Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆիրէնցէ քաղաքի հիւանդանոցի մը ղեկավարներն ու պատշօնեաները:

«Իննոչէնթի հիւանդանոց պատմութիւններուն վայր մըն ՝ փոքրիկ սակայն հմայիչ պատմութիւններ: Հարիւր հազարաւոր մանուկներուն պատմութիւնները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 24 մայիսին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ անուան դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Ֆիրենցէ քաղաքի Innocenti di Firenze հիւանդանոցի անդամները:

Սրբազան Հայրը ներկաներուն յանձնելէ ետք այս առթիւ պատրաստած  իր գրաւոր ճառը,  անոնց  փոխանցեց իր սրտի խօսքը,  որուն մէջ անդրադարձաւ մանուկներուն մշակոյթին մասին:  Ան յիշելով   Յիսուսի խօսքը « թոյլ տուէք որ մանուկները ինծը գան»  յորդորեց  վերադառնալ մեր մանկութեան ուղիներուն, վերստանալով մանուկի պարզութիւնը,  յատկապէս մանուկներուն հիանալու, անակնալի  մատնուելու  կարողութիւնը  դիտել տալով  որ  մեր Աստուածը անակնկալներուն Աստուածն է եւ սա է որ պէտք ենք սորվիլ:  

 Մինչ հիւանանոցի անդամներուն յաձնած  գրաւոր պատագմին մէջ,  ֆրանչիսկոս Պապ  ողջունեց  հիւանդանոցի ղեկավարներուն եւ աշխատաւորներուն շնորհիւ, 6 դարէ ի մանուկներուն ի նպաստ տարուած աշխատանքները: Ան այա յիշեց 2015ին, Ազգային եկեղեցական 5-րդ համագումարի առթիւ Ֆիրէնցէ կատարած այցելութիւնը եւ այդ համագումարին ընթացքին Ան ակնարկելով Ֆիրնենցէ Քաղաքի գեղեցկութեան, իբրեւ գեղեցկութեան տիպար ներկայացուցած իր ֆիրէնցէի Իննոչենթի հիւանդանոցը, որ դարերուն հոլովոյթին գործած է լքուած մանուկները հիւրընկալելու ի խնդիր, զանոնք հիւանդանոցի հասարակութեան գուրգուրանքի եւ խնամքի տակ առնելով:

Նորին Սրբութիւն յիշեց հիւանդանոցի բարերար Ֆրանչեսքոն Տաթինի որուն նիւթական վաստակին շնորհիւ ծնունդ առած է հիւանդանոցը: Ան ապա յարեց , որ ժամանակից տնտեսական աշխարհի բարոյական եւ ընկերային պատաստխանութինը՝ մեծ արժէք կը ներկայացնէ կառուցելու համար աւելի արդար եւ զօրեղ ընկերութիւն մը:

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց հիւանդանոցի ճարտարապետը՝ Ֆիլիփփօ Պրունելլսքին որ նաեւ գեղեցիկ եկեղեցիներուն ճարտարպետը եղած է ինչպէս՝ աշխարհը հիացնող Santa Maria del Fiore տաճարի գմբէթին ճարտարապետը: Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բարձրօրէն գնահատեց հիւանդանոցի մանուկներու արժանավայել կերպով աճելու հոգ տարած աշխատանքները, անհրաժեշտ եւ հրամայական նկատելով աղքատ, դիւրաբեկ մանուկներուն մեր լաւագոյն շնորհելու ջանքերը: 

«Իննոչէնթի հիւանդանոցը, պատմութիւններուն վայր մըն է- փոքրիկ սակայն հմայիչ պատմութիւններ: Հարիւր հազարաւոր մանուկներուն պատմութիւնները: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ան ապա շեշտեց որ այսօր ոչ մէկ մայր իրենց զաւակները լքելու պայմաններուն մէջ պէտք է գտնուի: Կարիքը կայ կառոյցներու, հիւրընկալութեան ուղիներու- որոնց մէջ մանուկները միշտ պաշտպանուած կը զգան : ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացնելով իբրեւ տիպար Իննոչէթնի հիւանդանոցը, իր դարաւոր եւ հազարաւոր մանուկներուն պատմութեամբ:
ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով հիւանդանոցի ղեկավարներուն, աշխատաւորներուն, առաքելական օրհնութիւնըի շնորհեց բոլորին, խնեդրելով որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2019, 11:30