Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Իտալական Եկեղեցական Թանգարաններու ընկերակցութեան անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Իտալական Եկեղեցական Թանգարաններու ընկերակցութեան անդամներուն հետ 

«Եկեղեցական թանգարանները եկեղեցւոյ դիմագիծը կը ներկայացնեն» Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական Եկեղեցական Թանգարաններու ընկերակցութեան անդամներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 24 մայիս 2019-ի առաւօտեան ի շարս այլ հանդիպումներու, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական  պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց «Իտալական Եկեղեցական Թանգարաններու» ընկերակցութեան անդամներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Ընկերակցութիւնը  հիմնուած է 1996 թուականին, որպէս նպատակ ունենալով համադրել իտալիոյ տարածքին վրայ գտնուող եկեղեցական թանգարաններու գործունէութիւնները։

Ըստ տուեալներուն Իտալիոյ մէջ գոյութիւն ունին թեմական 105 թանգարաններ, որոնք ունին միեւնոյն առաքելութիւնը, այն է՝ «երեւելի դարձնել, դարերու հոլովոյթին,պաշտամունքի, քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցումի, մշակոյթի ու սիրոյ մէջ, եկեղեցւոյ ընթացքը», ինչպէս նշուած է 2001ին լոյս տեսած Եկեղեցական Թանգարաններու հայող շրջաբերականին մէջ։

Հանդիպման սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերակցութեան նախագահին իրեն ուղղած խօսքերուն համար, ապա նշեց թէ քիչ ետք՝ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ինք պիտի հանդիպի աւելի քան 5000 հագիէ բաղկացած պատուիրակութեան մը, ու թէ եթէ ինք այս առիթով պատրաստուած ճառը կարդայ, պիտի չի կարենայ ներկաները ողջունել, մինչ իր փափաքն է զանոնք ողջունել մէկիկ մէկիկ։

«Ասոր համար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ձեր նախագահին կը յանձնեմ ճառը ու կու գամ ձեզ ողջունելու մի առ մի, հուսկ հաւաքական նկար մը կ՛առնենք»

Մինչ ներկաներուն յանձնած գրաւոր ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձ կատարելով ընկերակցութեան գործունէութեան մէջբերեց  չորս տարիներ առաջ հրապարակած, հասարակաց տան խնամակալութեան հայող «Գովեալ Ըլլաս» իր շրջաբերականէն մէկ հատուածը, ուր կը հաստատէ թէ «պատմական, արուեստական ու մշակութային ժառանգութիւնը, բնական ժառանգութեան հետ միասին, սպառնալիքի տակ է։ Ան մաս կը կազմէ վայրի մը միասնական ինքնութեան ու հիմք է կառուցելու բնակելի քաղաք մը։ Հարկաւոր է ընդելուզել վայրի մը պատմութիւնը, մշակոյթը եւ ճարտարապետութիւնը, պաշտպանելով անոր  սկզբնական ինքնութիւնը եւ երկխօսութեան մէջ դնելով թեխնիքական ու ժողովրդական լեզուն։ Մշակոյթի հասկացողութիւն մը ոչ միայն անցեալի կոթողներով, այլ յատկապէս անոր կենսունակ, մասնակից ու կենդանի իմաստով»։

Ասոր համար, նշեց Նորին Սրբութիւնը, անհրաժեշտ է որ թանգարանը կապ պահէ ու յարաբերի տեղական իրականութեան հետ, համագործակցելով տեղական նմանօրինակ իշխանութիւններուն հետ, օգնելով անձերը մասին ապրելու, որովհետեւ եկեղեցական թանգարանները իրենց բնոյթով կոչուած են խթանելու հանդիպումն ու երկխօսութիւնը»։

Արդարեւ արուեստական գործերը եւ տարբեր մշակոյթներու ու ապրելակերպի յիշողութիւնը  մեզ կը դարձնեն մարդկայնութեան մէջ իրարու եղբայրներ եւ քոյրեր»։

Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց ապա թանգարաններու առաքելութեան կարեւորութիւնը ու գնահատեց ներկաներուն աշխատանքը, հաստատելով որ «թանգարանները որոնց մէջ կը գործէք կը ներկայացնեն եկեղեցւոյ դիմագիծը, անոր արուեստական ու արհեստական պտղաբերութիւնը, անոր կուչումը հաղորդելու պատգամ մը՝ որ Աւետիս՝ բարի լուր է», յարեց նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ այդ աւետիսը վերապահուած չէ միայն քիչերուն այլ բոլորին։

Գրաւոր ճառին աւարտին Սրբազան Հայրը հրաւէր ուղղեց բոլոր ներկաներուն քալելու սրբութեան ճանապարհին վրայ «որովհետեւ, գրեց Ան, Սրբութիւնը Եկեղեցւոյ իսկական գեղեցկութիւնն է։ Ան իմաստ կու տայ եւ լիապէս կ՛արժեւորէ ձեր ծառայական աշխատանքը ի նպաստ Եկեղեցւոյ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2019, 12:10