Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ֆութպոլը զոր կը սիրենք» խորագիրով հանդիպումի մասնակիցները:

«Գնդակի մը ետին միշտ կայ պատանի մը՝ ներշնչումներով , երազներով ինչպէս նաեւ մարմնով եւ հոգիով պատանի մը» :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 24 մայիսին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ ունկնդրութիւն շնորհեց , La Gazzetta dello Sport" իտալական մարզական օրաթերթին ու Իտալական Ֆութպոլի դաշնութեան կողմէ կազմակերպուած, «Ֆութպոլը զոր կը սիրենք» խորագիրով հանդիպումի մասնակիցները:

Սրբազան Հայրը ներկաներուն յղած ողջոյնի խօսքին սկիզբը յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոյի խօսքերէն հատուած մը՝ հայող Ֆութպոլի խաղի գնդակին: « Գնդակի մը ետին միշտ կայ պատանի մը ՝ ներշնչումներով , երազներով ինչպէս նաեւ մարմնով եւ հոգիով պատանի մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ մարզական գործունէութեան մէջ, ոչ միայն ներգրաւուած են , մկանները , այլ պատանիի մը ամբողջ անձնաւորութիւնը. Իր բոլոր ծաւալներով նոյնիսկ ամէնէն խորին: ըսաւ Ան աւեցնելով մարզանքը բարեպատեհ մեծ առիթ է սորվելու ՝ մեր լաւագոյնը տալու՝ զոհողութեամբ եւ յանձնառութեամբ, սակայն ոչ միայնակ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա անդրադարձաւ Ֆութպոլի խաղին, որ խմբային խաղ մըն է նշելով, թէ գնդակը միջոց մըն է, իսկական անձերը հրաւիրելու՝ բարեկամութիւն կիսելու եւ վերագտնելու վայրի մը մէջ, դէմ առ դէմ մրցaկելով , ամէն մէկը իր անձնական կարողութիւնները փորձարկելով ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով որ Ֆութպոլին խմբային խաղին մէջ, կարելիէ չէ առանցին զուարճանալ, ընդգծելով որ շատեր Ֆութպոլի խաղը կը նկատեն աշխարհի ամենէն գեղեցիկ խաղը, որուն ընթացքին մենք մեզ երջանիկ կը զգանք, որովհետեւ կ՝արտայայտենք մեր ազատութիւնը, ուրախութեամբ կը մրցակցինք, կ՝ապրինք անշահախնդիր ժամանակահատուած մը, պարզապէս որովհետեւ մեզի հաճելի է այդ խաղաղը եւ կը հետապնդենք երազ մը, որ անպատճառ ախոյեան դառնալ չէ:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց մարզիկներուն ծնողները, որ իրենց զաւակներուն փոխանցեն անշահախնդրութեան եւ ընկերային մտայնութիւն մը, զանոնք քաջալերելով որ յարատեւեն դժուար պահերուն մէջ յատուկէն պարտութեան ժամանակ:

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց որ մարզիչներն ու մարզիկները միշտ ուրախ ըլլան մաղթելով որ անոնք միշտ երախտագիտութեամբ նային զոհողութիւններով, նուաճումներով, պարտութիւններով նշուած իրենց պատմութեան : Ան շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը խնդեց որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2019, 13:39