Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Հիւսիսային Մակեդոնիայի Պետական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։

Ձեր երկիրը կամուրջ է ընդմէջ արեւելքի եւ արեւմուտքի ու տարբեր մշակոյթներու խաչմերուկ: Ան իր մէջ կը խտացնէ այս տարածաշրջանի բազմաթիւ յատկութիւնները:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 6 մայիս 2019-ին, Ֆրանչիսկոս  Պապ ժամանեց Հիւսիսային Մակեդոնիա ու անմիջապէս փոխադրուեցաւ Սոքփիէի նախագահական պալատ ուր դիմադրուեցաւ Հիւսիսային Մակեդոնիայի նախագահ՝ Ժորժ Ւվանովի կողմէ եւ ու տեղի ունեցաւ  բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդեցին՝  նախ Քահանայապետի ու նախագահին միջեւ առանձնական հանդիպում, հուսկ Քահանայապետի ու Հիւսիսային Մակեդոնիայի՝ Զորան Զաէվ վարչապետի միջեւ հանդիպումը, որմէ ետք  նախագահական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Նախագահին արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամը ուղղելով ներկաներուն նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար ու այլ կրօնական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ ողջոյն ուղղեց Կաթողիկէ հասարակութեան, որ, ըսաւ Քահանայապետը, «գործօն ու լրացուցիչ տարր մըն է Հիւսիսային Մակեդոնիայի ընկերութեան մէջ, ու լիիրաւ կերպով կը մասնակցի անոր ուրախութիւններուն, մտահոգութիւններուն ու առօրեայի կեանքին։

«Այս առաջին անգամն է որ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ մը կ՛այցելէ Հիւսիսային Մակեդոնիայի հանրապետութիւնը եւ ուրախ եմ որ այս կը կատարեմ Սուրբ Աթոռի հետ դիւանագիտական կապերու հաստատումին 25-րդ տարեդարձին առիթով, որոնք իրականացան ՝ 1991 սեպտեմբերի ձեր անկախութենէն մի քանի տարիներ ետք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Ձեր երկիրը որ կամուրջ է ընդմէջ արեւելքի եւ արեւմուտքի ու տարբեր մշակոյթներու խաչմերուկ, իր մէջ կը խտացնէ այս տարածաշրջանի բազմաթիւ յատկութիւնները, որուն ամենաթանկ  հարստութիւնը կը կայանայ ժողովուրդի բազմացեղ ու բազմակրօն բնոյթին մէջ, որ պտուղն է հարուստ պատմութեան ու նաեւ բարդ յարաբերութիւններու որոնք հիւսուեցան դարերու հոլովոյթին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը գնահատելով հակառակ տարբերութիւններուն,  երկրին մէջ ապրուած խաղաղ համակեցութեան իրականութիւնը ու մաղթելով որ Հիւսիսային Մակեդոնիան յաջողի իրականացնել Եւրոպական Երկիրներու հետ ընդելուզումը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ Մակեդոնիայի բազմացեղային ու բազմակրօն բնոյթին վրայ ուր կ՛ապրին       օրթոտոքսներ, իսլամներ, կաթողիկէներ, հրեաներ, բողոքականներ  նաեւ մակեդոնացիներ, ալպանացիներ, սերպեր ու խրուաթներ, որոնք կը «ստեղծեն խճանկար մը որուն մէջ ամէն մէկ տարր անհրաժեշտ է պատկերին գեղեցկութեան համար» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ այդ  գեղեցկութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի այն չափանիշով որքանով  հիմակուայ սերունդը  պիտի կարողանայ զայն փոխանցել ու սերմանել նոր սերունդներու սրտերուն մէջ։

Քահանայապետը ապա մաղթանք յայտնելով որ բոլոր ջանքերը յանգին միասնական համաձայնութեան, ամէն մէկ մարդ անհատի արժանապատուութեան յարգանքի մէջ ու անորմէ յառաջացած հիմնական ազատութիւններու երաշխաւորումով,  որոնք, ըսաւ Ան,  կը կազմեն անհրաժեշտ սերմը խաղաղութեան ու պտղաբեր ապագայի մը համար։

