Որոնել

Քաշայի Սրբուհի Ռիթա Քաշայի Սրբուհի Ռիթա 

«Կիներ՝ Սրբուհի Ռիթայի օրինակով կարող եղէք սիրելու» Ֆրանչիսկոս Պապ։

22 Մայիսին կը յիշատակուի՝անկարելի դատերու պաշտպան՝ Քաշայի Սրբուհի Ռիթայի տօնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 22 մայիս 2019-ի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած ընդհանուր ունկնդրութեան աւատին զանազան լեզուներով ողջունելով հրապարակ ժամանած իտալացի եւ օտարազգի պատկան ուխտաւորները, յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն,  տարեցներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն։

Ունկնդրէ լուրը

«Քաշայի Սրբուհի Ռիթան, որուն ծիսական տօնը կը նշուի այսօր, եղաւ իր ժամանակուայ կին, հարս, մայր, այրի եւ կրօնաւորուհի։ Թող որ այսօրուայ կիները, անոր օրինակին հետեւելով, կարողանան ցոլացնել անոր կեանքի նոյն խանդավառութիւնը ու միեւնոյն ատեն ունենան անոր սիրոյ կարողութիւնը զոր ան անվերապահօրէն ցուցաբերեց  բոլորին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2019, 10:16