Առաջին սուրբ հաղորդութեան պատարագ Առաջին սուրբ հաղորդութեան պատարագ 

Պուլկարիայի Ռաքովսքի քաղաքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը նախագահեց առաջին սուրբ հաղորդութեան պատարագին։

«Մեր անձնաթուղթը այս է. Աստուած մեր Հայրն է, Յիսուս մեր եղբայրն է, Եկեղեցին մեր ընտանիքն է, մենք եղբայրներ ենք ու մեր օրէնքը սէրն է»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պուլկարիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ճամբորդութեան երկրորդ օրը՝ երկուշաբթի 6 մայիսին փոխադրուեցաւ Փլովտիվ ու Փլովտիվէն 25 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ռաքովսքիի շրջանի Յիսուս Սուրբ Սիրտ անուամբ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց առաջին սուրբ հաղորդութեան պատարագը որուն առթիւ 245 մանուկներ ընդունեցան առաջին հաղորդութիւնը։

Նշենք թէ Ռաքովսքի քաղաքը կը նկատուի Պուլկարիայի կաթողիկէութեան սիրտը, եւ  Յիսուսի Սուրբ Սիրտ Եկեղեցին ԺԹ դարուն սկիզբը՝  եղած է Սոֆիա Փլովտիվ թեմին եպիսկոպոսական աթոռ։

Ունկնդրէ լուրը

Առաջին Սուրբ Հաղորդութեան պատարագի ընթացքին  արտասանած քարոզին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց մանուկներուն առաջին սուրբ հաղորդութեան խորհուրդը մատակարարելուն համար,  ապա բոլոր ներկաներուն ուղղեց Զատկական ուրախալի բարեմաղթանքը «Քրիստոս Յարեաւ», որ, ըսաւ Քահանայապետը ուրախութեան արտայայտութիւնն է մեզի քրիստոնեաներուս համար, որովհետեւ Յիսուս որ սիրոյ համար իր կեանքը տուաւ խաչին վրայ, յաղթելով մեղքին, յարութիւն առաւ ու մեզ դարձուց Հօր Աստուծոյ որդեգրուած զաւակներ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսքը ուղղեց մանուկներուն ըսելով. «դուք եկած էք այս «վարդերու երկրի» տարբեր քաղաքներէն, մասնակցելու այս հրաշալի տօնախմբութեան որ վստահ եմ անմոռանալի պիտի ըլլայ. Ձեր այս առաջին հանդիպումը Յիսուսին հետ, Սուրբ հաղորդութեան խորհուրդին մէջ։

Յիսուս չարչարանքներէ ու մահուընէ երեք օր ետք Յարութիւն առաւ եւ այսօր ողջ է եւ ասոր համար է որ մենք կարող ենք անոր հանդիպիլ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, զայն տեսնելով ոչ թէ մահկանացու՝ այլ հաւատքի աչքերով – ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ մանուկներուն հագած սպիտակ զգեստներուն, որոնք կը յատկանշեն տօնը։ «Տօն որ կարելի դարձաւ մեր նախահայրերուն, ընտանիքներուն եւ հասարակութիւններուն շնորհիւ, որոնք մեզ օգնեցին աճելու հաւատքին մէջ» յարեց  Ֆրանչիսկոս Պապ, ակնարկելով Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի նախապատրաստական շրջանին ու դիտել տալով թէ իրենք եւս այսօր, ձուկերու եւ հացերու բազմացումի հրաշքին առթիւ փոքրիկ մանուկին նման, որ Յիսուսին կը տանի ձուկերն ու հացերը, ինչպէս կը նշէ օրուան աւետարանը, մեզ կ՛օգնեն իրագործելու հրաշք մը՝ բոլորին յիշել տալով Յիսուսին հետ առաջին հանդիպումը։

