Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Այո' կեանքին» համագումարի մասնակիցները :

Իւրաքանչիւր մանուկ պարգեւ մըն է, որ կը փոխէ ընտանիքի պատմութիւնը ՝ հօր, մօր, մեծ հայրերու եւ մայրերուն ինչպէս նաեւ եղբայրներուն կեանքը»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 25 մայիսին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ե ունկնդրութիւն շնորհեց, ընտանիքի կեանքի քահանայապետական ժողովի կողմէ կազմակերպուած «Այո' կեանքին» խորագիրը կրող համագումարի մասնակիցները: Համագումարին նիւթն էր հոգ տանիլ դիւրաբեկութեան մէջ գտնուող թանկարժէք կեանքի պարգեւին:

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան հայրը ողջունեց համագումարի կազմակերպիչները, ի մէջ այլոց «Սիրտը մէկ կաթիլի մէջ» հիմնարկի անդամները, որոնք կը հոգան ի ծնէ դիւրաբեկ պայմաններուն մէջ գտնուող մանուկներուն, «մանուկներ, որոնք մնացորդաց մշակոյթի կողմէ շատ անգամ սահմանուած են, իբրեւ անհաշտ կեանքին» ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապա ընդգծեց, ոչ մէկ մարդկային էակ կրնայ անհաշտ նկատուիլ կեանքին՝ ըլլայ տարիքի , ըլլայ առողջապահական եւ ըլլայ գոյութենական որակի հետեւանքով : Իւրաքանչիւր մանուկ պարգեւ մըն է, որ կը փոխէ ընտանիքի պատմութիւնը ՝ հօր, մօր, մեծ հայրերու եւ մայրերուն ինչպէս նաեւ եղբայրներուն կեանքը» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով «Երբ՝ մայր մը կը բացայայտէ, թէ յղի է եւ կը սպասէ մանուկ մը, անոր մէջ անմիջապէս կը ծագի խորին խորհուրդի մը իմաստը: Մօր եւ մանուկի միջեւ անմիջապէս կը հաստատուի խոր երկխօսութիւն, իսկական եւ եռանդուն յարաբերութիւն՝ երկու էակներու միջեւ, որոնք կը հաղորդակցին իրարու միջեւ՝ յղիութեան առաջին վայրկեանէն իսկ : Այս հաղորդութեան կարողութիւնը ոչ միայն կնոջ կը պատկանի այլ յատուկէն մանուկին, որ իր անձնականութեան մէջ նախասահմանուած է պատգամներ յղել ՝ յայտնելու համար իր ներկայութիւնը ու կարիքները իր մօր:

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալէ ետք մօր եւ մանուկին միջեւ սերտ կապին, ակնարկեց արդի գիտութիւններուն, որոնք ի վիճակի են յղիութեան առաջին շաբաթէն իսկ բացայայտել՝ եթէ մօր արգանդի մէջ գտնուող մանուկը հինադ է թէ կամ առողջ:
Ան ընդգծեց թէ բժիշկները անհրաժեշտ է , որ յստակ կերպով ի միտի ունենան, ոչ միայն ամոքումի հեռանկարը, այլ մարդկային կեանքին սրբութեան արժանիքը:
Սրբազան Հայրը շեշտեց ,թէ բժշկական արհեստավարժութիւնը առաքելութիւն մըն է, կեանքի կոչում եւ հրամայական է, որ բժիշկները գիտակից ըլլան, թէ իրենք պարգեւ մըն են, իրենց վստահուած ընտանիքներուն համար:
Բժիշկները, իրենց ուսերուն վրայ կը կրեն ուրիշներուն կեանքերը եւ նախաձեռնող են ցաւերուն դիմաց: Անոնք յանձնառու են միշտ լուծումներ գտնելու, լուծումներ, որոնք կը յարգեն իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի արժանապատուութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով վիժումի մասին ընդգծեց եկեղեցւոյ ուսուցումը, ըստ որուն ՝ մարդկային կեանքը սուրբ եւ անխախտելի է : ըսաւ Ան ապա անհրաժեշտ նկատեց հովուական ծառայութեան գործունէութիւններ, որոնք կը զօրակցին բոլոր անոնց որոնք կ՝ընկալեն հիւանդ զաւակներ: «Պէտք է վայրեր եւ սիրոյ ցանցեր ստեղծել, որոնց զոյգերը կրնան դիմել: Ըսաւ Սրբազան Հայրը ան ապա խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ընտանիքներուն, որոնք ընկալեցին դիւրաբեկ կեանք եւ այժմ կը զօրակցին այլ ընտանիքներուն:
«ձեր սիրոյ վկայութիւնը, պարգեւ մըն է համայն աշխարհին:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը աւարտեց բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2019, 12:14