Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալա-ալպանացիներու Լունկրօ թեմին ուխտաւորները։

«Դուք որպէս քրիստոնեաներ կանչուած էք ընկալելու Տիրոջ սէրը որ աւելի գեղեցիկ է ատելութենէն, բարեկամութիւնը որ աւելի գեղեցիկ է թշնամութիւնէն, ու բոլորին միջեւ եղբայրութիւնը որ աւելի գեղեցիկ է հակամարտութիւններէն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 25 մայիս 2019-ին, ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Լունկրօ թեմին վեց հազարէ աւելի ուխտաւորներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Լունկարոյի Թեմը

«Լունկրոյի Իտալա-ալպանացիներու» անուամբ Թեմը Արեւելեան Ծէսի պատկան Կաթողիկէ Բիւզանդական եկեղեցի մըն է, որ անմիջական կերպով  ենթարկուած է Սուրբ Աթոռին ու կը պատկանի Քալապրիայի Մարզի եկեղեցական գաւառին։

 2016-ի տուեալներու համաձայն անոր մաս կը կազմէին 32 հազար 800 մկրտեալներ։ Սոյն թեմին պատկան  Ւտալա-ալպանացի հաւատացեալները  կը գտնուին Իտալիոյ 5 քաղաքներու մէջ՝ Քոզենցա, Փոթենցա, Պարի, Լեչչէ եւ Փեսքարա, ուր կան 26 հասարակութիւններ եւ 30 ժողովրդապետութիւններ։

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը

Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ընդունելով ուխտաւորները, Ֆրանչիսկոս Պապ բարի գալուստ մաղթեց անոնց ակնարկելով թեմին ծագումին որ ծնունդ առաւ հարիւր տարիներ առաջ,  Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետի օրով։ Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց հաւատքի վկայութեան ու կատարած ուխտագնացութեան եւ այցելութեան համար։  

Մատնանշելով Թեմին հարիւրամեակին՝ Ֆրանչիսկոս Պապ այդ առիթը նկատեց կարեւոր հնարաւորութիւն, գոհաբանութիւն մատուցելու Տիրոջ՝ Անոր անհուն բարութեան եւ ողորմութեան համար ու ներկաները հրաւիրեց խորացնելու անցեալի իրադարձութիւնները անոնց մէջ վերագտնելով յոյսի պատճառներ, «միասնաբար քալելու համար դէպի այն ապագան զոր Աստուած մեզի վերապահած է», ըսաւ Ան քաջալերելով միշտ աւելիով իրենց միջեւ արծարծելու Տիրոջ սէրը՝ որ է իսկական երջանկութեան պատճառ, ու այդ ընել մասնակցելով Խորհուրդներու մատակարարումին, մօտիկ ըլլալով ընտանիքներուն ու կարիքաւորներուն, ընկերանալով նոր սերունդին…

«Դուք որպէս քրիստոնեաներ  կանչուած էք ընկալելու Տիրոջ սէրը որ աւելի գեղեցիկ է ատելութենէն, բարեկամութիւնը որ աւելի գեղեցիկ է թշնամութիւնէն, ու բոլորին միջեւ եղբայրութիւնը որ աւելի գեղեցիկ է հակամարտութիւններէն» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց նաեւ մտաբերել բոլոր անոնք որոնք երկնքէն կը հետեւին իրենց քայլերուն, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, ընտանեկան պարագաներ, «որոնք մեզ  կանխեցին ու հաւատարմութեամբ պահեցին եւ փոխանցեցին աւանդութիւններու հարստութիւններն ու հոգեւոր ժառանգութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ ապա ներկաներուն վրայ հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին ու նորոգելով յոբելեանի առթիւ իր բաեմաղթութիւնները խնդրեց որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար, հուսկ բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2019, 13:13