Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պուլկարիայէն եւ Հիւսիսային Մակեդոնիայէն ժամանած երկու պատուիրակութիւններ:

«Հիւսիսային Մակեդոնիոյ ժողովուրդը պատմականօրէն՝ դէպի Եւրոպա Քրիստոնէութեան մուտքի դուռն է» :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 24 մայիսին, ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Պուլկարիայէն եւ Հիւսիսային Մակեդոնիայէն ժամանած երկու պատուիրակութիւններ: Այս մասին հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն ՝ Տիար Ալեստանտրօ Ճիզոթթին, հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը: :

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ Պուլկարացի պատուիրակութեան մաս կազմող անդամներուն շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին շնորհաւորեց Կիւրեղ եւ Մեթոտիսո երկու սուրբերու տօնը ապա անդրադարձաւ Պուլկարիա կատարած այցելութեան, դիտել տալով որ ինք շատ տպաւորուած մնաց Պուլկարացի տարեցներով,  երկրի անոնց  հանդէպ ունեցած յատուկ հոգատարութեանով:
Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ Պուլկարիոյ մէջ տարեցներուն հանդէպ մեծ յարգանքը-  աւանդութեան մեծարումի նշան է, որ չնկատուիր «մոխիրներուն պահպանում այլ կրակի պաշտպանութիւնը» : Ան ապա իր յուզմունքով արտայայտուեցաւ  Ռաքովքի քաղաքի մէջ 245 մանուկներուն առաջին Սուրբ հաղորդութեան ի տես:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ողջունելով Պուլկարացի Մեթրոպոլիտը իր մեծապէս գնահատեց Պատրիարք Նէոֆիթի անձը, նկատելով զայն հաւատքի, հեզութեան մարդ :

Սրբազան Քահանայապետ ապա ընդունելով Հիւսիսային Մակեդոնիայէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մէջ՝ ըլլայ Քաղաքական իշխանութիւններուն ըլլայ ժողովուրդի կողմէ գտած ջերմ ընդունելութեան համար , յատուկէն յիշելով Սքոփժէ քաղաքի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը եւ Քալքութայի Մայր թերեզայի յուշահամալիրի այցելութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ ինք մեծապէս տպաւորուած է Հիւսիային մակեդոնիոյ տարբեր կրօններուն երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումով նկատելով զայն եղբայրութեան կարեւոր նշան:
«Հիւսիսային Մակեդոնիոյ ժողովուրդը պատմականօրէն՝ դէպի Եւրոպա Քրիստոնէութեան մուտքի դուռն է»  ըսաւ Սրբազան Հայրը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2019, 14:39