Իտալիայի մէջ  գտնուող արտասահմանեան մամուլի ընկերակցութեան անդամները Վատիկանի մէջ Իտալիայի մէջ գտնուող արտասահմանեան մամուլի ընկերակցութեան անդամները Վատիկանի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Իտալիայի մէջ գտնուող արտասահմանեան մամուլի ընկերակցութեան անդամներուն ուղղած ճառը։

Մենք պէտք ունինք ազատ մամուլի, որ կը ծառայէ ճշմարտութեան, բարիին ու արդարութեան, մամուլ որ կը սատարէ կառուցելու հանդիպման մշակոյթը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 18 մայիս 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունելով Իտալիայի մէջ  գտնուող արտասահմանեան մամուլի ընկերակցութեան չորս հարիւր անդամները, անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, գնահատանք յայտնեց անոնց կատարած աշխատանքին համար, հաստատելով «Եկեղեցին եւս կը գնահատէ ձեզ, ու այս կ՛ընէ նաեւ երբ դուք ձեր մատը կը դնէք վէրքին վրայ, ու նոյնիսկ երբ այդ վէրքը կը գտնուի եկեղեցական հասարակութիւնէն ներս»։

Ունկնդրէ լուրը

«Ձեր աշխատանքը թանկագին է որովհետեւ կը սատարէ հետապնդելու ճշմարտութիւնը եւ միայն ճշմարտութիւնն է որ մեզ ազատ կը դարձնէ» յարեց Քահանայապետը, մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին, 31 տարիներ առաջ, ընկերակցութեան կեդրոն կատարած այցելութեան առթիւ խօսքը. «Եկեղեցին ձեր կողքին է։ Քրիստոնեայ թէ ոչ, Եկեղեցւոյ մէջ պիտի գտնէք միշտ ձեր աշխատանքին ուղիղ գնահատումը եւ մամուլի ազատութեան երաշխաւորումն ու ճանաչումը» (17 Յունուար 1988)։

«Ձեր աշխատանքը անփոխարինելի է ու այս մէկը ձեզի մեծ պատասխանատուութիւն մը կը յանձնէ. Ձեզմէ կը պահանջէ յատուկ խնամք տանիլ ՝ յօդուածներուն մէջ օգտագործած բառերուն, ընծայած նկարներուն եւ ընկերային ցանցերու մէջ բաժնեկցած ձեր մտքերուն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խրախուսեց ներկաները գործելու ճշմարտութեան եւ արդարութեան հիման վրայ, որպէսզի հաղորդակցութիւնը ըլլայ՝ կառուցումի եւ ոչ թէ կործանումի գործիք, հանդիպումի եւ ոչ թէ բախումի, երկխօսութեան եւ ոչ մենախօսութեան, կողմնորոշումի եւ ոչ թէ աղաւաղող, հասկացողութեան եւ ոչ թէ դիւրիմացութեան գործիք. Ապա՝ խաղաղութեան մէջ քալելու եւ ոչ թէ ատելութիւն սերմանելու, ձայն տուող անոնց որոնք ձայն չունին ու ոչ թէ բարձրախօս մը՝ անոնց որոնք բարձրաձայն կը գոռան»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա ընկերակցութեան կեդրոնի հասցէին որ կը գնուի « umiltà – համեստութիւն – հեզութիւն» պողոտայի վրայ, ու ասկէ  մեկնելով շեշտը դրաւ այդ առաքինութեան վրայ, որ՝ ըսաւ Սրբազան Պապը, հիմնական տարր մըն է ձեր մասնագիտական աշխատանքին մէջ»։

«Ամէնքս գիտենք թէ որքան դժուար է ու որքան համեստութիւն կը պահանջէ ճշմարտութեան փնտռտուքը։ Եւ գիտենք թէ որքան ալ դիւրին է շատ հարցեր չի տալ, գոհանալ առաջին պատասխաններով, մակերեսային երեւոյթով…» յարեց Քահանայապետը հաստատելով որ համեստ լրագրող չի նշանակեր ըլլալ միջակ կամ ձախող լրագրող, այլ գիտակից լրագրող մը՝ որ գիտէ թէ իր աշխատանքով կարող է բարիք ընել, բայց նաեւ չարիք,  երբ ուշադիր ու բծախնդիր չէ։

Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց յաճախ լոյս տեսած յօդուածներու վերնագիրերուն, որոնք սխալ կը ներկայացնեն իրականութիւնը, բայց յաճախ ալ կը կործանեն էութիւններ։ Դուք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, պէտք է միշտ ի միտ ունենաք ձեր տրամադրութեան տակ դրուած գործիքին ուժը ու դիմադրել լուր մը հրապարակելու փորձութենէն՝ երբ տակաւին բաւարար տուաելներ չկան անոր մասին։

«Հեզութիւնը մեզ կը մօտեցնէ իրականութեան եւ միւսներուն։ Հեզ, համեստ լրագրողը կը ջանայ լաւապէս ծանօթանալ  իրականութեան։ Ան չի բաւարարուիր հարմարաւէտ ներկայացումներով» նշեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրելով ներկաները «բառերը օգտագործել՝ այնպէս ինչպէս վիրաբոյժը նշտարը կը գործածէ» ինչպէս կ՛ըսէր լրագրողներու պաշտպան սուրբը՝ Սուրբ Ֆրանսուայ Տը Սալը, յատկապէս այս ժամանակահատուածին ուր սովորութիւն կայ միշտ աւելիով թշնամական բառեր օգտագործել, չարախօսել եւ վարկաբեկել ուրիշները ու կամ սուտ լուրեր տարածել։ «Հեզութիւնը արգելք կը հանդիսանայ ապատեղեկատուութեան փչացած ուտելիքը ծախելու ու քեզ կը հրաւիրէ ճշմարտութեան բարի հացը նուիրելու» դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով նաեւ որ հեզ, համեստ լրագրողը ազատ լրագրող է. Ազատ նախապաշարումներէ ու ասոր համար քաջ, որովհետեւ ազատութիւնը քաջութիւն կը պահանջէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ու իր տխրութիւնը յայտնեց այն լրագրողներուն համար որոնք տարիներու  ընթացքին իրենց կեանքը զոհեցին, մինչ պարզապէս յառաջ կը տանէին իրենց աշխատանքային պարտականութիւնը, այս ուղղութեամբ հաստատելով որ «մամուլի եւ արտայայտութեան ազատութիւնը կարեւոր չափանիշ մըն է երկրի մը առողջութեան իրավիճակը հասկնալու համար»։

«Մենք պէտք ունինք ազատ մամուլի, որ կը ծառայէ ճշմարտութեան, բարիին ու արդարութեան, մամուլ՝ որ կը սատարէ կառուցելու հանդիպման մշակոյթը։ Կարիքն ունինք լրագրողներու որոնք ըլլան զոհերուն ու հալածուածներուն կողքին, բացառուածին, անտեսուածին ու խտրականութեան թիրախի կողքին։ Պէտք ունինք ձեզի ու ձեր աշխատանքին. որպէսզի չի մոռցուին տառապանքները, որոնք յաճախ լուսարձակի տակ չեն դրուիր» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց նուիրական աշխատանքին համար, որ է նաեւ առաքելութիւն եւ որուն միջոցաւ «մեզ կ՛օգնէք չի մոռնալու կեանքերը՝ որոնք կը սպաննուին տակաւին չի ծնած, կամ անոնք որոնք կը մեռնին սովամահ, պատերազմի կամ խնամքի պակասի պատճառաւ, մանուկ զինուոր մանուկներու կեանքերը, չարաշահուած մանուկներունը ու նաեւ այն մարդիկն ու կիները որոնք կը հալածուին իրենց հաւատքին կամ ցեղային պատկանելիութեան համար։ Մեզ կ՛օգնենք չի մոռնալու որ անոնք որոնք իրենց երկիրը կը թողուն պարզապէս թիւ մը չեն, այլ դիմագիծ պատմութիւն ու երջանկութեան իղձ մըն են։

«Ազատ եւ խոնարհ լրագրողը կը ջանայ պատմել բարին, նոյնիսկ եթէ յաճախ չարը աւելի արձագանք կ՛ունենայ։ Բարութեան թաքուն ովկիանոս մը կայ, զոր կ՛արժէ ճանչցնել եւ որ ուժ կը պարգեւէ մեր յոյսին» հաստատեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները ըլլալու  յոյս ցոլացնող հայելի մը, մաղթելով նաեւ որ անոնք ըլլան ազատ այրեր եւ կիներ, որոնք պատմութեան մէջ լաւ հետքեր կը թողուն։

«Գիտեմ թէ ձեզմէ ոմանք հաւատացեալ չեն, առ այդ օրհնութիւնը կու տամ լռելեան, Աստուած օրհնէ բոլորը, բոլորիդ սրտերը» ըսաւ Սրբազան Պապը աւարտելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2019, 12:05