Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց քահանայապետական արտասահմանեան առաքելութիւններու հաստատութեան անդամները:

«Մեր կեանքն ու առաքելութիւնը իմաստ կը ստանայ՝ լոկ Քրիստոսէն, որովհետեւ չկայ իսկական աւետարանում, եթէ չհռչակուին Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի խորհուրդը, ուսուցումը, խոտումներն ու թագաւորութիւնը: »

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 20 մայիսին, կէսօրին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց, «Քահանայապետական արտասահմանեան առաքելութիւնների հաստատութեան , Հռոմի մէջ՝ 28 ապրիլէն – 23 մայիս գումարած տարեկան ընդհանուր նիստի մասնակիցները:

Ունկնդրէ լուրը

Ողջունելով ներկաները Սրբազան Հայրը գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ հիմնուած, վերոնշեալ Քահանայապետական հաստատութեան 170 տարիներու երկար ուղեւորութեան համար:
Ան ապա յիշեց Քահանայապետական հաստատութեան հիմնադիրներէն մին Գերապայծառ Անճելօ Ռամազոթթի, որ ընդառաջելով Պիոս Թ Պապին խնդրանքին, միսիոներական ժողովը ստացաւ միջազգային ծաւալ, նպատակ ունենալով աւետարանի հռչակումը ՝ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու, բոլոր թեմերու եպիսկոպոսներուն համագործակցութեամբ:

Այդ ժամանակահատուածէն ետք, Քահանայապետական ժողովը սկսաւ քահանաներ առաքել ՝ աշխարհին բոլոր վայերուն մէջ: Այնուհետեւ առաքելութեան վայրեր դարձան՝ Ովկիանոսը, Հնդկաստան, Պանկլատէշ, Միանամար, Հոն Քոնկը եւ Չինաստանը: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով «Հողին տակ թաքնուած սերմը, անթիւ պտուղներ տուաւ ՝ նոր հասարակութիւններու, թեմերու՝ ծնած ոչնչութենէն, արտադրեց քահանայական կոչումներ՝ տեղական եկեղեցիներուն ծառայութեան համար:»
Նորին Սրբութիւնը յայտնեց նաւեւ թէ համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, Քահանայապետական միսիոներական առաքելութիւնը տարածուեցաւ այլ երկիրներուն մէջ ՝ Պրազիլ, Միացեալ նահանգներ- Ճափոն Ամազոնեան երկիրներու մէջ:

Այդ Միսիոներական հաստատութենէն ծնունդ առած են սուրբեր եւ մարտիրոսներ, որոնց շարքին՝ Երանելի Ճովաննի Պաթթիսթսա, Սուրբ Ալպերքիք Քրեշեթիլի մարտիրոսները- երանելի Փաուլօ Մաննա:
Նորին Սրբութիւնը ապա մէջբերելով Սուրբ Պօղոս Զ Պապին Քահանայապետական հաստատութեան ուղղած քաջալերանքի կարգ մը խօսքեր նշեց «Մեր կեանքն ու առաքելութիւնը իմաստ կը ստանայ՝ լոկ Քրիստոսէն, որովհետեւ չկայ իսկական աւետարանում, եթէ չհռչակուին Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի խորհուրդը, ուսուցումը, խոտումներն ու թագաւորութիւնը:
Ան դիտել տուաւ , որ աւետարանումը Քահանայապետական միսիոներական հաստութեան ինքնութեան իւրայատուկ կոչումն է եւ այս առաքելութիւնը կը հոսի Աստուծոյ շնորհքէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց նաեւ որ այս տարի կը բոլորուի Պենետիկտոս ԺԵ Պապին Maximum illud առաքելական նամակի 100 ամեակը, որուն առթիւ ինք , հոկտեմբեր ամիսը հռչակած է «առաքելութեան արտակարգ ամիս» նիւթ ունենալով «Մկրտեալներ եւ առաքուողներ» Քրիստոսին եկեղեցին աշխարհի առաքելութեան մէջ, աւելցնելով որ այս ձեռնարկին նպատակն է ժողովուրդներուն առաքելութեան գիտակութիւնը յաւելուածութեամբ խթանել եւ որուն գլխաւոր դերակատարները են Քահանայապետական միսիոնարներուն հաստատութեան անդամները

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քաջալերեց առանց վախի եւ Աստուծոյ վստահելով ձեռքբերել այնպիսի առաքելական որոշումներ, որոնք կարող են ամէն բան փոխակերպել՝ սովորութիւններ, գործելակերպեր, օրակարգեր եւ ամէն եկեղեցական կառոյց զանոնք վերածելով աւետարանումի պատշաճ առիթի՝ ժամանակից ամողջ աշխարհին:

Ան խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն հանդիպումին համար ապա հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւն բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը, խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2019, 12:30