Ֆրանչիսկոս պապ ընդունեց «Papal Foundation» հիմնարկի անդամները։ Ֆրանչիսկոս պապ ընդունեց «Papal Foundation» հիմնարկի անդամները։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Papal Foundation» հիմնարկի անդամները։

Դուք կը վկայէք Եկեղեցւոյ անխոնջ մտահոգութիւնը՝ խթանելու համար մարդկային ընտանիքին համապարփակ զարգացումը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Ուրբաթ 10 մայիս 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց «Papal Foundation» հիմնարկի անդամները, անոնց Հռոմ կատարած տարեկան ուխտագնացութեան առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Անոնց արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ, ակնարկելով անոնց գործունէութեան, որ կը սատարէ «խթանելու եղբայրական ու խաղաղութեան հոգի մը», անոնց դաստիարակչական, բարեսիրական ու առաքելական ծրագիրներու աջակցութեամբ, «դուք, ըսաւ Սրբազան Պապը, կը վկայէք Եկեղեցւոյ անխոնջ զգաստութիւնը՝ խթանելու համար մարդկային ընտանիքին համապարփակ զարգացումը»։

«Ձեր աշխատանքը կը սատարէ յոյսի եւ ողորմութեան աւետարանական պատգամը փոխանցելու աշխարհի մը մէջ որ դժբախտաբար յատկանշուած է բռնութեամբ ու հակամարտութիւններով, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ու նիւթական աղքատութեամբ եւ շատերուն անտարբերութեամբ» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտներով ներկաներուն վեհանձն առատաձեռնութեան համար։ Ան ապա նշեց թէ հիմնարկի առաքելութիւնը զօրակից կերպով զօդուած է Սուրբ Պետրոսի յաջորդի առաքելութեան ու ասկէ մեկնելով խնդրեց որ անոնք շարունակեն աղօթել իրեն համար, ի նպաստ Աւետարանի տարածումին ու սրտերու դարձին։

Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց բոլորը յանձնելով Եկեղեցւոյ Մայր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածանայ հովանիին ու անոնց շնորհելով առաքելական օրհնութիւնը,  որպէս  խթան ուրախութեան եւ խաղաղութեան մեր Փրկիչ Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2019, 09:27