Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական մարզական կեդրոնի անդամները

Մրցումներուն մէջ հակառակորդի դէմ պայքարը՝ հանդիպում է եւ ոչ թէ բախում:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իտալական մարզական կեդրոնի հիմնադրութեան 75 ամեակի առթիւ, շաբաթ, 11 մայիսին, կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց յիշեալ կեդրոնի աւելի քան 400 անդամներ:
Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց մարզական կեդրոնի հիմնադրութեան 75-րդ տարեդարձը, ապա անդրադարձաւ կեդրոնի նախաձեռնած բազմաթիւ մարզական ծրագիրներուն՝ ուղղուած բոլոր երիտասարդներուն եւ ամէն տարիքի մարդոց :

Ան բարձր արժեւորեց Իտալական կեդրոնին մարզական եւ մրցակցական բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք կը նպաստեն առողջ եւ դրական ապրելակերպին հոլովոյթին՝ հիմք ունենալով անհատին եւ ընկերութեան քրիստոնէական տեսլականը:
Նորին Սրբութիւնը նշեց մարզանքը փաստօրէն մեծ դպրոց մըն է պայմանաւ, որ ան ապրուած ըլլայ ինքնակառավարման եւ ուրիշներուն յարգանքի մէջ  եւ մարզել՝ պարտութիւններու ընդունման:

Մարզական խաղերն ու մրցումները սահմանող կանոններն ու կարգապահութիւնը էական են միասնաբար ապրելու ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով որ երջանակութիւն կը գտնենք  երբ՝ հաւատարմութեամբ կը հետապնդենք մեր սեփական նպատակները:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ մարզանքի աշխարհը նպաստաւոր հետեւանքներ կ՝ունենան ՝ ըլլայ անձին,  ըլլայ ընկերութեան վրայ, երբ անոնք ապրուած են իբր եղբայրութեան եւ աճումի առիթ:

Ան ապա իր ճառին մէջ ակնարկեց նաեւ Իտալական մարզական կեդրոնի սահմանադրութեան նպատակներուն, որ է վկայել մարզանքի արժանիքը իբրեւ միջոց ՝ հիւրընկալութեան, առողջապահութեան, հաւասարութեան, բնապահպանութեան զարգացման: ըսաւ Ան աւելցնելով որ այս բոլորը կարելի է իրականացնել բարելաւելով մարդոց կեանքը,  նպաստելով երկխօսութեան մշակոյթին եւ փոխ ճանաչումին:

«Մրցումներուն մէջ հակառակորդի դէմ պայքարը, հանդիպում է ոչ թէ բախում ,  ըսաւ Սրբազան  Հայրը , աւեցնելով « սա է աշխարհը զոր կ՝երազենք՝ հակառակորդին մէջ տեսնել նաեւ բարեկամ մը,  եղբայր մը: Սա է քրիստոնէական մարդու տեսլականի սիրտը. որ է նաեւ իտալական մարզական կեդրոնի գործունէութիւններուն հիմքը:»

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց որ այդ նոյն հոգիով կեդրոնի անդամները ապրին ու գործեն իրենց ժողովրդապետութիւններէն ներս, պահպանելով ստացուած հաւատքի պարգեւը,  որ է կեանքի ամէնէն թանկարժէք բարիքը:

Քաջալերեց յոյսի կրողներ ըլլան իրենց ապրած ու գործած միջավայրերուն մէջ եւ միշտ մօտիկ կանգնին տկարներուն,  հաշմանդամներուն,  զանոնք մասնակից դարձնելով մարզական բոլոր գործունէութիւններէն ներս,  որպէսզի ինքզինքին բացառուած չզգան:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը մաղթելով կեդրոնի անդամներուն, որ իրենց ընկերակցութեան կեանքը ուրախութեամբ ապրին եւ իրենք եւս դառնան առաքեալներ՝ սփռելով ուրախութիւն զիրենք շրջապատող բարեկամներուն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2019, 12:00