Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց  «Կուիտօ Քարլի» հիմնարկի անդամները։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Կուիտօ Քարլի» հիմնարկի անդամները։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Կուիտօ Քարլի» հիմնարկի անդամները։

«Տնտեսութիւնը ծառայութիւն կը մատուցէ հասարակաց բարիքին եթէ կառչած մնայ բարոյականութեան»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 3 մայիս 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի  իր գրասենեկային մէջ ընդունեց Կուիտօ Քարլի հիմնարկի անդամները ու հիմնարկի անուանակից մրցանակի դատակազմը, հիմնարկի հիմնադրութեան տասնեակին առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպման ընթացքին ներկաներուն արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով՝ տնտեսագէտ եւ  Պետական գործիչ Կուիտօ Քարլիի կենցաղին ու անոր հաւաքականութեան բարիքին ի նպաստ յանձնառումին նշեց թէ «այսօրուայ ընկերութեան մէջ կան հակազդեցութիւններ, մէկ կողմէն ականատես ենք լոկ տնտեսական բնոյթ ունեցող ու սպառումի ի նպաստ գործունէութեան չափանիշերու ու միւս կողմէն միշտ աւելիով ի յայտ կու գայ՝ արդար բաշխումը ու զարգացումի հեռանկարներու արժեւորումը իրար հաշտեցնելու անկարողութիւնը։ Կարեւոր է առ այդ ընդգծել որ տնտեսութիւնը ծառայութիւն կը մատուցէ հասարակաց բարիքին՝ երբ կառչած մնայ բարոյականութեան որ մարդկային իսկական բարիքին տիեզերական չափանիշ մըն է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը գնահատելով Կուիտօ Քարլի հիմնարկի զօրակցութեան ուղղութեամբ տարած աշխատանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ներկաները յարատևուելու իրենց այդ աշխատանքին մէջ յատկապէս «ի նպաստ ընկերութեան տկարներուն, որպէս խթան ընկերութեան բոլոր անդամներու աճումին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու բոլորին վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւններն ու բարիի իղձերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2019, 11:59