Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի մօտ կարգ մը երկիրներու նորանշանակ դեսպանները:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադրձաւ աղքատ քաղաքացիներու օգնութեան հասնելու պարտականութեան, ինչպէս նաեւ մարդկային համապարփակ զարգացման կարեւորութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 23 մայիսին, առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական պալատի մէջ  ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց իրենց հաւատարմագիրերու ներկայացումի առիթով Վատիկանի մէջ՝ Թայլնատի, Նորվեկիոյ, Նիւ Զելանտայի, Սիերա Լեոնէի, Կուինէայի, Կուինէ Պիսոյի,  Լուքսամպուրկի, Մոզամպիքոյի եւ Եւթոպիոյ դեսպանները:

Ունկնդրէ լուրը

Ողջունելով դեսպանները, ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց որ իր սիրալիր ողջոյններն ու գնահատանքը փոխանցեն իրենց երկիրներուն կառավարիչներուն , ժողովուրդներուն ապահովեցնելով իր աղօթք անոնց բոլորին:
Սրբազան Պապը ապա ակնարկեց քաղաքական գործիչներուն իրենց ժողովուրդներուն նկատմամբ ստանձնած ծանր պատասխանատուութեան, ընդգծեց դիւրաբեկ եղբայրներուն եւ քոյրերու պաշտպանութեան հրամայականը :
Ան անդրադրձաւ աղքատ քաղաքացիներու օգնութեան հասնելու պարտականութեան, ինչպէս նաեւ մարդկային համապարփակ զարգացման կարեւորութեան:
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց համաշխարհային գետնի վրայ միասնաբար դիմագրաւելիք ծանր եւ խրթին մարտահրաւէրներուն շեշտելով եղբայրութեան կարեւորութիւնը՝ միասնաբար գործելու եւ ապահովուելու խաղաղ եւ հաւասար համակեցութիւն որ լոկ ընկերա-քաղաքական ռազմավարութիւն մը չէ այլ զօրակցութեան տիպար ըսաւ Ան
ապա բարձր արժեւորեց միջազգային ընտանիքի կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը ՝ խաղաղութեան ուղիներ բանալու ինչպէս նաեւ եղբայրական թանկարժէք երկխօսութիւն կատարելու համար :

«Երկխօսութիւն, հանդրժողական մշակոյթ, մարդկային էակներու միջեւ համակեցութիւնը, մեծապէս կը նպաստեն մարդկութիւնը խոցող ՝տնտեսական, ընկերային, կենսոլորտայի հարցերու նուազեցման:»  ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա ապահովեցնելով իր եւ սուրբ Աթոռի բոլոր գրասենեակներուն գործակցութիւնն ու օգնութիւնը Ան շնորհաւորեց դեսպաններուն նոր պաշտօնը շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2019, 11:03