Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ընկերային գիտութիւններու կաճարին տարեկան ընդհանուր նիստի մասնակիցները:

Իւրաքանչիւր անձ անդամ է մարդկութեան եւ ունի միեւնոյն արժանապատուութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 2 մայիսին, կէսօրին, ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճէն ներս ընդունեց Քահանայապետական ընկերային գիտութիւններու կաճառին տարեկան ընդհանուր ժողովի աւելի քան 50 մասնակիցները:
Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց վերոնշեալ կաճառին այս տարուան ժողովին նիւթին վրայ, որ կը հայի ժամանակից աշխարհը յուզող հարցերուն, ինչպէս գաղթականութեան առնչուող հարցեր:

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտելով հասարակաց բարիքի ի սպաս ազգերու, պետութիւններուն ներդրումը, անդրադարձաւ ինչպէս ինք հաստատած է Գովեալ ըլլաս շրջաբերականին մէջ, համաշխարհային նկարագիր ունեցող մարտահրաւէրներուն, որոնց համար համայն մարդկութիւնը կանչուած է դիմագրաւելու. համապարփակ զարգացում, աշխարհի խաղաղութիւն, հասարակաց տան խնամքը, մարդավաճառութեան երեւոյթները հասարակաց բարիքի պաշտպանութիւնն  ու  ստրկութեան նոր ձեւեր:

Ան ընդգծեց թէ եկեղեցին միշտ յորդորած է պետութիւնները,  սիրել ժողովուրդն ու  ազգը,  յարգել մշակութային սեփական հարստութիւններն ու աւանդութիւնները:  Սակայն եկեղեցին միեւնոյն ժամանակ մերժած է այն անձերը, ժողովուրդները, պետութիւնները՝ երբ անոնք իրենց աւանդութիւններուն սերտ կապուածութեան պատճառաւ ազգապաշտ դառնալով պատնէշներ կը կառուցեն եւ այլատեացութեան կը դիմեն: 

Նորին Սրբութիւն յարեց թէ եկեղեցին մտահոգութեամբ կը հետեւի աշխարհի մէջ կարգ մը երկիրներուն մէջ օտարներուն, գաղթականներուն հանդէպ վայրագ արարքներուն:
Ան շեշտեց թէ պետութիւնը եղած է անձին ծառայութեան համար, եղած է անձերուն, բնական խմբաւորումներուն, ինչպէս ընտանիքին, մշակութային խմբաւորումներուն ծառայելու: Պետութիւնը եղած է հասարակաց բարիքին համար եւ խաղաղութիւն կերտելու:
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ որ իւրաքանչիւր անձ անդամ է մարդկութեան եւ ունի միեւնոյն արժանապատուութիւնը: Երբ անձ մը կամ ընտանիք մը ստիպուած է իր երկիրը ձգելու ան պէտք է մարդկայնութեամբ ընկալուին :

Գաղթականներուն հանդէպ մեր պարտականութիւնները կ՝ամփոփուին չորս բառերու մէջ . հիւրընկալել, պաշտպանել, զարգացնել եւ ընդելուզել: Գաղթականը մշակոյթի մը, ազգի մը, աւանդութիւններուն դէմ սպառնանք չէ Գաղթականը ինք եւս ունի պարտականութիւն մը այն է ընդելուզուիլ զինք ընկալող երկրին մէջ: Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով հանրային իշխանութեան պարտականութիւնն է պաշտպանել եւ խոհեմութեան առաքինութեանբ օրինականացնել գաղթականներուն հոսքը, ինչպէս նաեւ խթանել հիւրընկալութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ կարգ մը երկիրներուն մէջ ազգապաշտական հարցերուն, պետութիւններ որոնք կը հրահրեն իրենց երկիրներուն մէջ այլ երկիրներու դէմ ազգապաշտական զգացումներ:
Ան ընդգծեց համաշխարհային հասարակաց բարիքներու պաշտպանութիւնը, որուն կանչուած են իրենց դերը կատարելու իւրաքանչիւր ազգ ու երկիր:
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց ժամանակակից կլիմային փոփոխութեան հարցը, նոր ստրկութեան ձեւերը, խաղաղութեան առնչուող հարցեր : Անդրադարձաւ կարգ մը երկիրներու մէջ հիւլէական զէնքի ապազինման հարցերուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ներկաները շարունակելու որոնել գործընթացներ, յաղթահարելու համար ազգերու բաժանումներն եւ առաջարկելու համագործակցութեան ուղիներ, յատուկէն կլիմային փոփոխութեան հայող մարտահրաւէրներուն , ստրկութեան նոր ձեւերուն ինչպէս նաեւ ընկերային հարցերուն:
Ան շեշտեց որ Պետութիւնները իրենց ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան յատկանիշներու պահպանումով հանդերձ, կանչուած են սեւեռելու իրենց ժողովուրդին հասարակաց բարիքին : անոնց պատկանութիւնն է մասնակից դառնալ մարդկութեան հասարակաց բարիքի կառուցման, որ տիեզերական բարիք մըն է :

Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց իր խօսքը խնդրելով քահանայապետական ընկերային գիտութիւններու կաճառի բարեկամներէ համագործակցիլ տարածելու համար , մարդկային արժանապատուութեան յարգանքի - հասարակաց բարիքի- մոլորակի հանդէպ յարգանքի եւ խաղաղութեան գերագոյն բարիքին , միջազգային զօրակցութեան գիտակցութիւնը:
Ան ապա շնորհելով բոլորին իր առաքել կան օգնութիւնները խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2019, 12:40