Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մերձաւորին հանդէպ սէրը՝ ամէն տեսակ երկխօսութեան հիմք կը նկատուի»:

Քահանայապետական Biblicum”, համալսարանը հիմնուած է 1909 թուականին Պիոս Ժ Պապին օրով: Այս տարի համալսարանին հիմնադրութեան 110-րդ ամեակն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 9 մայիսին, առաւօտեան Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քահանայապետական Սուրբ Գիրքի համալսարանի «Յիսուս եւ Փարիսեցիները. միջ կրթական վերատեսութիւն» նիւթով գիտաժողովին մասնակիցները, համալսարանի հիմնադրութեան 110 ամեակի առիթով:
Նորին Սրբութիւնը հանդիպումի սկիզբը ողջունեց գիտաժողովին մասնակիցները անոնց յանձնելով գրաւոր պատգամ մը :

Գրաւոր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տուած է , որ 1909 թուականին երբ Պիոս Ժ Պապը Biblicum”, համասլարանը հիմնած է , յանձնարարած է որ Հռոմ քաղաքի մէջ Սուրբ Գրային ուսումնասիրական կեդրոններուն շարքին սուրբ գիրքի սոյն քահանայապետական համալսարանը դառնայ բարձրագոյն կեդրոն մը ՝արդիւնաբեր կերպով նպաստելու համար Սուրբ Գրային վարդապետութեան ու անոր առնչուող ուսումնասիրութիւններուն ՝ հիմնուած Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգիին վրայ աւելցնելով որ այդ ժամանակէ ի վեր Քահանայապետական Սուրբ Գիրքի համասպրանը հաւատարիմ մնացած է իր առաքելութեան, նոյնիսկ դժուար ժամանակներուն, մեծապէս նպաստելով ակադեմիական որոնումներու եւ Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրութիւններուն , աւելի քան 70 երկիրներէ ժամանած աշակերտներուն եւ դասատուներուն համար:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով գիտաժողովին նիւթին՝ որ կը հայի Յիսուսի եւ Փարիսեցիներուն միջեւ յարաբերութիւններուն, ակնարկած է գիտաժողովին նպատակին , որ է Նոր Կտակարանի եւ այլ աղբիւրներուն մէջ քննարկել Փարիսեցիներու պատմութիւնները ինչպէս նաեւ Քրիստոնեաներուն եւ հրէաներուն պատմական մեկնաբանութիւնները:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուած է որ Յիսուս շատ մը հասարակաց մտահոգութիւններուն շուրջ բանակցած է փարիսեցիներուն հետ: Առաքելոց գիրքին մէջ շատ մը փարիսեցիներ՝ Երուսաղէմ քաղաքին մէջ հետեւած են Յիսուսին, սա կը նշանակէ թէ Փարիսեցիներն ու Յիսուս կը կիսէին շատ մը հասարակաց բաներ: գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ Ան ապա ընդհանուր ակնարկ կատարելէ ետք Աւետարանի մէջ գրուած Յիսուսի եւ Փարիսեցիներուն միջեւ հանդիպումներուն, ընդգծած է մերձաւորին հանդէպ սիրոյ կարեւորութիւնը ու այդ սէրը կարեւոր հիմք նկատելով որեւէ երկխօսութեան՝ յատկապէս այսօրուան Քրիստոնեաներու եւ հրէաներուն միջեւ :
«Մեզի մօտիկ գտնուող մարդոց լաւ սիրելու համար պէտք անոնց լաւ ճանչնանք եւ յաղթահարել հին նախապաշարումները գրած ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով «ուսումնասիրութիւններն եւ բացուած նոր ուղիները դրականօրէն պիտի նպաստեն Հրէաներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ յարաբերութիւններուն, ի տես առ աւելի խորունկ եւ եղբայրական երկխօսութեան: » ֆրանչիսկոս Պապ գրաւոր պատգամը աւարտած է փոխանցելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2019, 10:19