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց ապա երկիին քաղաքական իշխանութիւններուն ջանքերը, որոնք միացած միջազգային կազմակերպութիւններու ջանքերուն, իրենց օգնութիւնը կը մատուցեն մերձաւոր արեւելքի պատերազմէն փախչող գաղթականներուն։

«Ձեր մատուցած գործնական զօրակցութիւնը անոնց որոնք այդ պահուն կ՛ապրէին թշուառութիւնն ու տառապանքը պատիւ կը բերէ ձեզի» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու մաղթեց որ այդ փորձարարութիւնը հանդիսանայ որպէս գանձ ապագայի համար։

Քահանայապետը յատուկէն մեծարեց ներկաներուն պանծալի հայրենակիցը՝ որ մղուած Աստուծոյ հանդէպ սերէն, իր կեանքի որպէս գերագոյն օրէնք ընտրեց մերձաւորին հանդէպ սէրը, հիացմունք յառաջացնելով  համայն աշխարհին մէջ ու յատուկ եւ արմատական նոր ձեւ մը որդեգրելով ի ծառայութիւն բացառուածներուն ու աղքատներուն։

«Կը վերաբերիմ անշուշտ անոր որ տիեզերական գետնի վրայ ճանչցուած է պարզապէս որպէս Կալկաթայի Մայր Թերեզա», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով թէ «ան ծնաւ Սոքփիէի մէջ 1910-ին Անիեզ Քոնճա Պոյաքչու անունով ու իր առաքելութիւնը կատարեց հնդկաստանի մէջ, հասնելով գոյութենական ու աշխարհագրական տարբեր արուարձաններ»։

Սրբազան Պապը ուրախութիւնն յայտնելով թէ քիչ ետք պիտի կարողանայ այցելել անոր նուիրուած յուշակոթողը՝ որ կառուցուած է այնտեղ ուր կը գտնուէր Յիսուսի Սուրբ Սրտի անուան եկեղեցին, ուր սրբուէին ընդունած էր մկրտութեան խորհուրդը, խրախուսեց բոլոր ներկաները յանձնառումով շարունակել գործել որպէսզի այս հողին զաւակները կարողանան անոր օրինակին հետեւելով բացայայտել ու հասունցնել կոչումը՝ զոր Աստուած երազած է անոնց համար։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը նշեց թէ Սուրբ Աթոռը Հիւսիսային Մակեդոնիայի անկախութեան օրէն իսկ մեծ ուշադրութեամբ ընկերացած է երկիրն քայլերուն ի նպաստ երկխօսութեան ու իրար հասկացողութեան քաղաքացիական իշխանութիւններու ու կրօնական դաւանանքներու միջեւ։

Այսօր նախախնամութիւնը ինծի առիթ կ՛ընծայէ անձնապէս արտայայտելու իմ մօտիկութիւնս ու  երախտագիտութիւնս Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբ եղբայրներու տօնին առթիւ ամէն տարի Հիւսիսային Մակեդոնիայի պատուիրակութեան կողմէ Հռոմ կատարած այցելութեան համար։ Ձեզ կը քաջալերեմ վստահութեամբ յարատեւելու սկիզբ տրուած ճանապարհին վրայ, որպէսզի ձեր երկիրը դառնայ խաղաղութեան, հիւրընկալութեան ու մշակոյթներու, կրօններու եւ ժողովուրդներու միջեւ ընդելուզման փարոս։

Աստուած պաշտպանէ ու օրհնէ Հիւսիսային Մակեդոնիան ու զայն պահպանէ հաշտութեան մէջ անոր պարգեւելով բարօրութիւն եւ երջանկութիւն – ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով պատգամը։

 

Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահական պալատին մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2019, 10:03