Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Պայքարիլ անօթութեան դէմ կը նշանակէ պայքարիլ մսխումի դէմ:»

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորեց Եւրոպական պարէնամթերքի դրամատուներուն Իտալական մասնաճիւղի հիմնադրութեան 30-րդ տարեդարձը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 18 մայիսին, Վատիկանի մէջ ընդունեց «Եւրոպական պարէնամթերքի դրամատուներ » դաշնութեան անդամները, դաշնութեան իտալական մասնաճիւղի հիմնադրութեան 30-րդ տարեդարձի առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ներկաները շնորհաւորեց դաշնութեան Իտալական մասնաճիւղի 30-րդ տարեդարձը: Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական յիշեալ դաշնութեան անօթիներուն կերակուր հայթայթելու իրենց կատարած աշխատանքներուն համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ դաշնութեան անդամներուն մէջ ինք ականատես կ՝ըլլայ անշահախնդիր յանձնարարութեամբ բազմաթիւ անձերու, որոնք լռութեան մէջ կը գործեն եւ անթիւ բարիքներ կը կատարեն:
Ան ապա գնահատեց դաշնութեան գործունէութիւնները, դիտել տալով որ այդ գործերը կը կայանան, մսխումէ յառաջացած կերակուրներ հաւաքելու եւ զանոնք լաւագոյն ձեւով օգտագործելու մէջ, աշխատանք  մը, որ կը նմանի ծառի մը,  որ ապականած օդ կը շնչէ ապա թթուածին կ՝արտադրէ:

Անօթութեան դէպ պայքարիլ կը նշանակէ մսխումի դէմ պայքարիլ: Ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով,  որ մսխում  մնացորդացին ամենէն տաժանելի արտայայտութիւնն է:  Ան ապա յիշեց Յիսուսի հացերու բազմապատկումի հրաշքը:
Յիսուս ամբոխին հաց բաժնելէ ետք, խնդրեց որ հացի մնացածը հաւաքեն եւ զանոնք դարձեալ բաշխեն՝ մսխում չկատարելու համար:
Կերակուրի մսխումը համազօր է անձերու մսխումի: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտելով, որ ուտելիքի մսխումը մեծ գայթակղութիւն մըն է, քէշ սովորութիւն, որ դիւրինութեամբ կը տարածուի ամենուրէք,  նոյնիսկ բարեսիրական կազմակերպութիւններէն ներս:

Ֆրանչիսոս Պապ հուսկ ակնարկելով ժամանակից աշխարհի տնտեսական համակարգին, նշեց որ ինք շատ կը փափաքի տնտեսականութիւն մը, որ կը նմանի հոգի ունեցող մարդու եւ ոչ թէ մեքենայի մը որ մարդիկ կը ճզմէ:
Ան ապա նշեց որ այսօր, շատեր զուրկ են աշխատանքէ, արժանապատուութենէ, յոյսէ մինչ՝ անդին կան շատեր , ընկճուած տմարդկային արտադրանքներուն կշռոյթէն եւ որոնք զեռոյի կը վերածեն մարդկային յարաբերութիւնները եւ բացասական կերպով կ՝ազդեն ընտանիքին եւ անձի կեանքի վրայ:

Տնտեսականութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ծնած է տան հոգ տանելու համար: Ան յորդորեց որ հիւանդ տնտեսական միջավայրին մը մէջ պէտք է բոլորս բարիքի համար գործենք : Պէտք է զօրակիցլ բոլոր անոնց, որոնք կը նպաստեն այն զարգացումի տիպարներուն, որոնք հիմնուած են ընկերային հաւասարութեան, անհատներու, ընտանիքներուն արժանապատուութեան,  երիտասարդներու ապագային եւ կենսոլորտի յարգանքի վրայ: Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով, որ մսխումը  չի կրնար ըլլալ, քիչ հարուստներու ժառանգութենէն մնացած վերջին խօսքը,  մինչ՝ անդին  մարդկութեան մեծամասնութիւնը լուռ է:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց դարձեալ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով դաշնութեան անդամներուն քաջալերելով զանոնք յառաջ երթալու եւ ներգրաւել երիսատարդները, որպէսզի այս վերջինները եւս գործեն բարիքի զարգացման ի սպաս՝ ի շահ բոլորին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2019, 11:27