Գաղթական մանուկներ Գաղթական մանուկներ 

2019-ի գաղթականի եւ փախստականի միջազգային օրուայ Քահանայապետական պատգամ։

Գաղթականները մեզ կ՛օգնեն հասկնալու ժամանակներու նշանները, անոնց միջոցաւ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ դարձի գալու» ձերբազատուելու համար «անտարբերութեան եւ մնացորդացի մշակոյթէն»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 27 մայիս 2019-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացումը կատարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, յառաջիկայ 29 սեպտեմբերին նշուելիք,  2019-ի գաղթականի եւ փախստականի միջազգային օրուայ պատգամին, որուն բնաբանն է «Միայն գաղթականներու հարց չէ»։

Ունկնդրէ լուրը

«Անտարբերութեան համաշխարհայնացումէն» մեկնելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշեցնել կու տայ որ «աղքատներն ու անապահով իրավիճակի մէջ գտնուողները, առաջիններն են որոնք պատերազմներու, անարդարութիւններու ու խրատականութեան սուղ գինը կը վճարեն։ Անոնք «բացառումի» խորհրդանիշ դարձած են ի տես անոնց դէմ կայացած ժխտական դատումին՝ որ զանոնք կը նկատէ «ընկերային բոլոր չարիքներուն պատճառը» կը գրէ Քահանայապետը նկատել տալով որ «մեր ժամանակներու  չարութիւնները» կ՛աճեցնեն անծանօթին, բացառուածին եւ օտարականին հանդէպ վախը»,  ու այս մէկը կը պայմանաւորէ մեր մտածելակերպը, մեզ դարձնելով անհանդուրժական, փակ ու շատ անգամ, անգիտակցաբար, ցեղապաշտ։

«Միայն գաղթականութեան հարց չէ՝ եղբայրսիրութեան հարց է» կը շեշտէ Քահանայապետը ընդգծելով որ «գործելակերպի միջոցաւ է որ ցոյց կու տանք մեր հաւատքը» ու զայն ցոյց կու տանք նաեւ  մեր դուռը բախողի դիմաց մեր յուզմունքի կարողութենէն։

«Վեհանձն Եղբայրսիրութիւնը արդարեւ կը կայանայ այն եղբայրսիրութեան մէջ որ գործադրուած է անոր հանդէպ որ կարող չէ փոխարինել զայն ու մի գուցէ ոչ իսկ կարող է անոր համար շնորհակալութիւն յայտնել» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ հրաւէր ուղղելով ճանչնալու ուրիշին տառապանքը ու կարեկցելու անոր, տեղ տալով քնքշութեան հակառակ այսօրուայ ընկերութեան վերաբերմունքին՝ որ մեզ կը մղէ ուրիշներուն վրայ ճնշելու։

«Ուրիշին բացուիլ մեզ չաղքատացներ այլ կը հարստացնէ, որովհետեւ մեզ կ՛օգնէ աւելի մարդկային դարանալու» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը որ պատգամին մէջ, շեշտադրելով որ «իսկական զարգացումը կ՛անցնի ներառումէն», քննադատելով  զինավաճառը որ պատճառ է բազմաթիւ պատերազմներու, հետեւաբար գաղթականութեան երեւոյթին։

«Հարկաւոր է տապալել «առաջ ես՝ վերջը միւսները» աշխարհի սոյն տրամաբանութիւնը, որ կը մղէ ուրիշը նկատելու որպէս լոկ վաճառքի առարկայ մը, ու մեզ կը հեռացնէ մարդկայնական զգացումէն»  կը գրէ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ Աւետարանը ունի այլ տրամաբանութիւն այն է թէ «վերջինները առաջին են»։ Քրիստոնեային իսկական կարգախօսը այս է՝ «նախ եւ առաջ վերջիննեը»։

Յիսուսի առաքելութեան սիրտը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ որ բոլորը ընդունին կեանքի լիութիւնը, եւ ամէն մէկ քաղաքական գործունէութիւն, ծրագիր ու հովուական գործելակերպի մէջ, պէտք է միշտ որպէս կեդրոն ընտրենք մարդ էակը, իր բազմազան  ծաւալներով,  ներառեալ հոգեւորը։

Աստուծոյ ու մարդուն քաղաքը կառուցել  կը նշանակէ գաղթականին ու փախստականին մէջ տեսնել ոչ միայն հարց մը՝ այլ եղբայր ու քոյր մը, զոր պէտք է ընկալել, յարգել եւ սիրել։

Մարտահրաւէրը որուն դիմաց կը գտնուինք գաղթականութեան ներկայ երեւոյթին բերումով կարելի է համառօտել չորս բայերով. ընկալել, պաշտպանել, խթանել եւ ընդելուզել»։ Այս բայերը սակայն չեն հայիր միայն գաղթականներուն եւ փախստականներուն, անոնք կը ներկայացնեն եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ի նպաստ գոյութենական արուարձաններու  բոլոր բնակիչներուն,  որոնք պէտք է ընկալուին, պաշտպանուին, խթանուին եւ ընդելուզուին» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամի աւարտին անդրադարձ կատարելով նաեւ այն բազմաթիւ անձերուն որ թիրախ  են «անծայրածիր ու անսահման սպառողական եւ արուեստագիտական զարգացումի մեծ խաբէութեան»։

Նորին Սրբութիւնը ապա կոչ ու հրաւէր կ՛ուղղէ դարձի գալու, ու ձերբազատուելու մնացորդացի մշակոյթէն, դիտել տալով որ այդ մէկը կ՛անցնի աղքատի, գաղթականի ու փախստականի դիմագիծէն։

Անհրաժեշտ  է սրտի դարձ մը՝ կառուցելու համար աշխարհ մը, որ միշտ աւելիով համապատասխան ըլլայ Աստուծոյ ծրագիրն, գաղթականները ու յատկապէս անոնք որոնք դիւրաբեկութեան մէջ են, մեզ կ՛օգնեն հասկնալու ժամանակներու նշանները. Անոնց միջոցաւ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ դարձի գալու, ազատուելու համար բացառումի, անտարբերութեան ու մնացորդացի մշակոյթէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2019, 13:00