Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանիսկոս Պապ «աշխարհը փրկել անտարբերութենէն եւ նիւթապաշտութենէն»:

Մեր ապրած ժամանակաշրջանին, շահոյթի եւ վնասի հաշիւները, առ աւելիով նկատի առնուած են քան կեանքերն ու մահերը :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 26 մայիսին, ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունած եւ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհած է Քահանայապետական գիտութիւններու կաճառի նախաձեռնած կլիմային փոփոխութեան նիւթով համագումարին մասնակիցներուն:

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրած է մարդկային արժանապատուութեան եւ նոյնինքն կեանքի ճանաչումի վրայ դիտել տալով որ մեր ապրած ժամանակաշրջանին, շահոյթի եւ վնասի հաշիւները, առ աւելիով նկատի առնուած են քան կեանքերն ու մահերը :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձ կատարած է համաշխարհային երկու համաձայնագիրերուն. միացեալ երկիրներուն կայուն զարգացման եւ Փարիզի կլիմային փոփոխութեան 21 երկիրներուն համաձայնագիրերը, յիշեցնելով այդ համաձայնագիրներուն գործադրման կարեւորութիւնը եւ Միացեալ ազգերուն ֆինանսական կառավարիչներուն պատասխանատուութիւնը, հետապնդելու եւ խրախուսելու , որպէսզի գործադրուին այդ համաձայնագիրերը - դիտել տալով որ աշխարհի բարեկեցութիւնն ու վերապրումը կախեալ են անոնցմէ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրած է վճռակամութեամբ գործել վերջ դնելու համար կենսոլորտի ապականումի յառաջխաղացքը ամենէն շատ այս դարու վերջաւորութեան ան ապա այս ուղղութեամբ քաջալերած է աշխարհի ֆինանսական ղեկավարիչները միացնելու իրենց ծրագիրներն ու ջանքերը մաղթելով որ համագումարի մասնակիցներն իրենց գիտնականներուն եւ ժողովուրդներուն հետ միասին յատուկէն՝ աղքատներուն աշխատին, Փարիզի կլիմայի հայող համաշխարհային համաձայնագիրը ձեռքբերելու համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2019, 09:22