Ասսիզի Ասսիզի 

Քահանայապետը Երիտասարդ ձեռնարկատէրերուն. Միասին՝ վերափոխելու տնտեսութիւնը։

Սրբազան Պապը երիտասարդները կը հրաւիրէ՝ 2020-ի Մարտին Ասսիզիի մէջ մասնակցելու «Economy of Francesco - Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւնը» ձեռնարկին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 11 Մայիս 2019-ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին երիտասարդ ձեռնարկատէրերուն ուղղուած մէկ նամակը, որուն մէջ ան աշխարհի բոլոր երիտասարդ տնտեսագէտներուն ու  ձեռնարկատէրերուն կոչ կ՛ուղղէ մասնակցելու «Economy of Francesco -  Ֆրանչիսկոսի  տնտեսութիւնը» ձեռնարկին, «միասնական դաշնագիրի» մը միջոցաւ խթանելու համար համաշխարհային փոփոխութիւն մը։

Ունկնդրէ լուրը

Ժամադրութեան վայրը Ասսիզի, թուականը՝ 26-28 մարտ 2020։ Նպատակակէտը՝ «հանդիպիլ անոնց որոնք այսօր կը կազմաւորուին ու սկսած են ուսանիլ ու գործադրել տարբեր տնտեսութիւն մը՝ որ կը մտի ապրեցնել ու ոչ թէ սպաննել, կը նեռարէ եւ չի բացառէր, կը մարդկայնացնէ ու տմարդկային չէ, եւ հոգ կը տանի արարչութեան ու  զայն չի թալլէր։

«Ձեռնարկ մը որ սատարէ՝ միասին մնալու ու իրար ճանչնալու, ու մեզ մղէ որդեգրելու դաշինք մը, փոխելու համար ներկայ տնտեսութիւնը եւ հոգի պարգեւելու ապագայի տնտեսութեան» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Երիտասարդ ձեռնարկատէրերուն ուղղած իր նամակին մէջ, որով հրաւէր կ՛ուղղէ անոնց՝ մասնակցելու վերոնշեալ ձեռնարկին։

Ան ապա կը բացատրէ Ասսիզի քաղաքի որպէս հաւաքի վայր ընտրութիւնը, զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ընտրած էր որպէս խաղաղութեան մշակոյթի խթանման վայր։

«Այստեղ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը մերկացաւ աշխարհիկ սեփականութիւններէն, ընտրելու համար զԱստուած՝ որպէս իր կեանքի բեւեռային աստղ, դառնալով աղքատ աղքատներուն համար ու տիեզերական եղբայր։ Անոր այդ աղքատութեան ընտրութենէն յառաջացաւ տնտեսութեան մը նոր տեսութիւն մը որ կը մնայ այժմէական։ Ան կարող է յոյս տալ մեր վաղուան, ի նպաստ ոչ միայն աղքատներուն այլ համայն մարդկութեան։ Ան անհրաժեշտ է բոլոր մոլորակի ճակատագրին համար՝ մեր հասարակաց տան համար «մեր քոյր Մայր Հողը» ինչպէս զայն կը կոչէ Ասսիզիի սուրբը» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, ակնարկելով Յիսուսին Սուրբ Ֆրանչիսկոսին ուղղած խօսքերուն «Գնա եւ վերանորոգէ տունս», ու ասկէ մեկնելով կը հաստատէ թէ այդ նորոգուելիք տունը կը հայի  բոլորին։ Կը վերաբերի Եկեղեցւոյ, ընկերութեան. Իւրաքանչիւրի սրտին։ Ու միշտ աւելիով կը վերաբերի կենսոլորտին,  որ հրատապ կարիքը ունի առողջ մէկ տնտեսութեան ու կայուն զարգացումին, որ խնամք տանի անոր վէրքերու ու անոր ապահովէ արժանավայել ապագայ մը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ կը բացատրէ հրաւէրին իմաստը, նշելով թէ ինք ուզեց հրաւիրել երիտասարդները, որովհետեւ գեղեցիկ եւ ուրախ ապագայի իղձով՝ անոնք մարգարէութիւն մըն են, անհատի եւ ապրուած միջավայրին ուշադիր տնտեսութեան մը….կարող էք սրտով անսալ երկրին ու օգնութիւն հայցող անոր աղքատներու  միշտ աւելիով անհանգստացնող ճիչին,  որ կը փնտռէ մէկ մը՝ որ պատասխանէ այդ աղաղակին ու հայեացքը այլուր չի սեւեռէ։

Քահանայապետը այս ուղղութեամբ կը մատնանշէ համալսարաններուն, երիտասարդական ձեռնարկութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն որպէս՝ «յոյսի  շինավայրեր», կարող «կեանքի նոր ապրելակերպ առաջարկել», ձգտելու տիեզերական եղբայրութեան մը։

Ասոր համար, կը գրէ Քահանայապետը նամակի աւարտին,  կ՛ուզեմ ձեզի հանդիպիլ Ասսիզիի մէջ, միասին խթանելու համար, համաշխարհային փոփոխութեան գործընթաց մը, որուն շուրջ համախմբուին, ոչ միայն անոնք որոնք ունին հաւատքին շնորհքը, այլեւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը, կրօնի, ազգութեան տարբերութիւններէն անդէն, միացած եղբայրութեան իտէալի մը շնորհիւ, որ ուշադիր է յատկապէս աղքատներուն եւ բացառուածներուն։

Նորին Սրբութիւնը նամակը կ՛եզրափակէ մաղթանք յայտնելով որ այս հրաւէրին համապատասխանեն շատեր։ «Ձեզ այժմէն իսկ կը սպասեմ, ձեզ կ՛ողջունեմ եւ կ՛օրհնեմ, հաճեցէք չի մոռնալ աղօթելու ինծի համար» կը գրէ Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2019, 12:00