«Ափրիկեան Առաքելութիւններու ընկերութեան» անդամները  Քահանայապետին մօտ։ «Ափրիկեան Առաքելութիւններու ընկերութեան» անդամները Քահանայապետին մօտ։  

«Ափրիկեան Առաքելութիւններու ընկերութեան» անդամները Քահանայապետին մօտ։

Այս հանդիպումը ինծի առիթ կ՛ընծայէ գոհութիւն մատուցելու Տիրոջ Ափրիկէի մէջ ձեր յառաջ տարած աւետարանումի մեծ աշխատանքին համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 17 մայիս 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան 11-ին, առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Ափրիկեան Առաքելութիւններու ընկերութեան» անդամներուն որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց տարեկան լիագումար հաւաքին առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս հանդիպումը ինծի առիթ կ՛ընծայէ գոհութիւն մատուցելու Տիրոջ Ափրիկէի մէջ ձեր յառաջ տարած աւետարանումի մեծ աշխատանքին համար, յատկապէս հեռու ապրող գիւղական հասարակութիւններուն մօտ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին սկիզբը, ուրախութիւն յայտնելով նաեւ անոնց աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ ափրիկեան ծագում ունեցող բնակչութեան ի նպաստ զարգացուցած մօտիկութեան եւ աջակցութեան նոր ձեւերուն համար։

Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ապա անոնց առաքելական նուիրական հոգիին համար, որ, ըսաւ Ան, «ձեզ կը մղէ դուրս ելլելու եւ բոլորին նուիրելու Յիսուս Քրիստոսի կեանքը, շատ անգամ վտանգելով նաեւ ձեր կեանքը», այս ծիրէն ներս մատնանշելով մի քանի ամիսներ առաջ Նիճերի մէջ առեւանգուած Հայր Փիերլուիճի Մաքքալլիին «որուն համար կը հաւաստիացնեմ Սուրբ Աթոռին մտահոգութիւնն ու ուշադրութիւնը ու կը միանամ ձեր աղօթքին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որ ակնարկեց ապա ընտանեկան բնոյթ ունեցող կրօնաւորական հասարակութիւններուն ու քաջալերեց անոնց միջեւ համագործակցութիւնն ու գործակցութիւնը նաեւ այլ կրօններու եւ հաստատութիւններու հետ, ի նպաստ մանուկներու եւ դիւրաբեկ անձերու ծառայութեան, միշտ հանդիսանալով երկխօսութեան եւ հանդիպումի սպասաւորներ, «որոնք հոգ կը տանին փոքրերուն եւ աղքատներուն, խթանելով իսկական մարդկային եղբայրութիւն մը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսելով ներկաները հաւատարիմ մնալու նաեւ իրենց արմատներուն ու Յարուցեալ Քրիստոսը վկայելու միացնող սիրոյ միջոցաւ, ու այս ընել Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութեամբ, ապրելով խորհուրդները ու ծառայելով եղբայրներուն, առանց զանց ընելու հայեցողական կեանքի հոգին։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց բոլոր ներկաները յարատեւելու «Ափրիկեան Առաքելութիւններու ընկերութեան» ընթացք առած ուղիին վրայ, եւ Սուրբ Հոգիին ունկնդրութեամբ վախ չունենալու որոնելու նոր ուղիներ՝ հռչակելու համար որ՝ «Աստուած միշտ նորութիւն է, ու մեզ կը մղէ մշտապէս վերսկսելու ու տեղ փոխելու, ընթանալով դէպի արուարձանները»։

«Այս յոյսով է որ ձեր ընտանիքը կը յանձնեմ Սուրբ Կոյսի հովանիին,  Անորմէ խնդրելով որ աջակցի ձեր բոլորին ջանքերուն։ Ձեզ կ՛օրհնեմ եւ կ՛աղօթեմ ձեզի համար, ու կը խնդրեմ որ դուք ալ չի մոռնաք աղօթելու ինծի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2019, 11:17