Ֆրանչիսկոս Պապ Պուլկարիայի նախագահին հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապ Պուլկարիայի նախագահին հետ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Պուլկարիայի Քաղաքական իշխանութիւններուն «Պուլկարիան արեւելքի ու արեւմուտքի միջեւ կամուրջ է»։

Ուրախ եմ Պուլկարիա գտնուելուս համար, բազմազան մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր, արեւելեան եւ հարաւային եւրոպայի միջեւ կամուրջ, մերձաւոր արեւելիքի վրայ բացուած դուռ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Պուլկարիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան պաշտօնական առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Նախագահական Պալատը ուր Նորին Սրբութիւնը քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ նախագահ Ռումէն Ռատեւին եւ ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողակարգը։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապը հուսկ առանձնական հանդիպում ունեցաւ նախագահին հետ որմէ ետք նախագահական պալատի կեդրոնական մուտքի վրայ գտնուող «Ադանաս Պուրով» հրապարակին վրայ հանդիպում ունեցաւ երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն, դիւանագիտական մարմնի անդամներուն, տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներուն ու քաղաքացիական ընկերութեան անդամներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը որուն մէջ ըսաւ .

«Ուրախ եմ Պուլկարիա գտնուելուս համար, բազմազան մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր, արեւելեան եւ հարաւային եւրոպայի միջեւ կամուրջ, մերձաւոր արեւելիքի վրայ բացուած դուռ։ Երկիր՝ որուն խորքին մէջ կան քրիստոնէական հինաւուրց արմատներ, որոնք կը սնուցեն կոչումը՝ խթանելու հանդիպումը, ըլլայ տարածաշրջանին մէջ, ըլլայ միջազգային հասարակութեան մէջ»։  

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ապա բոլոր ներկաները, ու յատուկ ողջոյն ուղղեց Նէոֆիթ Պատրիարքին, «որուն հետ պիտի հանդիպիմ քիչ ետք», ըսաւ Ան, ապա ողջոյնը ուղղեց Պուլկարիայի կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն, կղերական դասին ու հաւատացեալներուն,  «որ եկած եմ վերահաստատելու հաւատքին մէջ ու քաջալերելու իրենց առօրեայի քրիստոնէական վկայութեան մէջ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ  ողջունելով նաեւ քրիստոնեայ միւս հասարակութիւնները, ինչպէս նաեւ հրեաներն ու իսլամները, արտայայտելով իր համոզումը՝ թէ  «կրօններու իսկական ուսուցումները, հրաւէր կ՛ուղղեն կառչած մնալու խաղաղութեան արժէքներուն, ու թիկունք կանգնելու փոխադարձ ճանաչողութեան, մարդկային եղբայրութեան ու համակեցութեան արժէքներուն»։

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց որպէսզի «կրօնները սատարեն մարդ անհատի ու անոր արժանապատուութեան յարգանքի խթանումի գործընթացին, մերժեն  որեւէ տեսակ բռնութիւն, ու յաղթեն անոնց՝ որոնք ամէն ձեւով ու միջոցով կ՛ուզեն խեղաթիւրել ու շահագործել կրօնը» ըսաւ Քահանայապետը- դիտել տալով որ իր այս ճամբորդութիւնը նպատակ ունի իտէալական կերպով կապուիլ իրեն նախորդ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին, 2002-ի Մայիսին կատարած առաքելական ճամբորդութեան ու երբեմնի Գերապայծառ Անճելօ Ճուզեփփէ Ռոնքալլիի յիշատակին, ապագայի Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետը, որ տասնեակ տարիներ ապրեցաւ Սոֆիայի մէջ ծառայելով որպէս Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ։

«Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ անխոնջ կերպով աշխատեցաւ եղբայրական համագործակցութիւնը խթանելու բոլոր քրիստոնեաներու միջեւ ու Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովով, նոր սլացք տուաւ համամիութենական կապերու զարգացումին, որուն հիման վրայ է որ 1968 սկսեալ Պուլկարական պատուիրակութիւն  մը ամէն տարի այցելութիւն կը կատարէ Վատիկան, երկու Սուրբ եղբայրներ՝ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերու տօնին առթիւ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով  երկու սուրբ եղբայրներու առաքելութեան ու մաղթելով որ անոնց  օրինակը ներշնչում հանդիսանայ մեր օրերուն, որպէսզի իրագործուին խաղաղութեան եւ հաշտութեան նոր ուղիներ։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսքը կեդրոնացուց Պուլկարիոյ այսօրուայ իրականութեան, որ բռնատէր վարչակարգի փլուզումէն երեսուն տարիներ ետք կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, ինչպէս արտագաղթի դիմող 2 միլիոն պուլկարացիներուն  հարցը՝ աշխատանքի հնարաւորութեան փնտռտուքի բերումով, կամ ծնունդներու նուազումը, որ նոր ձմեռ մըն է երկրին ու Եւրոպային համար, որ պատճառ եղաւ նաեւ բազմաթիւ գիւղերու  ապա-բնակեցումին։ Ասոնց կից ապա կայ ներգաղթողներու հարցը՝ մարդիկ որոնք Պուլկարիա կը ժամանեն փախչելով պատերազմէն ու թշուառութենէն, կենաքի նոր հնարաւորութիւններու փնտռտուքով։

«Պարոն նախագահ լաւապէս կը ճանչնամ այս երկրին կառավարիչներուն յանձնառումը որոնք տարիներէ ի վեր կը ջանան ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որպէսզի երիտասարդները ստիպուած չ՛ըլլան գաղթականութեան ուղիին դիմելու եւ ասոր համար է որ կ՛ուզեմ ձեզ քաջալերել, յարատեւելու այդ ուղղութեամբ, երիտասարդներուն երաշխաւորելով ապագային համար պատշաճ պայմաններ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կոչ ուղղեց աչքերը, սրտերն ու ձեռքերը չի փակելու անոր որ կը բախէ իրենց դռան։

«Ձեր երկիրը միշտ ալ յատկանշուեցաւ որպէս արեւելքի ու արեւմուտքի միջեւ կամուրջ, կարող սատարելու մշակոյթներու, ցեղերու, քաղաքակրթութիւններու ու կրօններու միջեւ հանդիպումին...։ Թող որ այս հողամասը կարողանայ իր զաւակներուն պարգեւէ յոյսի ապագայ մը, Աստուած օրհնէ Պուլկարիան, զայն պահպանէ խաղաղ ու հիւրընկալ ու դարձնէ բարգաւաճ եւ երջանիկ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2019, 10:34