Դուք, ըսաւ Սրբազան Պապը, այսօր մեզի թոյլ կու տաք տօն կատարել ու Յիսուսը տօնախմբել որ ներկայ է Կեանքի հացին մէջ… որովհետեւ կան հրաշքներ որոնք կարելի են միայն երբ մենք ունենանք ձեր սրտին նման սիրտ մը, որ կարողութիւնն ունի բաժնեկցելու, երազելու, շնորհակալութիւն յայտնելու, վստահութիւն ունենալու ու պատուելու ուրիշները։  

«Առաջին Հաղորդութիւն կատարելը կը նշանակէ ըլլալ ամէն օր միացած Յիսուսին հետ ու աճիլ Անոր հետ բարեկամութեան մէջ, փափաքելով որ ուրիշները եւս ապրին ուրախութիւնը զոր Ան կ՛ուզէ մեզի պարգեւել» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ուրախութիւն յայտնելով անոնց հետ կիսելու այս կարեւոր պահը զոր կ՛ապրին բարեկամութեան, ուրախութեան, եղբայրութեան ու իրար միջեւ ու համայն եկեղեցւոյ  հետ հաղորդութեան հոգիով։

«Մեր անձնաթուղթը այս է. Աստուած մեր Հայրն է, Յիսուս մեր եղբայրն է, Եկեղեցին մեր ընտանիքն է,  մենք եղբայրներ ենք ու մեր օրէնքը սէրն է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու քաջալերեց ներկայ պատանիները յարատեւողական կերպով աղօթելու՝ այսօրուայ միեւնոյն ուրախութեամբ ու գորովով։

Նորին Սրբութիւնը քարոզը աւարտեց պատանիներուն յիշեցնելով որ «ասիկա առաջին հաղորդութեան եւ ոչ թէ վերջին հաղորդութեան խորհուրդն է, ու Յիսուս միշտ ձեզ կը սպասէ» ապա մաղթեց «որ այսօրուանը ըլլայ բազմաթիւ Հաղորդութիւններու միայն սկիզբը, որպէսզի, ըսաւ Քահանայապետը, ձեր սիրտը, ինչպէս այսօր, մշտապէս ըլլայ տօնի մէջ, լի ուրախութեամբ ու մասնաւորապէս լի երախտագիտութեամբ»։

Քարոզէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց անպատրաստից խօսք մըն ալ ուղղել մանուկներուն ըսելով. «Սիրելի մանուկներ, ուրախ եմ ձեզ այստեղ տեսնել, առաջին ս հաղորդութեան առթիւ, հարցում մը ունիմ. «Ուրա՞խ էք ասոր համար». «Այո» պատասխանեցին մանուկները։ «Ի՞նչու ուրախ էք» հարց տուաւ Սրբազան Պապը ու նշեց. «որովհետեւ Յիսուսն է որ կու գայ» հրաւիրելով մանուկները կրկնել այս մէկը «ուրախ եմ որովհետեւ Յիսուսն է որ կու գայ»։ Ան ապա հարց տուաւ «մենք միեւնոյն ընտանիքի անդամներ ենք, ի՞նչպէս կը կոչուի մեր ընտանիքը» ու թելադրեց պատասխանել. «Եկեղեցի ու մեր մականունը քրիստոնեայ է»։ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ կրնկել տուաւ քարոզին մէջ արտասանած մէկ խօսքը «Մեր անձնաթուղթը այս է. Աստուած մեր Հայրն է, Յիսուս մեր եղբայրն է, Եկեղեցին մեր Մայրն ու ընտանիքն է,  մենք եղբայրներ ենք ու մեր օրէնքը սէրն է»։

«Այժմ Յիսուս պիտի գայ մեզմէ իւրաքանչիւրիս մէջ, այսօր Յիսուսը հայցեցէք ձեր ընտանիքին, ձեր ծնողներուն, ձեր պապիկներուն ու մամիկներուն, ձեր կրօնուսոյցներուն, ուսուցիչներուն ու բարեկամներուն համար» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով ներկաները շարունակելու պատարագը ու լաւապէս պատրաստուելու՝ Յիսուսը ընդունելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2019, 10:23