Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը Իտալիոյ եպիսկոպոսներուն տարեկան ընդհանուր նիտի ընթացքին:

Եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու միջեւ յարաբերութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ սիրոյ վրայ՝ Քրիստոսի խաչին վրայ վկայած սիրոյ վրայ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 20 մայիսին, ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ Իտալիոյ եպիսկոպոսներուն 73-րդ տարեկան ընդհանուր նիստին:

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը ողջունելով եպիսկոպոսները շնորհակալութիւն յայտնեց,  եկեղեցւոյ առաքելութեան ի սպաս անոնց ամէնօրեայ թափած ջանքերուն համար, դիմագրաւելով Իտալիոյ եկեղեցւոյ ժամանակակից եւ ապագայի հայող ծանր հարցեր,  սկսեալ եպիսկոպոսներուն եւ հաւատացեալներուն միջեւ յարաբերութիւններէն:

Նորին Սրբութիւնը իր  խօսքը կեդրոնացուց հաւաքականութեան եւ սինոդականութեան կարեւորութեան վրայ, նկատելով ՝ առողջ եկեկեցւոյ համար կարեւորագոյն կէտեր: Ակնարկելով եպիսկոպոսներու սինոդականութեան, Ան յորդորեց ներգրաւել թեմերը, ժողովրդապետութիւններն ու աշխարականները:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ նաեւ Սուրբ Պսակի խորհուրդի իրաւական բարեփոխումներու մասին շեշտելով ամուսնալուծման իրաւական սահուն գործընթացին անհրաժեշտութիւնը :

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն միջեւ յարաբերութեան, յորդորելով եպիսկոպոսները խուսափիլ խտրականութիւն եւ նախասիրութիւններ կատարելէ,  դիտել տալով որ եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն միջեւ յարաբերութիւնները պէտք են հիմնուիլ սիրոյ վրայ,  որուն մասին Քրիստոս վկայեց խաչին վրայ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2019, 10:13