Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց քահանայապետական պահակագունդի նոր Զուիցերացի զինուորները:

Սրբազան Հայրը ինք անձամբ ամէն օր կը փորձարկէ քահանայապետական պահակագունդի զինուորներուն բարձր արհեստավարժութեամբ եւ սիրով կատարած աշխատանքները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 4 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ ընդունեց քահանայապետական պահակագունդի զինուորագրութեան երդման արարողութեան առիթով, նոր 23 Զուիցերացի զինուորները, որոնց երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 6 մայիսին:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց Զուիցերացի զինուորներուն՝ Պապին եւ եկեղեցւոյ մատուցած անոնց վեհանձն ծառայութեան համար, նկատել տալով որ ինք անձամբ ամէն օր կը փորձարկէ զինուորներու բարձր արհեստավարժութեամբ եւ սիրով կատարած աշխատանքները:

Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք նաեւ զինուորներուն հարազատներուն որոնք վատիկան ժամանած են ներկայ գտնուելու համար իրենց զաւակներու երդման արարողութեան առթիւ կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն, ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ այդ տօները կը զուգադիպին զատկուան տօնական շրջանին, ուր եկեղեցին կը հրաւիրէ հաւատացեալները՝ վերապրելու Յիսուսի Յարութիւնը
«Դառնալով Յարուցեալ Քրիստոսի վկաները, կ՝այժմէականացնենք Զատկուան ուրախութեան աւետումը, կը տարածենք Յարութեան մշակոյթը՝ յատուկէն այն գոյութենական միջավայրերուն մէջ ուր կը տիրապետէ մահուան մշակոյթը:»  ըսաւ Սրբազան Հայրը Ապա նկատելով Քահանայապետական պահակագունդի զինուոներուն որ իրենք եւս իրենց Հռոմ կեցութեան ժամանակ անձնապէս ականատես կ՝ըլլան ժամանակակից վիշտի գերեզմաններուն մէջ գտնուող անձերուն յորդորեց երթալ այդ անձերուն մօտ ու անոնց փոխանցեն մխիթարանքի խօսքեր եւ եղբայրութեան ժեսթեր, որպէսզի Յարուցեալ Քրիստոս համոզուած վկաները դառնան որ ներկայ է եւ կ՝ապրի ամէն ժամանակներուն մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, որ պահակագունդի անդամները Հռոմ կեցութեան ժամանակ վկայեն իրենց հաւատքը՝ ուրախութեամբ որպէսզի մարդիկ դրականէօրէն տպաւորուին  անոնց աշխատաձեւի հոգիէն:
Խնդրեց զինուորներէն, որ Վատիկան Քաղաքի այցելուները՝ զբօսաշրջըկները , աշախատաւորները, քուրիայի անամները, իրենց մէջ բացայայտեն Աստուծոյ սէրը, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի առաքելութինն է» ըսաւ Ան:   Խօսքը եզրափակելով Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց զինուորներուն մատուցած վեհանձն ծառայութեան համար՝ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութիւնը բոլորին համար : Ան ապա իր երախտագիտութեան առաքելական օրհնութիւններ շնորհելով բոլոիրն խնդելով որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2019, 11:58