Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը՝ Քարիթասի ընդհանուր ժողովի բացման պատարագին։

«Այն որ կ՛ուզէ սիրոյ խոնարհութեան եւ ունկնդրութեան ճանապարհներու վրայէն քալել, պէտք է անսայ փոքրիկներու ձայնին եւս»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 23 մայիս 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորած Սուրբ պատարագով, բացումը կատարեց միջազգային Քարիթասի ընդհանուր 21-րդ հաւաքին։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, ակնարկեց առաքեալներուն գործերէն քաղուած ընթերցումին (Գործք Առաքելոց) ուր կը պատմուի աշակերտներու միջեւ հեթանոսներու դարձի վերաբերող հարցի շուրջ  ծագած վէճի մասին, հանդիսանալով այդ ժամանակուայ եկեղեցւոյ մեծ բանավէճերէն մին։

Մղուած ենք հարց տալու «Ի՞նչու  Տէրը  թելադրանքներ չի թողուց լուծելու սոյն հարցը, ի՞նչու Ան յստակ կանոններ չի լքեց անոնց» ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով որ այս մէկը կը հանդիսանայ եկեղեցւոյ «արդիւնաւէտութեան» փորձութիւնը, որով կը կարծուի թէ «Եկեղեցին լաւ ընթացքի մէջ է միայն երբ ամէն ինչ իր հսկողութեան տակ է, եթէ կ՛ապրի առանց  ցնցումներու, եւ կարգաւորուած օրակարգով»։

Տէրը  սակայն այդպէս չի գործեր,  Ան պատասխաններ չ՛ուղարկէր այլ կ՛ուղարկէ  Սուրբ Հոգին եւ Հոգին իր հետ կրակ կը բերէ։ Յիսուս չուզեր որ եկեղեցին  ինքնահաճոյ… Յիսուս ապրեցաւ այդպէս, ընթացքի մէջ, առանց վախի կեանքի ցնցումներէն։ Աւետարանը մեր կեանքի օրակարգն է ։  Մեզի կը սորվեցնէ որ հարցերը չեն դիմագրաւուիր  բաղադրատոմսերով  ու թէ հաւատքը ճանապարհային քարտէզ մը չէ, այլ ճանապարհ՝ զոր պէտք է միասին կտրենք, վստահութեան հոգիով։

«Գործք Առաքելոցի սոյն պատմուածքէն ի յայտ կու գան եկեղեցւոյ ուղեւորութեան հայող երեք հիմնական տարրեր ՝ ունկնդրութեան հեզութիւնը, միասնութեան շնորհապարգեւը, ու հրաժարելու քաջութիւնը» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու բացատրեց թէ ինչպէս գործք առաքելոցի մէջ պատմուած բանավէճի վերջնական արդիւնքը չեղաւ նոր բան մը բանեցնել այլ հին բանէ մը հրաժարիլ։  

«Անոնք այդ մէկը ըրին վստահ ըլլալով որ Տիրոջ Աւետիսը առաջնահերթութիւն է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  հաստատելով որ «մենք եւս պէտք է վերագտնենք «հրաժարելու» գեղեցկութիւնը,  ու նկատել տուաւ որ «իսկական Հաւատքը կաշկանդումներէն կը բիւրեղացնէ»  ու թէ Յիսուսին հետեւելու համար հարկաւոր է  արագ քալել եւ արագ քալելու համար հարկաւոր է թեթեւ ըլլալ, ու որպէս եկեղեցի կանչուած ենք Աւետարանական սլացքի։

«Բիւրեղացումի ու բարեփոխումի ժամանակ հարկաւոր է խուսափիլ բարեփոխումները մակերեսային կերպով կատարելու փորձութենէն։  Տէրը այդպիսի փոփոխութիւններ չուզե՜ր այլ կ՛ուզէ սրտերու դարձը որ կ՛անցի հրաժարելու ճանապարհէն» յարեց ապա Սրբազան Պապը  ու նշեց թէ այս մէկը կարելի է ունկնդրելու խոնարհութեան մէջ, մէկը միւսին անսալով ու յօժար ըլլալով զիջիլ անձնական համոզումներէ։

Հեզութիւնը կը ծնի անսալու կարողութենէն, ու այդ մէկը առիթ կու տայ աճելու, որովհետեւ աճումի ճանապարհը կը կայանայ խոնարհ ծառայութեան մէջ, այն նոյն ճանապարհը որուն վրայ ընթացաւ մեր Տէրը՝ Յիսուս։

«Այն որ կ՛ուզէ սիրոյ խոնարհութեան եւ ունկնդրութեան ճանապարհներու վրայէն քալել, պէտք է անսայ փոքրիկներու ձայնին եւս» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կարեւոր նկատելով բոլորին կարծիքի ունկնդկրւոթիւնը։

«Աշխարհի մէջ ով որ աւելի միջոցներ ունի աւելիով կը խօսի բայց մեր մէջ այդպէս չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ Աստուած կը սիրէ յայտնուիլ փոքրերու ու յետիններու միջոցաւ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ  ու հաստատեց թէ «ունկնդրութեան խոնարհութենէն եւ հրաժարելու քաջութենէն մեկնելով  ամէն ինչ կ՛ացնի «միասնութեան շնորհապարգեւի» ընդմէջէն, ու այս ծիրէն ներս ընդգծելով տարբերութիւններու միջեւ ներդաշնակութեան յատկութեան կարեւորութիւնը ու Եկեղեցւոյ ուղեւորութեան ներքոյ իրարու թիկունք կանգնելու եւ իրար սիրելու ու յարգելու հարկաւորութիւնը, որուն միջոցաւ կը ստեղծուի միութիւնը որ հակառակ է աշխարհի ու ստանայի ձայներուն, որոնք կը բերեն բաժանում» նշեց Ան եւ աւելցուց «Աստուծոյ Խօսքին վրայ կազմուած հասարակութիւնը կը մնայ Աստուծոյ սիրոյ մէջ»։   

«Յիսուս կը խնդրէ որ մնանք իր մէջ, ոչ թէ մեր գաղափարներուն մէջ, Ան կը խնդրէ որ վստահինք մէկը միւսին ու նուիրուինք ուրիշներուն։ Հայցենք ուրեմն Տիրոջմէն շնորհքը, որ մեզ ազատէ արդիւնաւէտութեան, աշխարհիկութեան ու անձնահաճութեան փորձութենէն։ Խնդրենք Անորմէ շնորհքը յանձն առանելու ճանապարհը զոր ցոյց տրուած է Աստուծոյ Խօսքին մէջ. Հեզութիւն, հաղորդութիւն եւ հրաժարում» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2019, 18:30