց ոչ միայն Ռումանիոյ մէջ օրթոտոքսներու եւ Կաթողիկէներուն միջեւ յարաբերութեան այլեւ ընդհանրապէս երկխօսութեան:

Սուրբ ՅՊԲ ճամբորդութիւնը նկատեց Հռոմի եպիսկոպոսի մը՝ մեծամասնութեամբ օրթոտոքս հաւատացեալներով բնակուած երկրի մը ճամբորդութիւն, որ դուռ բացաւ այլ նման ձեռնակներուն ուղիներու:

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց  ՅՊԲ Ռումանիա ճամբորդութեան ընթացքին Ռումանացի ժողովուրդին « միութիւն- միութիւնաղաղակը զայն նկատելով , յոյսի աւետում, որ բխեցաւ Աստուծոյ ժողովուրդէն եւ եղաւ մարգարէացում՝ նոր ժամանակաշրջանի մը, միասնաբար քալելու բացայայտուած միութեան եղբայրութեան մէջ:
Միասին ընթանալ յիշատակի ուժով եւ ոչ թէ նախապաշարումներուն, սխալ դատողութիւններուն, ստացուած վէրքերու յիշատակով, որոնք մեզ կ տանին անբերրի կեցուածքներուն:
Միասին ընթանալ աւետարանի առաջին դարերու յիշատակով, որ հռչակուեցաւ մարգարէական հոգիով, եւ հանդիպեցաւ ու լուսաւորուեցաւ նոր ժողովուրներու եւ մշակոյթներու մէջ:
Միեւնոյն երկինքի տակ ապրուած սրբութեան յիշատակը վկայուած պարզ մարդոց կողմէ : Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ երկու եկեղեցիներուն առողջ եւ հաստատ արմատներու համար նոյնիսկ եթէ անոնց աճումը ենթարկուեցաւ խոչընդոտներուն:

Ականջալուր ըլլալ Տիրոջ ձայնին

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց որ պէտք է միասին ընթանալ ականջալուր ըլլալով Տիրոջ:
Ան օրինակ բերաւ ինչպէս Տէրը զատկուան օրը առաքեալներուն հետ միասին քալեց դէպի Էմմաուսի ուղիին վրայէն :
Աշակերտները Յիսուսին հետ կը խօսէին իրենց անձկութիւններուն- տարակարծութիւններու եւ իրենց հետ պատահած դէպքերուն մասին: Տէրը համբերութեամբ մտիկ ըրաւ անոնց եւ սրտբաց ուզեց օգնել զատորոշելու եւ հասկնալու համար այդ պատահածները:

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց «Մենք եւս պէտք է միասին ականջալուր ըլլանք տիրոջ, յատկապէս այս վերջին ժամանակաշրջանին, ուր աշխարհի ուղիները կ՝առաջնորդեն ընկերային եւ մշակութային արագընթաց փոփոխութիւններուն:
Ժամանակակից տնտեսական բարեկեցութեան զարգացումէն շատեր նպաստ քաղեցին սակայ շատեր նաեւ զերծ մնացին այդ զարգացումներէն: Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց թէ կարիքը կայ փոխադարձ օգնութեան զերծ մնալով անհատապաշտ, ատելութեան մշակոյթին հրապոյրէն որ մակերեսային եւ անտարբեր իրականութիւն մըն է: 

Ան ընդգծեց թէ դիւրաբեկ կապերը , որ կը կղզիացնէ անձերը, յատուկէն կը վնասէ ընկերութեան հիմնական բջիջին, որ է ընտանիքը: Եւ այս երեւոյթը մեզմէ կը խնդրէ, որ միացնենք մեր ջանքերն ու յոգնութիւնները, դէմ յանդիման գալու մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն- յատուկէն երիտասարդներուն, նմանելով Էմմաւուսի աշակերտներուն, զրուցելով յարուցեալ Յիսուսի հետ՛ որ է յոյսի սիրտը:
Էմմաւուսին առաքեալներուն նման, Յիսուս մեզի կը յայտնուի հացի բեկանումի մէջ: Ան կը հրաւիրէ՝ եղբայրսիրութեան միասնական ծառայութեան ՝ միշտ պատրաստ գտնուելու եւ վերականգնելու՝ ընթանալու համար՝ համագործակցելով եւ աշխուժութեամբ
Ֆրանչիսկոս Պապ այս առնչութեամբ օրինակ թուեց, շատ մը Ռումանացի Օրթոտքոս հասարակութիւններէն որոնք կը գործակցին Արեւմտեան եւրոպայի կաթողիկէ թեմերուն հետ:
Ան նշեց , որ զարգացած է այս փոխադարձ վստահութեան եւ բարեկամական յարաբերութիւնը, որ – սնանուած է հիւրընկալ շօշափելի ժեսթերէ:

Միասին ընթանալ դէպի Նոր Պենտեկոստէ:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ առաքեալներուն համար Սուրբ Զատիկը բնորոշուեցաւ իբրեւ նոր ուղեւորութեան սկիզբ, որուն ընթացքին պակաս չ՝եղան վախերն ու անվստահութիւնները:
Այսպէս պատահեցաւ մինչեւ Պենտեկոստէի օրը, երբ առաքեալները Աստուածամօր շուրջ հաւաքուելով ՝ մէկ հոգիով, հարուստ բազմազանութեամբ, վկայեցին Յարուցեալին ՝ կեանքով ու խօսքով:

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց, Զատիկէն դէպի Պենտեկոստէ ժամանակահատուածին, հաւաքուիլ Աստուածամօր շուրջը եւ հայցել Սուրբ Հոգիէն, որ բոլորս վերանորգէ:
Սուրբ Հոգին գլխաւոր դերակատարն է եղբայրութեան. թող բոլորիս պարգեւէ միասին ընթանալու շնորհքը ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապ եզրափակելով իր աղօթքը, դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով եւ ապահովուելով իր եւ բոլոր կաթողիկէ եկեղեցւոյ աղօթքը բոլորին համար
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2019, 15:52