Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը հանքային գործարաններու ներկայացուցիչներուն:

Հասարակաց տան անկայուն պայմանները, մասնաւորապէս արդիւնքն են տնտեսական տիպարի մը, որուն երկար ժամանակի ի վեր կը հետեւինք: Տիպար մը որ հիմնուած է շահոյթի վրայ եւ ունի սահմանափակ հորիզոն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 3 մայիսին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քահանայապետական մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին կողմէ կազմակերպուած « հանրային գործարանները հասարակաց բարիքի ի սպաս» խորագիրով հանդիպումի աւելի քան 60 մասնակիցները:

Այս առթիւ ներկայացուցած ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով մոլորակի մտահոգիչ վիճակին , ընդգծեց բոլորին միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւը՝ արդիւնաւէտ կերպով պատասխանելու համար երկրագունդին եւ աղքատներուն ճիչերուն, ինչպէս ինք հաստատած է Գովեալ ըլլաս իր շրջաբերականին մէջ:

Ան ապա գնահատեց հանքային գործունէութեամբ զբաղող հասարակութիւններուն ներկայացուցիչներուն կլոր սեղանի շուրջ համախմբուիլը նկատելով զայն յառաջդիմութեան ուղիին վրայ յաւելեալ քայլ մը:
«Պէտք է քաջալերել այս երկխօսութիւնը, որպէսզի անիկա օրէնք դառնայ եւ ոչ թէ բացառութիւն: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ
Ան ապա խօսելով հասարակաց տան մասին նկատել տուաւ որ հասարակաց տան անկայուն պայմանները ՝ մասնաւորապէս արդիւնքն են տնտեսական տիպարի մը, որուն երկար ժամանակի ի վեր կը հետեւինք: տիպար մը որ հիմնուած է շահի վրայ եւ ունի սահմանափակ հորիզոն:

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց որ շուկան մինակը կարող չէ երաշխաւորել մարդկային համապարփակ զարգարումը եւ ներառային ընկերութիւնը ինչպէս նաեւ կարող չէ ապահովուել բնապահպանութիւնը՝ հիմնուած շահի եւ վնասի հաշիւներուն վրայ: Կարիքը կայ տնտեսական գործունէութիւններուն տիպարի փոփոխութեան, ի մէջ այլոց հանքային գործունէութիւններուն: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով հանքային գործունէութիւններուն վրայ նշեց
Հանքային գործունէութիւնը նախ եւ առաջ պէտք է մարդկային համայն հասարակութեան ծառայութեան համար ըլլայ : Սա եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումի սիւնն է եւ այս հեռանկարով անհրաժեշտ է տեղական հասարակութիւններուն ներգրաւուածութիւնը՝ հանրային գործունէութիւններուն իւրաքանչիւր ծրագիրներուն հանգրուաններէն ներս:

Անհրաժեշտ է ձեռք բերել տարբեր ընկերային խաւերի միջեւ համընդհանուր համաձայնութիւնը որոնք կարող են տարբեր հեռանկարներ, լուծումներ եւ այլընտրանքներ ներկայացնել ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով Ամազոնեան եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսին ընդգծեց բնիկ հասարակութիւններուն ու անոնց մշակոյթներուն ուշադրութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը, նկատել տալով որ անոնք պարզապէս ուրիշներուն միջեւ փոքրամասնութիւն մը չեն այլ անոնք պէտք են բանակցութիւններուն դերակատարները դառնան յատուկէն ՝ իրենց վայերուն հայող մեծ ծրագիրներուն բանակցութիւններուն մէջ
Երկրորդ հանքային գործունէութիւնը պէտք է ըլլայ մարդկային անձին տրամադրութեան տակ եւ ոչ թէ հակառակը:
Իւրաքանչիւր անձ թանկարժէք է Աստուծոյ աչքերուն դիմաց ու անոնց մարդկային իրաւունքները անխախտելի եւ սուրբ են ՝ անկախ անոնց ընկերային տնտեսական պայմաններէն:
Երրորդ կարեւոր է քաջալերել շրջանակաձեւ տնտեսականութեան մը խթանումը, յատուկէն հանքային գործունէութեան մէջ: պէտք է դատապարտել եւ խուսափիլ մնացորդացի մշակոյթէն : ըսաւ Սրբազան Հայրը Ան ապա եզրափակեց իր խօսքը նկատել տալով որ ամէն ջանք ու պայքար հասարակաց տան պահպանումի ի խնդրի տնտեսական իսկական գործընթացն մըն է որ մեզ մտածել ու գործել կու տայ իբրեւ անդամներ հասարակաց տան մը:

Բոլորս կանչուած են համազուգակցելու՝ իբրեւ գործիքներ Աստուծոյ արարչագործութեան խնամքի համար իւրաքանչիւր անձ իր սեփական մշակոյթով , փորձարութեամբ , կաողութեամբ ու իր ծրագիներով ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա Խօսքը աւարտեց կարեւոր նկատելով սոյն հանքային գործարաններու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը որովհետեւ անոնք կը բանակցին հասարակաց տան ապագային հայող հարցերուն շուրջ չ ինչպէս նաեւ ապագայ սերունդներուն եւ զաւակներուն :
Ֆրանչիսկոս Պապ բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրեց,  որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2019, 13:00