Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը  Միաբանութիւններու Ընդհանուր Մեծաւորուհիներու միջազգային միութեան անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Միաբանութիւններու Ընդհանուր Մեծաւորուհիներու միջազգային միութեան անդամներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Նուիրեալ կեանքը նման է ջուրին, երբ լճացած է գարշահոտ կը դառնայ»։

Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց «անխոնջ կերպով աշխատիլ՝ արշալոյսի ժամանումը աւետող պահակներ դառնալու համար»,

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ուրբաթ 10 մայիս 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց  Միաբանութիւններու Ընդհանուր Մեծաւորուհիներու միջազգային միութեան անդամներուն, անոնց գումարած տարեկան լիակատար նիստին առթիւ։

Հանդիպումին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը՝ ունկնդրութեան հայող Սպաներէն լեզուով պատրաստուած գրաւոր ճառը յանձնեց ներկաներուն, նախընտրելով անոնց ուղղել սրտաբուխ խօսք մը ու պատասխանել իրեն  ուղղուած մի քանի հարցումներուն որոնք ընդգրկեցին ՝ չարաշահումներու հարցը, իգական սարկաւագութիւնը, Եկեղեցւոյ մէջ կնոջ դերակատարութիւնը ու Հարաւային Սուտան կատարելիք հաւանական  ճամբորդութիւն մը։

«Չարաշահումներու հարցը մէկ օրուան մէջ կարելի չէ լուծել»  հաստատեց Սրբազան Պապը նշելով թէ «այդ հարցը կը լուծուի երբ բոլորս ամօթ կը զգանք» ու մատնանշելով երէկ լոյս տեսած փաստաթուղթին որ յաւելեալ քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ։

Սրբազան Պապը խօսեցաւ նաեւ իշխանութեան չարաշահումի մասին ու յատկապէս կրօնաւորուհիներուն դէմ բանեցուած այդ չարաշահումին։ Կրօնաւորուհիները կղերականին սպասաւորները չեն, ըսաւ Ան,  անոնք ունին ծառայական առաքելութիւն մը որ պէտք չէ «սպասաւորի» բնոյթ ունենայ։

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ կրօնաւորուհիներուն դէմ գործադրուած սեռային չարաշահումներուն մասին եւս յորդորելով վճռակամ պայքարիլ անոր դէմ։

Հաստատելով որ «Եկեղեցին իգական է» Սրբազան Քահանայապետը յիշեց թէ ուսումնասիրութեան մէջ է ՝ կին սարկաւագներ ունենալու հարցը ու այս ուղղութեամբ դիտել տուաւ որ  «Եկեղեցին Յիսուսին հարսն է»  ու սխալ է Եկեղեցւոյ մէջ  մայրապետները ներգրաւուել միայն գործունակ գետնի վրայ։

Պատասխանելով հուսկ իրեն ուղղուած մէկ հարցումին Քահանայապետը հաստատեց թէ կարելիութիւնը կայ որ ինք այս տարի այցելէ Հարաւային Սուտանը՝ Մոզամպիք, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուս կատարած առաքելական ճամբորդութեան առթիւ։

Մինչ յանձնած գրաւոր Ճառին մէջ Սրբազան Պապը  անդրադարձ կատարելով  «կրօնաւորական կեանքի»  ապրած «դժուար ու նուրբ պահին», յատկապէս կոչումներու նուազումին պատճառաւ, խրախուսած է կրօնաւորուհիները  «չի վախնալ  փոքրաթիւ ըլլալէն, այլ վախնալ աննշանակ ըլլալէն, ու դադրելէ լոյս հանդիսանալ՝ պատմութեան մթութեան մէջ ընկղմուածներուն համար»։

Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց  «անխոնջ կերպով աշխատիլ՝ արշալոյսի ժամանումը աւետող պահակներ դառնալու համար», որովհետեւ «բազմաթիւ են այն անձերը որոնք ձեզ կը սպասեն ու կը կարօտին ձեր ժպիտին, ձեր ձեռքերուն, ու ձեր յոյս ներշնչող խօսքերուն, ինչպէս նաեւ ձեր սիրոյն որ նման է Յիսուսին սիրոյն, որ կը խնամէ՝ միակութեան, մերժումի ու բացառումի վէրքերը» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ  «Նուիրեալ կեանքը նման է ջուրին, երբ լճացած է գարշահոտ կը դառնայ»։

Քահանայապետը  շեշտը դրաւ նաեւ հասարակական կեանքի մէջ ապրուած եղբայրութեան վրայ, որ՝ «հիմնական է կրօնաւորական կեանքին համար»։ Ան  գնահատեց եւ կարեւորեց կրօնաւորական հաստատութիւններու բազմամշակութային բնոյթը ու անորմէ յառաջացած հարստութիւնը,  մտահոգութիւն յայտնելով որ շատ անգամ այս երեւոյթը պէտք եղածին պէս չէ արժեւորուած։   

Նորին Սրբութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ ի տես  միջ-սերունդային բախումներուն, երբ՝ «երիտասարդներ չեն կարող իրականացնել տարեցներուն երազները ու զանոնք պտղաբեր դարձնելու ու տարեցները չեն կարող ընդունիլ երիտասարդներուն մարգարէութիւնները։ «Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս հաստատել թէ երիտասարդները արաք կը վազեն, սակայն տարեցները լաւապէս կը ճանչնան ճանապարհը ու հասարակութեան մը մէջ հարկաւոր է տարեցներուն իմաստութիւնը ու երիտասարդներուն ուժն ու ներշնչումը» յիշեց Քահանայապետը։

Գրաւոր ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն  յայտնեց  ներկաներուն  անոնց «արուարձաններուն» մէջ կատարած առաքելութեան համար. կրթութեան, առողջապահութեան, հովուական աշխատանքի արուարձանները…ու միեւնոյն ժամանակ  խրախուսեց  զարգացնել Քրիստոսի ու մարդկութեան նկատմամբ սէրն ու գորովը։ «Առանց այս սիրոյն, կրօնաւորական ու նուիրեալ կեանքին համար ապագայ չկայ» դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը որ  կարեւոր նկատեց նաեւ աշխարհականներուն ներգրաւումը, տեղական  հովիւներուն հետ համագործակցութիւնը, կազմաւորումն ու զատորոշումը, ու  թելադրեց՝ «նոյնիսկ ապրուած դժուարութիւններուն մէջ նուիրումը ապրիլ ուրախութեամբ», «որովհետեւ այս է կոչումին մասնագիտական լաւագոյն քարոզչութիւնը»։

Ունկնդրութիւնը վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին բոլոր ներկաներուն շնորհած առաքելական օրհնութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2019, 13:27