Ֆրանչիսկոս Պապին մեկնումը Ֆրանչիսկոս Պապին մեկնումը 

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական 29-րդ Ճամբորդութիւնը։

Մեկնումի պահուն Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն, հեռագիր մը յղեց Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 5 մայիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 6.20 անց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Վատիկանէն, ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան, որտեղէն իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն ու լրագրողներուն հետ միասին, ժամը 7.30-ին, Ալիթալիա ընկերութեան օդանաւով, մեկնեցաւ դէպի Պուլկարիայի մայրաքաղաք Սոֆիա, սկիզբ տալով Քահանայապետութեան միջազգային առաքելական 29րդ ճամբորդութեան որ կ՛ընդգրկէ նաեւ Հիւսիսային Մակեդոնիան ուր Սրբազան Պապը կը փոխադրուի 7 մայիսին։

Սաւառնելէ ետք Իտալիոյ, Խրուաթիայի, Պոսնիա Հերցեկովինայի, Մոնթենեկրոյի եւ Սերպիայի օդային տարածքներուն վրայէն, 2 ժամ տեւող ճամբորդութենէ ետք Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կը կատարէ Սոֆիայի միջազգային օդակայան տեղական ժամով 9.50 անց (Հռոմի ժամով 8.50ին)։

Մեկնումի պահուն Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն, հեռագիր մը յղեց Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին որուն մէջ  յայտնեց թէ ինք կը պատրաստուի Հովուական այցելութիւն կատարել Պուլկարիա եւ Հիւսիսային Մակեդոնիա, մղուած հաւատքի մէջ եղբայրներու ու այդ երկիրներու բնակչութեան  հետ հանդիպելու իղձէն»։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ նախագահին ու համայն Իտալացի ժողովուրդին հայցեց անդորրութեան ու համերաշխութեան բարի մաղթանքներ։  Նշենք թէ Քահանայապետը հեռագիրներ յղեց նաեւ վերոնշեալ երկիրներու Ղեկավարներուն եւս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2019, 08:00