Որոնել

Քարիթասի քարոզարշաւը Քարիթասի քարոզարշաւը 

Քարիթասի 21-րդ համաժողովի մասնակիցները Պապին մօտ։

«Բարեգործութիւն, համապարփակ զարգացում եւ հաղորդութիւն» երեք բանալի բառեր։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ հինգշաբթի՝ 23 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած Սուրբ պատարագով, բացումը կատարուեցաւ «Մէկ մարդկային ընտանիք, մէկ հասարակաց տուն» խորագիրով Միջազգային Քարիթասի  21րդ ընդհանուր հաւաքին, որուն աշխատանքային նիստերը տեղի կ՛ունենան Հռոմի «Էրճիֆ» պանդոկին մէջ եւ որոնք վերջ պիտի գտնեն  28 մայիսին։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ Համաժողովի ծիրէն ներս՝ երկուշաբթի 27 մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքական պալատի «Clementina» դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի հաւաքին մասնակցող աշխարհի տարբեր երկիներու տեղական քարիթասներու ղեկավարներուն ու անձնակազմի անդամներուն եւ այս առթիւ անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ մատնանշելով Քարիթասի եղբայրսիրական ծառայական գործունէութեան հաստատեց թէ  Caritas Internationalis-ը իր քահանայապետական իրաւական բնոյթով կանչուած է իր առաքելութիւնը բաժնեկցելու Եկեղեցւոյ նոյնինքն առաքելութեան հետ» եւ ասկէ մեկնելով  խօսքը կեդրոնացուց երեք բանալի բառերու վրայ՝ բարեգործութիւն, համապարփակ զարգացում եւ հաղորդութիւն։

Հարկաւոր է յաճախ մտածել ու խորհրդածել «բարեգործութիւն» բառին մասին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով որ այս մէկը չի նշանակեր միայն անպտուղ նուիրատուութիւններ ընել մեր խիղճը հանգստացնելու համար։ «Բարեգործութիւնը իր ծագումն ու էութիւնը կը գտնէ նոյնինքն  Աստուծոյ  մէջ։ Ան Հօր Աստուծոյ ամէն անհատի ու յատկապէս յետիններուն ու տառապողներուն ողջագուրումն է» յարեց Սրբազան Քահանայապետը զգուշացնելով այդ բարեգործութիւնը նկատելու միայն դրոյթ մը ու հաստատելով որ Եկեղեցին Քրիստոսի մէջ նշան ու գործիք է՝ Աստուծոյ մարդկութեան ու համայն արարչութեան  վերապահած սիրոյն։

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց հուսկ համապարփակ զարգացում բառին, այս ծիրէն ներս շեշտելով Աստուծոյ զաւակ «համայն մարդ անհատի» տեսութիւնը ու դիտել տալով որ բոլոր մարդիկը՝ ու աղքատները, նախ եւ առաջ անհատներ են ու բարեգործութեան ծառայութիւնը պէտք է ընտրէ համապարփակ զարգացումը որպէս հակաթոյն մնացորդացի ու անտարբերութեան տրամաբանութեան։ Մինչ երրորդ բառի մասին արտայայտուելով Սրբազան Պապը հաստատեց որ Հաղորդութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ կեդրոնական է։ Եկեղեցական հաղորդութիւնը ծնունդ կ՛առնէ Աստուծոյ Որդոյն Յիսուս Քրիստոսի հետ հանդիպումէն, որ Եկեղեցւոյ քարոզութեան միջոցաւ կը հասնի բոլոր մարդոց ու կը կազմէ Քրիստոսի Հօր Աստուծոյ ու Սուրբ Հոգւոյն հետ հաղորդութիւնը։

«Քրիստոսի ու եկեղեցւոյ մէջ այդ հաղորդութիւնն է որ կ՛ոգեւորէ ու կ՛առաջնորդէ բարեգործական ծառայութիւնը» յարեց Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղելով ներկաներուն իրենց ապրելակերպ դարձնելու այդ բառերը։

«Եղբայր օգնութիւնը չէ կարելի  ապրիլ  առանց աղքատներուն հետ ունենալու միջ անձնական յարաբերութիւններ. ապրիլ աղքատներուն հետ ու անոնց համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ «Անոնք թիւեր չեն, այլ մարդ էակներ։ Ու անոնց հետ ապրելով է որ կը սորվինք ի գործ դնել եղբայրսիրութիւնը՝ աղքատի հոգիով, ու կը սորվինք նաեւ բաժնեկցութիւնը» աւելցուց Ան դիտել տալով որ այն եղբայրսիրութիւնը որ չի ներգրաւեր սիրտը, հոգին ու մեր էութիւնը, ոչ իրականացուած եղբայրսիրութեան գաղափար մըն է։

Քահանայապետը քննադատեց ապա այն անձերը որոնք կը շահագործեն եղբայրսիրութիւնն ու բարեգործութիւնը զայն վերածելով գործարքի,  շեշտելով այս ծիրէն ներս Քրիստոսի հետ հանդիպումի փորձառութեան ապրումի կարեւորութիւնը, ունենալով Աստուծոյ սիրտը ու աղքատներուն մէջ տեսնելով նոյնինքն Յիսուսին դիմագիծը։

Խօսքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ յանուն համայն եկեղեցւոյ իր շնորհակալութիւնները յայտնեց ներկաներուն, անոնց իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն ի նպաստ տարած աշխատանքին ու ծառայութիւններուն համար։

«Կը մաղթեմ որ եկեղեցական հասարակութիւններուն հետ հաղորդութեամբ շարունակէք ուրախութեամբ սատարել, որպէսզի աշխարհի մէջ աճի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ արդարութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան թագաւորութիւն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ  ներկաներուն թելադրելով իրենց սնունդն ու լոյսը քաղել Աւետարանէն։

«Տէրը օրհնէ ձեզ ու Տիրամայրը ձեզի ըլլայ ապաւէն։ Բարեհաճեցէք չի մոռնալ աղօթելու ինծի համար, շնորհակալութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  աւարտելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2019, 12:57